Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Յո՞ Երթաս, Ամերիկա …

Ամերիկեան Բարքեր

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Անպատշաճութեամբ եւ Մասամբ Նորին . . .

Գիտենք որ ամերիկան նորաձեւութեանց եւ տարօրինակութեանց երկիր է, սակայն ամէն ինչ պէտք է չափ ու սահման ունենայ՝ չէ՞ք խորհիր։

Ես կը խորհիմ որ չափն ու սահմանը յատկապէս պէտք է պարտադիր ըլլայ պետական շրջանակներէ ներս, որովհետեւ այդ պաշտօնակատարները կը ներկայացնեն ամերիկան եւ կ՛արտացոլացնեն ամերիկեան կենցաղն ու բարքերը։

Պարզ ամերիկացիին համար ներելի է արտասովոր կերպով արտայայտուիլը, որովհետեւ այդ կը բխի խօսքի ազատութենէն՝ որ իրեն շնորհուած է երկրի սահմանադրութեան կողմէ։ Բայց պետութիւնը ներկայացնողները պէտք է ըլլան աւելի զուսպ եւ պահպանողական իրենց արտայայտութեանց մէջ։ Հիմա խօսինք օրինակներով։

Pete Buttigieg՝ նախկին քաղաքապետը Ինտիանա նահանգի South Bend քաղաքին, միասեռական մըն է։ Ան 2020 թուականին՝ նախագահական ընտրութեանց թեկնածու էր, Ռամկավար կուսակցութեան կողմէ։

Անոր կողակիցն է (տես նկարը) Chasten անունով մի ոմն, իսկ անոնք միասնաբար որդեգրած են երկու զաւակներ՝ մանչ մը եւ աղջիկ մը։

Այսքանը շատ լաւ, բայց եկուր տես որ Նախագահ Պայտըն՝ 3 Փետրուար 2021-ին, զինք նշանակեց Փոխադրութեանց Նախարար։ Եղբայր, ուրիշ մէկը չկա՞ր որ արժանի ըլլար այդ պաշտօնին՝ չեմ հասկնար։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ ինծի համար խորթ կը թուի այս նշանակումը եւ անպատշաճ . . . 

Ուրիշ աւելի նողկալի օրինակ մըն է հետեւեալը։ Սէմ Պրինթըն Պոսթոնի նշանաւոր MIT համալսարանէն վկայուած է որպէս միջուկային ուսմանց ճարտարագէտ (Nuclear Engineering):

Հիմա ան 2021 թուականին նշանակուած է որպէս Փոխ-Օգնական Նախարար՝ միջուկային ուժականութեան (Nuclear Energy) բաժանմունքին մէջ: Է՜հ, ի՞նչ է ասոր տարօրինակութիւնը՝ պիտի ըսէք։

Բայց դիտեցէք հետեւեալ նկարը եւ պիտի տեսնէք թէ ան transgender մըն է։ Այսինքն՝ թէեւ մարդ է, բայց ինքզինք կին կ՛զգայ եւ կնոջ նման կը հագուի . . .

Սա կը վայելէ՞ ամերիկայի նման հզօր եւ քաղաքակրթուած  պետութեան մը, որ կը յաւակնի առաջնորդը դառնալ՝  աշխարհի բոլոր պետութեանց!

Ոճրագործութեամբ եւ Մասամբ Նորին . . .

Սա ալ ուրիշ խոցելի կէտ մըն է ամերիկայի համար։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։ Այս դէպքը կը պատահի Գալիֆորնիոյ մայրաքաղաք Սագրամենթոյի մէջ։ Իսկ ոճիրի վայրը՝ եկեղեցի մըն է, եթէ կրնաք երեւակայել։

Ուրեմն 39 տարեկան մի ոմն՝ (տես նկարը) David Fidel Mora-Rojas անունով, Երկուշաբթի գիշեր մը կը մտնէ եկեղեցիէն ներս եւ ատրճանակով կը սպանէ իր երեք աղջիկ զաւակները, առաւել անոնց 59 տարեկան հոգատարը։

Անմեղ կերպով զոհաբերուած երեք դուստրերն են՝ 13 տարեկան Սամիան, 10 տարեկան Սամանթհան եւ 9 տարեկան Սամարան։ Իր սպանութիւնները կատարելէ ետք, ան ինքզինք կը սպանէ եւ հարցը այսպէսով կը վերջանայ, ըստ իրեն։

Եղբայր, եթէ տուն քու կեանքէդ վազ անցած ես՝ ի՞նչ մեղք ունին քու երեք դուստրերդ, որ անոնց կեանքին ալ վերջ կու տաս, չեմ հասկնար . . .

Այս ալ ըսեմ որ վերոյիշեալ դէպքը հազուագիւտ չէ ամերիկայի տարածքին։ Ըստ պետական վիճակագրութեանց՝ 2022 տարուան ընթացքին, զանգուածային հրաձգութեան 70րդ պատահարն է այս որ տեղի կ՛ունենայ։

Իսկ զանգուածային հրաձգութեան այդ դէպքերէն իւրաքանչիւրէն առնուազն չորս հոգի կը մեռնին կամ կը վիրաւորուին։ Կարծես ամերիկան պատերազմական դաշտի վերածուած ըլլայ, չէ՞ք խորհիր!

Գալիֆորնիոյ Նահանգապետ Կէվըն Նիւսըմ վերոյիշեալ դէպքը բնութագրած է որպէս «Հրաձգութեան անիմաստ արարք մը» եւ իր ցաւակցութիւնները յայտնած է զոհերու ընտանիքներուն, բայց ի՜նչ օգուտ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ