Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Վեր. Միթրի Ռահեպ Հայ Շրջանակին Հետ, Լոս Անճելըս

Երեքշաբթի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, ԹՄՄ «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ յոյժ կարեւոր հանդիպում մը Վեր. Միթրի Ռահեպի (*) եւ հայ հասարակութեան ներկայացուցիչներու միջեւ։ Հանդիպումը կազմակերպուած էր ՌԱԿ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Հայ Իրաւանց Խորհուրդի (ARCA) նախաձեռնութեամբ։ Ներկայ էին Վերապատուելի Սողոմոն Քիլաղպեան (Հայ Աւետ. Համայնք), վաստակաւոր լրագրող, նախկին երուսաղիմահայ, ԹՄՄ երկարատեւ եւ վաստակաւոր ղեկավար եւ “Armenian Observer” շաբաթաթերթի տէր եւ խմբագիր Փրոֆ. Օշին Քէշիշեան, ազգային-հասարակական գործիչ Բժ. Սարգիս Մեսրոպեան, յայտնի հարապարակագիր Ոսկան Մխիթարեան, Լոս Անճելըսահայ հասարակական գործիչ Յովսէփ Ֆիտանեան, ամերիկահայ հաս. գործիչ Արա Մանուկեան (Թորգոմ Պատրիարք Մանուկեանի քրոջ որդին եւ Շահան Նաթալիի թոռը) եւ այլ յարգարժան հիւրեր։

Շուշան Պաղպուտարեան կ՚ընէ բացման եւ բարեգալուստի խօսքը

Բացումը կատարեց Հայ Իրաւանց Խորհուրդի (ARCA) Ատենապետուհի Շուշան Պաղպուտարեան (նախկին երուսաղիմահայ), որ սոյն հանդիպման ազգային-կրօնական կարեւորութիւնը ընդգծելէ ետք ջերմագոյն խօսքեր ըսաւ  Վեր. Միթրի Ռահեպի ստանձնած առաքելութեան մասին։ Օրուան հիւրը ներկայացուց Դոկտ. Մինաս Գոճայեան՝ իր կողմէն շեշտելով այն ընկերային-քաղաքական անհանդուրժելի կացութիւնը, որուն ենթարկուած են պաղեստինի ժողովուրդը եւ մեր հայ համայնքը։

Վեր. Դոկտ. Մ. Ռահեպ հանգամանօրէն ներկայացուց քրիստոնէապատկան դարաւոր սրբատեղիներու եւ յատկապէս Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան կալուածներուն սպասուած լուրջ մարտահրաւէրները՝ չըսելու համար հետզհետէ կորուստը։ Ան շեշտեց կարեւորութիւնը թէ՛ պաղեստինեան, թէ՛ համաշխարհային քրիստոնէական համայնքներու եւ կազմակերպութիւններու եւ թէ՛ յատկապէս աշխարհատարած հայութեան գործօն ներգրաւուածութեան կարեւորութիւնը, այլապէս, ըսաւ ան,  յառաջիկայ տարիներուն քրիստոնէական ստացուածքներուն եւ համայնքներուն կը սպասուի դառն ճակատագիր, այսինքն՝ շիջում։

Վեր. Մ. Ռահեպ եւ Ընկ. Դաւիթ Սամուէլեան

Վերապատուելին մեծ յարգանքով եւ դրուատանքով արտայայտուեցաւ նաեւ իր անմիջական գործակցին՝ Դոկտ. Վարսէն Աղաբեկեանի անփոխարինելի նուիրուածութեան մասին՝ սրբատեղիներու պահպանութեան աշխատանքներուն։ Ան յիշեց նաեւ երուսաղիմահայ մտաւորականներէն Ալբերթ Աղազարեանի եւ Գէորգ (Ճորճ) Հինդլեանի ներդրումը։ Ան մէջբերումներ կատարեց Դոկտ. Վ. Աղաբեկեանի վերջերս լոյս տեսած A Palestinian Armenian հատորէն։ Վերապատուելին շատ յստակ պատգամ մը տուաւ ներկաներուն, որպէսզի տարածեն իրենց շրջանակներէն ներս եւ պէտք եղած բացատրական աշխատանք տանին իրենց պատկանած հայկական թէ ամերիկեան քաղաքական գործիչներուն շրջանակին մէջ։

Վերապատուելին երուսաղինահայ Տիկ. Դաքէսեանի եւ Պաղպուտարեանի հետ

Այնուհետեւ ներկաները շուրջ մէկ ժամ առիթ ունեցան հարցումներ տալու եւ ստանալու սպառիչ պատասխաններ։ Փակումէն առաջ, նոյնպէս երուսաղիմահայ Դաւիթ Սամուէլեան շնորհակալութիւն յայտնեց  հրաւէրը ընդառաջելու համար եւ զօրակցութիւն յայտնեց իր հայրենակիցներուն եւ Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանի շրջանաւարտից միութեան անունէն՝ այն համարձակ քայլերուն համար, որոնց լծուած է Վեր. Մ. Ռահեպ եւ իր ամբողջ անձնակազմը։

Ցաւով պիտի արձանագրենք որ ոչ մէկ ներկայացուցիչ կը մասնակցէր Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցիէն։ Կը յուսանք յետագային չեն կրկնուիր նման բացթողումներ։

Մինաս Գոճայեան

(*) Founder and President of Dar al-Kalima University College of Arts and Culture in Bethlehem. He is a co-founder of Bright Stars of Bethlehem, the pastor of the Evangelical Lutheran Christmas Church in Bethlehem, and the founder and president of the Diyar Consortium, a group of Lutheran-based, ecumenically-oriented institutions serving the Bethlehem area. 
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ