Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

Ողբ. Վահրամ Վարդապետեանի Քաղցր Յիշատակին

Մահագրական

ԺԱՆԷԹ Վարդապետեան

Վահրամ Վարդապետեան ծնած է Յունուար 1, 1937-ին Պէրութ, Լիբանան։ Հազիւ հինգ տարեկան հասակին կը կորսնցնէ հայրը եւ մայրը։ Վահրամ եւ չորս տարեկան եղբօրը հետ կը մնան իրենց մեծ մօր խնամակալութեան ներքեւ։ Մեծ մայրը Ցեղասպանութենէն փրկուած, ծայր աստիճան չքաւոր  վիճակ մը ունէր։

Ժամանակի ընթացքին Վահրամը իր եղբօր հետ գործի կը սկսին կօշկակարի մը մօտ իրենց ապրուստը հոգալու համար, ժամանակ մը ետք իրենց վիճակը կը բարելաւուի եւ ապրած խրճիթէն կը փոխադրուին աւելի բարեկեցիկ տան մը մէջ Նոր Կիլիկիա շրջանը։ Գործի մէջ մեծ յաջողութիւն կը գտնէ ապա կը փոխէ իր արհեստը եւ կը սկսի առեւտուրով զբաղուիլ։

1963-ին կ՚ամուսնանայ Ժանէթ Գարավերտեանի հետ եւ կը բախտաւորուին չորս զաւակներով՝ Արշօ, Անի, Յասմիկ եւ Վարդան։ Ժամանակ մը ետք իր գործին մէջ մեծ յաջողութիւն կը գտնէ, եւ կը սկսի օգնել իր բոլոր հարազատներուն, նուիրատուութիւններ կը կատարէ բարեսիրական հաստատութիւններուն, Կարմիր Խաչին, եւլն.։

1978-ին Լիբանանի պատերազմի ժամանակ գիւղերէն հաց եւ բանջարեղէն կը բերէր եւ կը բաժնէր թաղի բոլոր ծանօթներուն։

1988-ին Պէյրութի պատերազմին պատճառով ընտանեօք կը փոխադրուին Միացեալ Նահանգներ, սակայն մի քանի ամիս ետք ինք կրկին կը վերադառնայ Լիբանան, տարին մի քանի անգամ կու գար այցելելու իր ընտանիքը Ամերիկայի մէջ։

2005 թուականին վերջնականապէս կը հաստատուի Ամերիկա, վայելելով իր զաւակները եւ թոռնիկները։

Սրտի անհանգստութեան պատճառով շատ տառապեցաւ… երազն էր Պէյրութ վերադառնալ եւ հոն հաստատուիլ վերջնական, սակայն դժբախտաբար Յունուար 19, 2022-ին իր մահկանացուն կը կնքէր։

Սիրելի Վահրամ թող Աստուած երկնքի արքայութեան արժանի ընէ հոգիդ, իսկ ընտանեկան պարագաներուդ ալ Սուրբ Հոգիով մխիթարութիւն տայ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ