Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայկական Ասացուածքներ

Գիրքերու Աշխարհ

Թրքերէնէ Թարգմանուած

Հեղինակ՝ Գէորգ Լ. Քէօշկէրեան

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Գրողին եւ անոր տողերուն եւ արտայայտութիւններուն ծանօթացման գրաւոր եւ բաց դաշտ մըն է գրախօսականը: Կը սիրեմ խանդավառուիլ մեր նոր արժէքներով եւ ահա այս օրերուն, վերեւ նշեալ գրքոյկը: Ու համեստօրէն, հայ գիրքը վերարժեւորելու ու անով մեր կեանքը ծաղկեցնելու գիտակից յանձնառութեամբ, կը փորձեմ Գէորգ Քէօշկէրեանի նոր լոյս ընծայած «Հայկական Ասացուածքներ – Թրքերէնէ Թարգմա-նուած» գրքոյկին մօտենալ եւ զայն ընթերցողին հրամցնել:

Սակայն ո՞վ է գրքոյկի հեղինակ՝ Գէորգ Լ. Քէօշկէրեանը, որ 2020-ին հայ ընթերցողի սեղանին հրամցուցած էր ինքնատիպ յղացումով, նոր ոճով եւ նոր մօտեցումով իր առաջին գիրքը:

Անկեղծօրէն ըսեմ, որ ան մեր գաղութին քաջածանօթ կրթական մշակն է: Վաստակա-շատ միութենական մը ըլլալով հանդերձ, ան նաեւ բծախնդիր եւ ծանօթ ազգային գործիչ մըն է, հայ մամուլի տեւական նուիրեալ գրիչ ու հայ թատրոնի եւ բեմի համեստ ծառայող եւ խնկարկողի կողքին:

Արդ, ի՞նչ է ասացուածքը «ըսուածը» ձեզի համար: Պարզապէս ըսեմ, որ ասացուածքը ուրիշ «բան» չէ, եթէ ոչ պատկերաւոր, տպաւորիչ, կարճ եւ իմաստալից, դաստիարակ-չական եւ նոյնքան ալ բարոյական եւ խրատական խօսք-նախադասութիւն մը, որ կը ստեղծուի ժողովուրդին կողմէ եւ որ առածներուն նման ընդհանրացած է նոյն այդ ժողովուրդի բերնին մէջ: Ան կը ներկայացնէ զինք յօրինող նոյն ժողովուրդին բարք ու աշխարհայեայցքը ու կը պատկանի անոր մշակոյթին:

Ասացուածքը նաեւ կը գործածուի արտայայտուած միտք մը աւելի տպաւորող եւ համոզիչ դարձնելու համար: Այլաբանական խօսք մը չէ, այլ ըսելու ձեւ մը եւ կերպ մը, որ լռելեայն կը հասկցուի: Եւ իւրաքանչիւր ժողովուրդ դարերու ընթացքին ունեցած է եւ ունի իր ասացուածքները, ու զանոնք «օգտագործելով» կամ «գործածելով», այդ ձեւով է, որ սերունդէ սերունդ փոխանցուած է:

«Հայկական Ասացուածքներ…» գրքոյկը կը բովանդակէ 403 ասացուածքներ, որոնք թրքերէնէ թարգմանուած են, որովհետեւ հեղինակը կ’արդարանայ ըսելով, թէ «Սկիզբը խորթ թուեցաւ ինծի զանոնք գրի առնել, պարզապէս որովհետեւ լեզուն թրքերէն էր: Բայց մտածեցի, որ անոնք ի սկզբանէ հայկական ասացուածքներ էին, որոնք մեզի փոխանցուած էին Կիլիկիոյ մեր թրքախօս նախահայրերէն»:

Ուստի, Քէօշկէրեան վերյիշելով Կիլիկեցի իր ծնողներուն «բացատրութիւնները», զանոնք հայկական նկատած էր: Սակայն, եթէ հարց տանք ինչո՞ւ նման աշխատանք: Պատասխանը պիտի գտնենք, հատորի նախաբանին մէջ, Վաչէ Սէմէրճեանի կողմէ հրամցուած արդարացումը.- որ իր կարծիքով «Եւ ի՞նչ ենք լսած մեր ծնողներէն տասնամեակներու ընթացքին…անշուշտ թրքերէն…եւ պէտք է ըսել, որ ոչ մէկուն մեղքն էր թրքերէնի յարատեւ գործածութիւնը»:

Իսկ գրքոյկին մէջ տեղ գտած ծաղրանկարներու եւ մանրանկարներու կողքին կը հանդիպինք (անշուշտ դարձեալ թրքերէնէ թարգմանուած) մարդոց տարիքներու յատկանիշներու բաժնին, ինչպէս նաեւ հայկական առասպելներ ու ասացուածքներու յատուկ այր-կին տարիքային բաղդատութիւնը մատնանշող էջերուն-: Իսկ վերջին՝ տեղադրուած է բովանդակութեան անգլերէն տարբերակը, որ վարպետօրէն թարգմանած է Գրիգոր Սաթամեան:

Հեղինակ Քէօշկէրեան նաեւ առ ի երախտագիտութիւն՝ չէ մոռցած իր յատուկ շնորհա-կալութիւնները հրապարակել բոլոր անոնց, որոնք ներդրում ունեցած են գրքոյկի լոյս ընծայման: Այսպէս, Վաչէ Սէմէրճեանին՝ հատորը խմբագրելուն, Հէրի Մեսրոպեանին՝ գրքոյկի ձեւաւորման, արուեստագէտ Սիրուն Երէցեանին՝ տեղադրուած մանրանկար-ներուն, Լոս Անճելըսի Թ.Մ.Մ.ին՝ Սարուխանի գծագրութիւնները արտօնելուն, Կարինէ Տէր Գէորգեանին ու Նուրիցա եւ Անժել Քիւրքչեաններուն՝ ասացուածքներու յատուկ ձեռագիր հաւաքածոներու գրքոյկը տրամադրելուն, Նորայր Տատուրեանին՝ գրքոյկի վերատեսութեան եւ Սէրժ Նաւեանին հեղինակի նորատիպ նկարին համար:

Եւ անկեղծօրէն արտայայտուելով, ըսեմ, որ ինծի համար գրքոյկը սահուն եւ հասկնալի իր սահուն ոճով, նաեւ ունի որոշ խորհուրդ մը։ Ան դասատու ալ է, եւ մարդս կը մղէ մտածելու ու նոյնիսկ խորհրդածելու, որովհետեւ անոնք շաղախուած են բաղձանքի եւ մաղթանքի երանգներով, որոնք ընթերցողին մօտ որոշ համակրանք մըն ալ կը ստեղծեն: Գրքոյկը նաեւ շարժման մէջ կը դնէ զանազան գաղափարներ եւ մտածելու կը մղէ ընթերցողը: Թէեւ տարուած աշխատանքը թարգմանական է, բայց այդ մէկը եղած է բծախնդիր ու իր մէջ պահած հայկական աւանդութիւնը: Ահա թէ ինչո՞ւ «Հայկական Ասացուածքներ…» այս գրքոյկը կարելի է նկատել օգտաշատ հրատարակութիւն մը, որուն համար իբրեւ մաքուր տպաւորութիւն աւելցնեմ, որ գրելու եւ ներկայացնելու ձեւը նորոյթ ըլլալով հանդերձ, մտերիմ ալ է:

Արդ, հարիւրաւոր ասացուածքներէն՝ այս օրինակը, բաւարար է արդէն ընդհանուր կարծիք մը կազմելու գրքոյկի մասին:

«Հէր կիւզէլլիկ պի արատա պուլունմազ»:

Ամէն գեղեցկութիւն միատեղ չի գտնուիր:

Այսինքն, մարդը միշտ կատարեալ չըլլար:

Պէտք է ըսել, որ գրքոյկի իւրաքանչիւր էջ, իր հմայքն ու որոշ պատգամը ունի: Անկասկած, ընթերցողը հաճոյքով պիտի ըմբոշխնէ: Էականը այս բոլորէն ետք, փոխանցել եւ տարածելն է: Չմոռնանք սակայն, որ նոյնքան կարեւոր է հայ գրողը քաջալերելը: Այս եւս մեր մշակութային առաքելութիւնն է:

Ի սրտէ կը շնորհաւորենք հեղինակ՝ Գէորգ Լ. Քէօշկէրեանը, ու անպայման վարձքդ կատար կ’ըսենք, յուսալով որ շուտով այս հատորը ունենայ նաեւ իր յաջորդն ալ:

Ապրիս: Գրիչդ դալար:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ