Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Մայք Յակոբեանի Ճամբորդութիւնը Գիծերու, Ձեւերու եւ Գոյներու Ընդմէջէն

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Նախաբան

2018-ին հրատարակուած Մայք Յակոբեանի վերոյիշեալ գիրքը (A Journey along lines, forms and colors) կը բաղկանայ 184 էջերէ (տես նկարը)։ Հոն մենք կը տեսնենք իր ապրումները, յուզումներն ու երազները արտացոլացնող գունաւոր իւղանկարներ՝ երեք միջավայրերէ ուր ապրած է ան ու ներշնչուած անոնց գեղեցկութենէն։

Իր ծննդավայր Լիբանանը, ժամանակ մը ապրած Ֆրանսայի Մարսէյլ  քաղաքն ու վերջնականապէս բնակութիւն հաստատած Մեծն Լոս Անճելըսը՝ կորիզը կը կազմեն իր նկարչական ստեղծագործութիւններուն։

Մայք Յակոբեանի նկարներուն ընդմէջէն (տես նկարը) կարելի է հաստատել որ անոր սիրտին մէջ կեդրոնական տեղ կը գրաւեն իր ընտանիքը, ապրած միջավայրը եւ անշուշտ ազգն ու հայրենիքը՝ իր ցաւերով եւ երկար ժամանակի վրայ խարսխուած տուայտանքներով։

1. Ազգ ու Հայրենիք

Բաւ է դիտել Օսմանցի մարդասպանը (էջ 95), Հայկական գահատոհմերու անկումը (էջ 97), 1988-ի Հայաստանի երկրաշարժը (էջ 139), Հայկական պարը (էջ 162),  Սայաթ Նովան ու իր քամանչան (էջ 79), Աշուղ Ջիւանին ու իր «Ձախորդ Օրերը» (էջ 93) եւ Հայաստանի անկախութեան տօնակատարութիւնը (էջ 136), որպէս ապացոյց իր ազգասիրութեան եւ հայրենասիրութեան։

Դիտեցէք 97րդ էջի վրայ գտնուող «Հայկական գահատոհմերու անկումը» ներկայացնող նկարը եւ պիտի տեսնէք թէ ամէն ինչ խորհրդանշական է հոն՝ թագադիր թագաւորին գլուխը մէկ կողմ եւ պետականութիւնը ներկայացնող արծիւը, միւս կողմ։ Սա անջատումը ինքնին՝ թագաւորութեան անկումին ապացոյցն է։

2. Ընտանիք

Ուրիշ բնագաւառ մը որ Մայք ընտրած է որպէս պաստառ իր զգացումներու արտայայտութեան՝ իր ընտանիքի անդամներն են։ Հայրը (էջ 69), մայրը (էջ 71) եւ եղբայրը ( էջ 73)։ Իսկ ամբողջացնելու համար իր ընտանեկան ալպոմը, անշուշտ բնական է որ իր ինքնադիմանկարն ալ (էջ 99) ըլլայ հոն։

Յակոբեանի դիմանկարները այնքան հարազատ են՝ իրենց խօսուն արտայայտութիւններով, որ կարծես իրապէս դէմդ նստած են եւ պատրաստ՝ զրուցելու հետդ . . .

3. Միջավայր եւ Բնութիւն

Միջավայրի եւ անոր բնութեան պաստառները կը ներկայացնեն հոն ուր Յակոբեան ապրած է՝ Լիբանան, Ֆրանսա եւ Միացեալ Նահանգներ։

Լիբանանէն մի քանի իւղանկարներ`ի միջի այլոց, յատկանշական են՝ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը (էջ 124), վասն Լիբանանի սիրոյն (էջ 125) եւ «Շուն» կոչուած գետը (էջ 60): Վասն Լիբանանի սիրոյն իւղանկարը կը ներկայացնէ «Պուրճ»-ի հրապարակը՝ քաղաքացիական պատերազմէն առաջ։

Յակոբեան որքան կապուած է իր հայրենիքին՝ նոյնքան ալ կապուած է իր ծննդավայր Լիբանանին, որուն քաղաքացիական պատերազմը պատճառ դարձաւ որ ան՝ իր ընտանիքին հետ միատեղ, վերջնականապէս հեռանայ հոնկէ եւ հաստատուի հեռաւոր ամերիկայի մէջ։

Ան ամերիկայի մէջ շարունակեց զարկ տալ եւ նոյնիսկ աւելի ծաղկեցնել գեղանկարչական իր արուեստը եւ ահա գիրքի մը մէջ ան պարփակեց իր ստեղծագործութիւնները, որոնք գնահատուեցան թէ արուեստի քննադատներու եւ թէ ալ արուեստասէր հասարակութեան կողմէ։

Ֆրանսայի իւղանկարները կը ներկայացնեն մեծաւ մասամբ Մարսէյլ քաղաքը, ուր կ՛ապրէր Մայքի քոյրը եւ ուր յաճախ այցելութեան կ՛երթայ Մայք։

Դիտեցէք Մարսէյլ քաղաքը ներկայացնող իւղանկարներէն ձկնորսներու տեսարանը (էջ 65), հին նաւահանգիստը (էջ 41), նեղ փողոց մը՝ Մարսէյլի շրջակայքէն Գասիսի մէջ (էջ 77) եւ վերջապէս քաղաքի նշանաւոր եկեղեցին ( Notre-Dame De La Garde, էջ 84), որ կը գտնուի բարձր բլուրի մը վրայ։

Կարծես կապոյտ ծովն ու հին փողոցները հրապուրած են Յակոբեանը, որուն իւղաներկերուն մէջ յաճախ կը հանդիպինք անոնց՝ ըլլայ Լիբանանի, Ֆրանսայի թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ։

Գալով ամերիկային, բնական է որ Յակոբեանի իւղանկարները արտացոլացնեն արեւմտեան ափի քաղաքները, ուր ան հաստատուած է եւ կը գործէ։

Դիտեցէք Colorado կամուրջը (էջ 59), որ կը գտնուի Փասատինա քաղաքին մէջ եւ որ ժամանակին նշանաւոր դարձած է որպէս ինքնասպանութեան վայր։ Յաջորդը՝ San Gabriel գետն է (էջ 62), որ մեծ գետ մը չէ եւ ամառները կը չորնայ։ Հուսկ ապա դիտեցէք Sunny California (էջ 89) իւղանկարը, որը յատկանշական է հոն տեղաւորուած «Գալիֆորնիան մի՝ աղտոտէք» ցուցատախտակով։

Այս բոլորէն զատ կան նաեւ շատ մը իւղանկարներ տարբեր բնագաւառներ ներկայացնող։ Օրինակ՝ պտղամանը (էջ 87), ծաղկամանը (էջ 91) եւ ջութակ նուագող միմոսը (էջ 96)։ Այս վերջինը՝ ըստ ինծի, կը ներկայացնէ Յակոբեանի սուր երեւակայութիւնը, ուր միմոսի դէմքը միայն (աչք, քիթ եւ բերան) կը գտնուի ջութակին վրայ։ Մէկ խօսքով՝ ջութակն ու միմոսը գիրկընդխառնուած են իրար մէջ, ստեղծելով հաճելի նորութիւն մը։

Յակոբեանի բոլոր իւղանկարները յատկանշական են գոյներու ներդաշնակութեամբ եւ պատկերներու հարազատութեամբ։ Իսկ նկատելի է նաեւ այն հանգամանքը որ դիմանկարներէն զատ մարդոց դէմքերէն չգոյ են անոնց բնորոշիչ աչքերը, քիթերն ու բերանները։ Բայց ինչո՞ւ, որովհետեւ արուեստագէտը կ՛ուզէ որ դիտողը ամբողջացնէ զայն՝ ըստ իր երեւակայութեան եւ այդ դէմքին իր վրայ ձգած տպաւորութեան։

Եզրակացութիւն

Իւրաքանչիւր արուեստագէտ իր ներաշխարհի զգացումները արտայայտելու ինքնուրոյն ձեւ մը ունի։ Կան արուեստի զանազան դպրոցներ՝ ինչպիսին են տպաւորապաշտականը (impressionist), վերացականը (abstract), գերիրապաշտականը (surrealist) եւ խորհրդանշականը (symbolic)։ Մայք Յակոբեանի արուեստը ունի այդ դպրոցներուն յատկանիշները՝ սակայն առանձինն ոչ մէկուն կը պատկանի, այլ կարծես անոնց համախմբումով՝ ստեղծած է իր անձնական դպրոցը։

Ուրախ եմ յայտնելու որ յառաջիկայ Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին՝ որ ընդունուած է որպէս «Մշակոյթի Ամիս», տեղի պիտի ունենայ վերոյիշեալ գիրքի շնորհանդէսը,  Մայք Յակոբեանի իւղանկարներուն ցուցահանդէսը եւ իր յօրինած երգերուն փառատօնը, կազմակերպութեամբ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Փասատինա-Կլէնտէյլ Մասնաճiւղին։ Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, հետեւեցէք մամուլի յայտարարութեանց։

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ