Չորեքշաբթի, Մայիս 8, 2024

Շաբաթաթերթ

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն

Առ ի գիտութիւն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Սփիւռքի Հայ Համայնքներուն՝ կը փափաքինք տեղեկացնել թէ կազմուած է «Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Գրիգոր Սաթամեան Թատերախումբի Հիմնադրամ»-ի՝ վարչութիւն մը, Ատենապետութեամբ գաղութիս սիրուած եւ յարգուած բարերարներէն Տիար Նազարէթ Գեւոնեանի։

Այս հիմնադրամի հասոյթը պիտի յատկացուի այն հայ ուսանողներուն որոնք կը փափաքին իրենց համալսարանական ուսումով  մասնագիտութիւն ստանալ թատրոնի կամ թատերական արուեստին մէջ եւ յետագային ծառայելով  հայ մշակոյթի տարածման ու բարգաւաճման։

Թատրոնը շատ կարեւոր դեր ունի մեր մշակութային կեանքին մէջ, ի մասնաւորի հայապահպանումի առնչութեան։ Մեր ազգային պատմութեան մէջ թատրոնը ի գոյ էր Քրիստոսէ առաջ, Հայոց Արտաւազդ  Թագաւորի օրով։

Կարելի չէ ուրանալ թատրոնի կարեւորութիւնը, քանզի թատրոնի գոյութեամբ վառ կը պահուի հայ լեզուն եւ մշակոյթը որոնք անհրաժեշտ են գաղութիս գոյատեւման այս օտար ափերուն։ Կը փափաքինք տեղեկացնել թէ արդէն իսկ եղած են տուրքէ զուրկ նուիրատուութիւններ այն անձերուն կողմէ որոնք կը հաւատան թատրոնի կարեւոր դերին՝ մեր մշակութային ժառանգի պահպանման համար։

Անոնք որոնք կը փափաքին մասնակցիլ սոյն հայանպաստ ձեռնարկին, թող բարեհաճին զանգահարել ՀԲԸ Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Փասատինայի գրասենեակը հետեւեալ թիւով, (626) 794-7942 կապ պահելով Տիկ․ Ազնիւ Սապունճեանի կամ Պրն․ Հրանդ Վարձպետեանի հետ, Երկուշաբթիէն – Ուրբաթ օրերը ժամը 9-5։

Կանխայայտ շնորհակալութեամբ,
Հիմնադրամի Վարչութիւն
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ