Շաբաթ, Նոյեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Ամերիկեան Բարքեր

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Պուպրիկներու Ի՞նչ . . .

Մեր հասկացողութեամբ՝ պուպրիկները երեխաներուն համար է, յատկապէս աղջիկներուն։ Փոքր աղջիկները կ՛ունենան իրենց պուպրիկները՝ որոնց հետ կը խաղան, անոնց մազերը կը սանտրեն, կը զարդարեն զիրենք եւ մինչեւ իսկ իրիկունները հետերնին անկողին կը տանին՝ միասին քնանալու համար, չէ՞։

Ցարդ՝ գէթ ամերիկայի եւ այլ քաղաքակրթուած երկիրներու մէջ, մեծահասակները պուպրիկներու փոխարէն կ՛ունենան իրենց ընտանի կենդանիները, յատկապէս շուներ։ Անոնք այդ շուները այնքան կը սիրեն որ զանոնք կը նկատեն իրենց ընտանիքի մէկ անդամը, չէ՞։

Նոյնիսկ պատահած է որ մեծահասակներ իրենց շուներուն հետ գացած են ճաշարան, թէկուզ շուները չմասնակցին ընթրիքի։ Անշուշտ կարգ մը ճաշարաններ կ՛արգիլեն շուներու մուտքը՝ իրենց սրահներէն ներս, որը հասկնալի է։

Այսքանը շատ բարի, բայց եկուր տես որ՝ ըստ մեր պատմութեան, դերերը փոխուած են եւ հիմա երիտասարդ սերունդն ալ սկսած է ոչ թէ միայն պուպրիկներ ունենալ, այլ՝ անոնց  նման հագուիլ ու ազատօրէն ման գալ։

Իսկ ի՞նչ է ման գալը վերոյիշեալ երիտասարդներուն համար։ Հիմա թոյլ տուէք որ բացատրեմ։ Ուրեմն, Լոս Անճելըսի ճաշարաններէն մին սկսած է թոյլ տալ որ երիտասարդներ ճաշարան յաճախեն եւ իրենց հետ իրենց պուպրիկները (տես նկարը) բերեն . . .

Վերոյիշեալ ճաշարանները յատուկ են եւ մաս կը կազմեն American Girl Cafe ցանցին, որ ունի 19 մասնաճիւղեր, ամերիկայի տարածքին։

Նկարին մէջ երեւցողները զոյգ մըն են, 27 տարեկան Հէրի Հիլ եւ 27 տարեկան Սէրէնա Քէրիկըն: Այս վերջինը իր հագուստին ակնարկելով ըսած է՝ «I am the green M&M.» M&M-ը հռչակ առած շոքոլայի տեսակ մըն է որ շատոնց շուկայ իջած է զանազան գոյներով։

Բայց նպատակը ի՞նչ է մեծահասակներու համար՝ որոնք ոչ թէ միայն պուպրիկ կ՛ունենան, այլեւ այդ պուպրիկներով ճաշարան կ՛երթան։ Եթէ դուք կը հասկնաք, խնդրեմ բացատրեցէք ու կանխայայտ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի. . .

Տարօրինակ Արջը . . .

Գաղտնիք մը չէ թէ արջերը ձմռան քունի (hibernation) կը մտնեն Նոյեմբեր ամսուան վերջերէն մինչեւ Մարտ ամսուան կէսերը։ Իսկ անոնք՝ ձմռան քուն չմտնելէն, կերակուր կ՛ամբարեն իրենց ստամոքսներուն մէջ, որպէսզի քունի ժամանակ ուտելու պահանջը չզգան։

Մեր պատմութեան չանցած, կ՛ուզեմ աշխարհագրական ծանօթութիւն մը ներկայացնել ձեզի, որը առնչութիւն ունի այդ դէպքին հետ։ Lake Tahoe լիճը կը գտնուի երկու նահանգներու միջեւ, Գալիֆորնիա եւ Նիվատա։ Այս երկու նահանգներուն մէջ ալ կան Lake Tahoe կոչուած քաղաքներ։

Ուրեմն մեր պատմութեան դէպքը կը պատահի Գալիֆորնիոյ շրջանի Թահօ Լիճի քաղաքին մէջ։ Հոն, 500 lb. (227 kg.) արջ մը՝ (տես նկարը) որ կը կոչուի Hank the Tank, մուտք կը գործէ բնակարանէ մը ներս կերակուր որոնելով։

«Հէնք» նախ կը քանդէ լողաւազանի կողմէն ներս մտնելու ապակեայ դուռը եւ ապա տան ներսիդին տակնուվրայ կ՛ընէ, ուտելիք գտնելու համար . . .

Այս դէպքը մասնայատուկ չէ, այն իմաստով որ Գալիֆորնիոյ զանազան քաղաքները՝ որոնք լեռներու մօտ են, յաճախ թիրախ կը հանդիսանան արջերու, որոնք ուտելիք որոնելով՝ մուտք կը գործեն բնակարաններէ ներս։

Ինծի համար զարմանալին այն է որ Փետրուար ամիսը արջերուն «ձմռան քուն մտնելու» ժամանակին մաս կը կազմէ։ Ուրեմն այդ տարօրինակ արջը՝ իրենց բնութեան մաս կազմած սովորութենէն դուրս գալով, տակաւին կը պտըտի եւ կ՛ուզէ ուտել։ Բայց ե՞րբ ան պիտի «քուն» մտնէ, չեմ հասկնար։ Արդեօք դուք բացատրութիւն մը ունի՞ք այդ կապակցութեամբ, խնդրեմ փարատեցէք իմ մտահոգութիւնս, եթէ կրնաք։ Շնորհակալութիւն ձեզի եւ վերջ!

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ