Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Ապագայի Աշխատանքներ

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Ինչպիսի՞ վաղուայ աշխատանքային ընթացքներ (careers)  ընտրել ձեր զաւկին համար այսօր, երբ աշխարհ ուղղուած եւ ընթացքի մէջ է նորանոր աշխատանքային զարգացումներու եւ փոփոխութիւններու ճանապարհին:

Պահ մը պատկերացուցէք 19-րդ դարու հացահատիկներու բերքահաւաքի ձեռային գործիքներէն սկսեալ մինչեւ այսօրուան մեքենական գործիքներու զարգացումը քայլ առ քայլ, ձեռքի մանգաղէն սկսեալ մինչեւ այսօրուան ինքնակառավար փորող, ցանող, պարարտացուցիչ սփռող, ոռոգիչ, քաղհան կամ բերքահաւաք մեքենաները, որոնց վարիչները այսօր նաեւ իգական սեռի կը պատկանին եւ հեշտօրէն կը ղեկավարուին արուեստական գիտութեամբ, (computers):

Ժամանակին, մօտ երկու հարիւր տարի առաջ, հարիւրաւոր աշխատաւորներու կարիքը կար երկրագործութեան ասպարէզին մէջ, մէկ դաշտի համար: Ժողովուրդներու կեանքի ապրուստի մատակարարման համար հարկաւոր էր ժողովուրդի 50 տոկոսի երկրագործական աշխատանքին արդիւնքը: Իսկ այսօր, այդ աշխատանքները կը կատարուին թուայնացած եւ արուեստագիտական սարքերով օժտուած մեքենաներով, (Robots), նուազագոյն աշխատաւորներու թիւով :

Պարագան նոյնն է ինքնաշարժներու գործարաններուն, երկրագործական, Ֆիլմերու արտադրական, բժշկական, սննդեղէնի, հագուստեղէնի եւ երեւակայութեան զարկ տալով՝ համայն կենցաղային անհրաժեշտ պիտոյքներու արտադրութեան, անոնց հասանելիութեան եւ սպառումի միջոցներուն, որոնք այսօր դարձած են թուայնային մեքենաներով ղեկավարուած շրջապատ:

Կարելի է հետեւիլ Միացեալ Նահանգներու մէջ ծնունդ առած ինքնաշարժ արտադրող ընկերութիւններու պատմականին, 20-րդ դարէն սկսեալ մինչեւ այսօր, եւ տեսնել այնտեղ եղած զարգացումներն ու փոփոխութիւնները, մարդկային ոյժէն դէպի մեքենական ոյժի կիրարկումը: Իսկ Եւրոպայի մէջ Գերմանական (Volkswagen) ինքնաշարժներու ընկերութիւնը, ըլլալով գլխաւոր բաժնետէրը ընկերութեան մը, որ ո՛չ միայն նշուած մակդիրի ինքնաշարժ կ՝արտադրէ, այլ նաեւ (Porsche, Audi, Skoda, Seat, Bently, Bugatti, Lamborghini, Scania, Man, Ducati) եւ շատ հաւանաբար այլ արտադրութիւններ, որոնք ողողած են աշխարհի չորս ծագերը: Տասնեակ տարիներ առաջ, նոյն ընկերութիւնը սկսած էր արդէն գործադրութեան դնել մարդ մեքենաները (ռօպաթները)  ինքնաշարժներու արտադրութեան գործարաններուն մէջ, այդպիսով առաւել եւս նուազեցնելով մարդկային ոյժի կարիքը:

Ամազոնի եւ իր նման հսկայ ընկերութիւններու մօտ պահ դրուած ապրանքներու ամբարներու ստուգումը, տեղադրումը եւ բաժանումը, այսօր կը կատարուին ռօպաթներով, հասնելու համար բնակարանները մարդկային աշխատանքով՝ տակաւին: Փորձ մը կատարուեցաւ նոյնիսկ անօդաչու սարքերով հասցնել զանոնք բնակարաններուն, սակայն այդ միջոցը տակաւին հետազօտութեան ենթակայ է:

«Քորոնա» ժահրը կարծէք պատրուակ դարձաւ աշխարհի մէջ արուեստագիտական եւ թուայնացման  յեղափոխութեան կիրարկման համար, կենցաղային բոլոր ոլորտներուն մէջ:

Երբ արգիլուեցաւ ճաշարաններու յաճախումը, մարդիկ պարտադրաբար ստեղծեցին այլ միջոցներ, սննդեղէն պատրաստելու եւ տեղ հասցնելու համար: Նոյն այն մեծ ու փոքր ճաշարաններն ու ընկերութիւնները, առաւել եւս նորաստեղծ ընկերութիւններ ինչպէս՝ Grubhub, Hungrybox, Califit, califresh, Ebay, Uber, Lyft, Fed Ex եւ հարիւրաւոր սննդեղէն մատակարարող եւ փոխադրող ընկերութիւններ սկսան  իրենց միջոցներով սնունդ հասցնել բնակարանները: Այն ընկերութիւնը որ կարողացաւ քայլ պահել այդ զարգացումին հետ, յաջողեցաւ դիմանալ եւ շարունակել իր գոյութիւնը: Շատ շատեր սակայն կործանեցան բազմացնելով անգործ աշխատաւորներու թիւը որ օր ըստ օրէ կը բազմանար ո՛չ միայն ատոր պատճառով:

Դրամատան գործունէութիւնները նոյնպէս դարձան թուայնային, հազուագիւտ դրամատան  այցելութիւններու կարիքով: Քրէտիթ, տէպիթ կամ այլ քարթեր, որոնք կը հեշտացնէին  առեւտուրը առանց կանխիկ դրամ պահելու կամ վերցնելու, այժմ առաւել եւս հեշտացան առեւտրային միջոցները, հասանելի դառնալով ձեռային հեռախօսներու ընդմէջէն:

Այսօր, երբ մեր ապրած շրջապատը կը դիտենք, կը նշմարենք վերոյիշեալ փոփոխութիւնները որոնք արագավազ կ՝ ընթանան յառաջ, մեր նոր սերունդին հեշտութեամբ հասանելի, բայց ո՛չ մեզի: Մեր զաւակները շատ հաւանաբար արդէն իսկ ընտելացած են այդ փոփոխութիւններուն եւ ենթարկուած անոնց: Սակայն անոնցմէ շատերը կորսնցուցած են իրենց աշխատանքները նոյն այդ զարգացումներուն հետեւանքով: Ուստի՝ մտահոգութիւն պատճառելու կարգով, պահ մը ի խոհ դնելու է ծնողներուն պարտականութիւնը այս ուղղութեամբ, ուր պարտին իրենց զաւակներուն ապագայի արհեստները, աշխատանքները եւ զբաղմունքները ապահովել նորանոր աշխատանքներով եւ ստեղծուած պայմաններով, զանց առնելով հինումաշ եւ վերացած աշխատանքները:

Կան սակայն աշխատանքներ որոնք բնաւ զանց պիտի չ՝առնուին, այնքան ատեն որ մարդիկ կարիքը պիտի ունենան մարդկային հպումին եւ անոր աշխատանքի արդիւնքին: Կրնանք օրինակներ տալ այդ ուղղութեամբ ինչպէս՝ հիւանդապահներ, հոգատարներ, դեղորայքի, սննդեղէն հայթայթողներ եւ պատրաստողներ, նորոգութեամբ (բոլոր մարզերու մէջ) զբաղած անձիք, կարգ մը ուսուցման մարզերու, շինարարական, գործարաններու եւ այլ զանազան մարզի անձիք որոնց ձեռային աշխատանքը անհրաժեշտ է բոլոր կենցաղային մարզերուն մէջ:

Պիտի չէզոքացուին այն աշխատանքները որոնց կարիքը փոխարինուած պիտի ըլլայ ռօպաթներով կամ  քօմբիւթըրներով, նոյնիսկ՝ կարգ մը անսպասելիները, որոնք պիտի փոխարինուին միայն մասնագէտներով: (Այստեղ չենք փափաքիր նշել զանոնք, թողելով  ընթերցողի հայեցողութեան):

Այսօր երբ կը նշմարէք Միացեալ Նահանգներու մէջ անգործներու եւ անտունիներու աճը, մօտ 200 հազար Գալիֆորնիոյ մէջ, պիտի անդրադառնանք թէ անոնց պատճառներէն գլխաւորը՝ վերոյիշեալ փոփոխութիւններն են: Իսկ այդ անձիք որոնք չեն կարողացած շաղուիլ նոր շրջապատի պահանջքներուն մէջ, կը մնան անտուն, բազմացնելով թմրանիւթով, հոգեկան հիւանդութիւններով տառապողներուն, ոճրագործերուն եւ աւազակներուն թիւը, Գալիֆորնիոյ փողոցները վերածելով քաոսային կարգավիճակի:

Հայ ծնողք: Պահն է այսօր՝ խոր մտածելու զաւկիդ ապագային մասին: Ընտրել անոր այն աշխատանքը որ զինք պիտի նաւարկէ այսօրուան կամ վաղուան փոթորկոտ ծովուն մէջ, եթէ անշուշտ ան արդէն իսկ ընտրած չէ այդ մասնագիտութիւնը:

Շատ հեշտութեամբ կարելի է հետեւիլ պահանջեալ նոր արհեստներուն, կայքէջի էջերով:

Կամայ թէ ակամայ, այս է ապագան:

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ