Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Մարդը Գերագոյն Արժէք Է

«Նկատի ունենալով, որ մարդկութեան ընտանիքի բոլոր անդամներուն արժանապատուութեան եւ անոնց հաւասար ու անկապտելի իրաւունքներու ճանաչումը կը հանդիսանայ ազատութեան, արդարութեան եւ համընդհանուր խաղաղութեան հիմքը, եւ

նկատի ունենալով, որ մարդու իրաւունքներու ոտնահարումն ու արհամարհումը պատճառ դարձած են բարբարոսական, մարդկային խիղճը վրդովող գործողութիւններու, եւ որ մարդկութեան վեհ նպատակն է այնպիսի աշխարհի մը ստեղծումը, ուր մարդիկ կ’ունենան խօսքի ու համոզմունքներու ազատութիւն, առանց վախի ու կարիքի, եւ

նկատի ունենալով, որ անհրաժեշտ է մարդու իրաւունքները պաշտպանուին օրէնքի ուժով, որպէսզի ճարահատ մարդը բռնութեան կամ որպէս վերջին միջոց՝ ճնշումին դէմ ուղղուած ապստամբութեան  չդիմէ, եւ

նկատի ունենալով, որ անհրաժեշտ է նպաստել ժողովուրդներու միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացումին ․․․․․․․․․․

ՄԱԿ –ի General assembly-ն կը հռչակէ մարդու իրաւունքներու սոյն համընդհանուր Հռչակագիրը որպէս խնդիր մը, որուն իրագործումին համար պէտք է ձգտին բոլոր ժողովուրդներն ու պետութիւնները․․․․․․»

«Բոլոր մարդիկ կը ծնին ազատ ու հաւասար՝ իրենց արժանապատուութեամբ եւ իրաւունքներով: Անոնք օժտուած են բանականութեամբ ու խիղճով եւ պարտաւոր են իրարու հետ վարուելու եղբայրական ոգով:

Իւրաքանչիւր մարդ պէտք է ունենայ այս Հռչակագիրի մէջ նշուած բոլոր իրաւունքներն ու ազատութիւնները՝ առանց որեւէ տարբերութեան, անկախ ծագումէն, մաշկի գոյնէն, սեռէն, լեզուէն, կրօնքէն, քաղաքական եւ այլ համոզմունքներէն, ազգային կամ հասարակական ծագումէն, նիւթական, դասակարգային եւ այլ վիճակէն: Բացի այս բոլորէն տարբերութիւն պէտք չէ դրուի այն հիման վրայ, թէ ի՛նչ է տուեալ մարդու պատկանած երկրի կամ տարածքի  քաղաքական, իրաւական կամ միջազգային կարգավիճակը՝ անկախ, խնամեալ, ոչ ինքնավար, թէ ինքնավարութեան մէջ որեւէ այլ ձեւով սահմանափակ:

Իւրաքանչիւր մարդ ունի կեանքի, ազատութեան, անձի  անձեռնմխելիութեան  իրաւունք»,-Մարդու Իրաւունքներու Համընդհանուր Հռչակագիր (ընդունուած եւ հռչակուած է ՄԱԿ-ի General assembly –ի 1948 թուականի Դեկտեմբերին 10-ի 217 Ա (III) բանաձեւի համաձայն)։

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան անդամ են 193 երկիր. այսինքն տուեալ հռչակագիրը կը հանդիսանայ այդ բոլոր երկիրներու կամ պետութիւններու  սահմանադրութեան եւ իրաւունքի, օրէնքի մաս։

Հետեւաբար.  հարցում, պնդում , պահանջք, յորդոր եւ յիշեցում՝ ո՞ւր եւ  ինչպէ՞ս մոռցուած է այն գաղափարը, որ մարդը բարձրագոյն արժէք է եւ  ամբողջ մարդկութեան թէ՛ բարոյական, թէ՛ օրինական պարտքն է յարգել այդ բարձրագոյն արժէքի իրաւունքները։

Հումանիտար աղէտները  մարդկութիւնը կ’ոչնչացնեն։  21-րդ դարու ենթադրելի մարդասիրական եւ խաղասիրական , քաղաքակիրթ եւ բարձր արժէքներով առաջնորդուող դարաշրջանին քաղաքակիրթ , մարդասէր եւ խաղաղասէր մարդը ուղիղ կամ անուղղակի կերպով կ’ոչնչացնէ իր նման մարդուն։

Յիշե՛նք, յիշե՛նք  եւ կրկին  յիշե՛նք, որ Մարդը գերագոյն արժէք է ։

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ