Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Թանկագին Ընկեր՝ Անդրանիկ Աֆարեանի Բարի Յիշատակին

Մահագրական

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան մեր շրջանակը, վերջերս քանի մի ցաւալի կորուստներ ունեցաւ։

Մեզմէ յաւէտ բաժնուեցան քանի մը վաստակաւոր ընկեր – ընկերուհիներ, որոնցմէ մինն էր ՌԱԿ-ի «Կրկնակի Վեթերան Անդամ», քրիստոնէական մաքրամաքուր ոգիով օժտուած, հաւատարիմ ամուսին, երեք զաւակներու (Տիրան, Ռաֆֆի եւ Արա) գորովագութ հայր, մեծ հայր, եղբայր եւ ազգային հասարակական բեղուն գործիչ՝ Ընկ. Անդրանիկ Աֆարեան, խոր ցաւ պատճառելով իր ընտանիքի անդամներուն, գաղափարի ընկերներուն եւ հարազատներուն։

Ընկ. Անդրանիկ Աֆարեան ծնած է 8 Ապրիլ, 1933 թուականին Ատիս Ապապա, Եթովպիա, առաջին զաւակն է Տիրան եւ Սիրանուշ Աֆարեաններուն։

1939-ին Եթովպիոյ քաղաքական անապահով պայմաններուն պատճառաւ, Աֆարեանները Լիբանան կը փոխադրուին։

1954 թ. ողբ. Անդրանիկ կը կորսնցնէ իր հայրը։ Որպէս աւագ զաւակ՝ իր կրտսեր եղբօր եւ քրոջը հետ կ՚աշխատին իրենց ընտանիքի օրապահիկը եւ ծախսերը հոգալու համար։ Ան ընկերութեան մը մէջ կ՚աշխատի, ուր հոն կը սորվի շինարարական նախագիծերու գծագրութիւնը (Draftsman)։

1975-ին Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն իր զաւակներուն ապահովութեան համար, ԱՄՆ կը փոխադրուի։ Կը գործէ Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանի Water and Power բաժանմունքի մէջ, որպէս Draftsman։ 20-25 տարի գործելէ ետք, հանգստեան կը կոչուի։

Ընկ. Աֆարեան փոքր տարիքէն եղած է ազգային կեանքին մէջ։ Ան իր նպաստը բերած է ազգային ծով կարիքներուն։ Եղած է Հայ Աւետարանական Համայնքի գործող անդամներէն, եղած է Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատանեկան եւ երիտասարդական շրջանակին մէջ, իր քեսապցի ծնողքին Քեսապ Ուսումնասիրաց Միութեան անդամ, Թէքէեան Մշակութային Միութեան անդամ եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անդամ, իսկ ԱՄՆ հասնելուն պէս, տակաւին գործ, տուն, տեղ չդասաւորած մաս կազմեց Հ.Բ.Ը.Միութեան, Թէքէեան Մշակութային Միութեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ու մինչեւ իր մահը միշտ պատրաստ էր իր անփոխարինելի նպաստը բերելու, մանաւանդ գանձապահի պաշտօնով։

Մենք ողբ. Անդրանիկ Աֆարեանին հետ ԹՄՄ-ի Պէշկէօթիւրեան կեդրոնի Խնամակալ Մարմնի Վարչութեան մէջ քսան տարի ծառայած ենք։ Ոչ միայն իր բարի եւ քաղցր բնաւորութեան շնորհիւ, այլ իր խիստ հաճելի բնաւորութեամբ դրական մթնոլորտ մը կը ստեղծէր ժողովի ընթացքին։

Ոչ ոքի նսեմացնող, քննադատող կամ արժանիքները անտեսող բառ մը կամ խօսք մը լսած ենք, մեր տարիներու աշխատանքի ընթացքին։ Ընկերային ձեռնարկներու իր շէն ու շէնշող ներկայութեամբ կը շէնացնէր մթնոլորտը։

Արդարեւ Ընկ. Անդրանիկ Աֆարեան մարդկային ամենաբարի առաքինութիւններով օժտուած անձ մըն էր, որուն յիշատակը երկար պիտի ապրի ոչ միայն իր արժանաւոր զաւակներուն եւ թոռնիկներուն մօտ, այլ զինք ճանչցող բոլոր ծանօթներուն եւ գաղափարի ընկեր-ընկերուհիներու սրտին ու մտքին մէջ։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հողը թեթեւ գայ վրադ, ընկեր բարի եւ յարգարժան։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ