Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

40ամեակ Գերսամ Ահարոնեանի Մահուան եւ Իր Անուան Ակումբի

ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

1916-էն մինչեւ իր մահը առհասարակ սփիւռքահայ ազգային, հասարակական եւ քաղաքական կեանքէն ներս տիրապետող մեծագոյն դէմքերէն մէկն է եղած Ընկ. Գերսամ Ահարոնեան, իսկ ՌԱԿ-էն ներս՝ գլխաւոր առաջմղիչ դէմք-առաջնորդը։

Այսօր, իր մահուընէ քառասուն տարի ետք տակաւին կը զգանք այն մեծ ազդեցութիւնը, որ ան ունեցած է ՌԱԿ-ի անդամներուն եւ գործիչներուն վրայ։ Այս եւ այլ ներդրումներու գնահատման նուիրուած էր ՌԱԿ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Շրջանային վարչութեան հանդիսութիւնը՝ նուիրուած մահուան քառասուներորդ տարելիցին, որ միաժամանակ կը զուգադիպէր ՌԱԿ Գ. Ահարոնեան ակումբի հիմնադրութեան  քառասունամեակին։

Ռաֆֆի Պալեան

Զգալի թիւով հանդիսականներու ներկայութիւնը ապացոյցն էր մեր ըսածի։ Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 3 Ապրիլ 2022-ին, Քալիֆորնիոյ Ալթատինա քաղաքի ԹՄՄ Պէշկէօթիւրեան կեդրոնին մէջ։

ՌԱԿ Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան բացման խօսքին մէջ գնահատելէ ետք Գերսամ Ահարոնեան մարդն ու քաղաքական գործիչը, հրաւիրեց ներկաները մէկ րոպէ լռութեամբ յարգել մեր շարքերէն յաւէտ հեռացած կուսակցական ընկերներու եւ 44-օրեայ  պատերազմին ու անկէ ի վեր զոհուած հայ մարտիկներու յիշատակը։ Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տ. Սարգիս Աւագ Քահ. Փեթոյեանի աղօթքով ընթացք տրուեցաւ հանդիսութեան։

Խաչիկ Ճանոյեան

Օրուան հանդիսավարն էր Ընկ. Խաչիկ Ճանոյեան, որ երկար տարիներ աշխատակցած էր Ընկ. Գ. Ահարոնեանի հետ, եղած էր իր ուսանողը եւ մօտէն ճանչցած էր մեր մեծ առաջնորդ-ուսուցիչ-դաստիարակը։ Ընկ. Խ. Ճանոյեան մեր գաղութի, ՌԱԿ-ի, Իրաքահայերու Միութեան եւ ԹՄՄ-ի ամենէն գործօն անդամներէն մէկն է, արժանացած Սահակ-Մեսրոպ շքանշանի եւ ՀՀ Պատուաւոր քաղաքացիի կոչումին։ Ան ձեռնհասօրէն ղեկավարեց հանդէսը՝ մէջընդմէջ յատկանշական դրուագներով հիւսելով իր խօսքը։

Գրիգոր Ատանալեան

Բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան գլխաւոր բանախօսներէն Սուրիոյ եւ Յորդանանի Շրջ. Վարչութեան 22 տարիներու ատենապետ, ԹՄՄ Վերին Մարմնի  աւելի քան 20 տարիներու ատենապետ,  ՌԱԿ-ի  Կեդր. Վարչութեան երեք շրջանի փոխատենապետ եւ ՌԱԿ-ի hամաատենապետ,  ՀԲԸՄ-ի  Սուրիոյ  Շրջ. Անդամ եւ Կրթ. Յանձնաժողովի ատենադպիր, մասնագիտութեամբ բժիշկ M.D.  եւ PhD  Ընկ. Տոքթ. Գրիգոր Ատանալեան։ Ան երիտասարդական վաղ տարիներէն ճանչցած է Ընկ. Գերսամը որպէս կուսակցական ղեկավար, խմբագիր, դաստիարակ եւ երիտասարդութիւնը քաջալերող իմաստուն ղեկավար։

  • Մեր վաղ երիտասարդութենէն հիացած էինք Ընկ. Գերսամով,- ըսաւ ան,- ապա

ան եղաւ իմ գլխաւոր քաջալերողներէն մէկը։ Եղաւ դաստիարակ, ուսուցիչ եւ մեր նմանները առաջ մղող իմաստուն ղեկավար մը։ Ան միշտ ջատագովն էր նոր սերունդի եւ հաճոյքով կը գործակցէր նոր ուժերու հետ։

Այնուհետեւ Ընկ. Գ. Ատանալեան յատուկ շեշտով ընդգծեց Գերսամ Ահարոնեանի դերը Հայ դատի հետապնդման որակական փոփոխութեան մէջ։ Իր շնորհիւ այլեւս Ցեղասպանութեան տարելիցը դադրեցաւ միայն սգատօն մը ըլլալէ, այլ վերածուեցաւ կամ վերաճեցաւ քաղաքական դատի եւ պահանջատիրութեան արծարծման։ Անսպառ նիւթեր հաւաքած եւ միաժամանակ լաւատեղեակ ըլլալով հայոց պատմութեան ու ցեղասպանութեան ներքին ծալքերուն, Գ. Ահարոնեան  ցոյց տուաւ դարուս առաջին ցեղասպանութեան ամբողջ տարողութիւնը եւ զայն հետապնդելու քաղաքական եւ իրաւական ճանապարհները։ Այլ խօսքով ան քաղաքականացուց մեր հարցը եւ ծրագրեց անոր անցնելիք ճամբան։

  • Ընկ. Գերսամի մէջ խտացած էր միաժամանակ ե՛ւ կուսակցական գործիչը, ե՛ւ

խմբագիրը, պատմաբանը, ուսուցիչն ու դաստիարակը։ Ընկ. Գերսամ Հայ դատին տուաւ նոր տարազ եւ բովանդակութիւն,- եզրակացուց բանախօսը։

Սեւան Տէր Պետրոսեան

Գերսամ Ահարոնեանի «Յուշամատեան…»էն բնորոշ ընթերցումներով հանդէս եկաւ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի ուսուցչուհի, ԹՄՄ վարչութեան անդամ եւ առցանց ծրագիրներու մասնակից Տիկ. Սեւան Տէր Պետրոսեան, որուն յաջորդեց Արեւմտեան ԱՄՆ-ի հայ համայնքի ամենէն տարեց ու փորձառու մտաւորականներէն արդէն նահապետ դարձած խմբագիր եւ լրագրող Փրոֆ. Օշին Քէշիշեան, որ աւելի քան 40 տարիներէ ի վեր կը խմբագրէ The Armenian Observer շաբաթաթերթը։

Տակաւին աշակերտական նստարանէն ծանօթացած ըլլալով Ընկ. Գ. Ահարոնեանին որպէս հայոց պատմութեան, ընդհանուր ազգաց եւ աշխարհագրութեան ուսուցիչ, Փրոֆ. Օ. Քէշիշեան շեշտեց այն համոզմունքը, որ իր լրագրական եւ խմբագրական կեանք մտնելը կը պարտի Գերսամ Ահարոնեանին, որ տակաւին 1950-ական թուականներուն իրեն վստահած էր «Զարթօնք-Սփոր»ը, որ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէր Պէյրութի եւ առհասարակ Միջին Արեւելքի երիտասարդութեան մօտ։

  • Իմ լրագրական, գրական եւ մշակութային կեանքս կը պարտիմ երկու

ուսուցիչներուս՝ Վահէ-Վահեանին եւ Գերսամ Ահարոնեանին։ Անշուշտ միւսներն ալ ունին իրենց ներդրումը, սակայն առաւելաբար Գերսամ Ահարոնեանը ինծի ճանապարհ ցոյց տուաւ որ կեանքս նուիրեմ հայութեան եւ մասնաւորաբար մամուլին,- ըսաւ մամուլի վաստակաւոր գործիչը,- ապա անդրադառնալով Գ. Ահարոնեան ուսուցիչին ան շեշտեց,- դասաւանդութեան ընթացքին միշտ

Օշին Քէշիշեան

նմանութիւններ եւ հակադրութիւններ կը ներկայացնէր, այլ ազգերու պատմութիւններէն նոյն ժամանակահատուածին պատահած իրադարձութիւնները կը յիշատակէր՝ դասերը շատ աւելի հասկնալի եւ ըմբռնելի դարձնելով։

Փրոֆ. Օ. Քէշիշեան մեծ կարեւորութեամբ ընդգծեց իր ուսուցչին՝ սերունդ մը լրագրողներ եւ մամուլի աշխատակիցներ պատրաստած ըլլալու պարագան, արդարեւ այդ սերունդին քսանեակ մը մտաւորականներ ոտքի պահեցին հայ թերթն ու մամուլը վերջին յիսուն տարիներու ընթացքին։

Յուզիչ էր լսել նաեւ մեր ուսուցիչին ձայնը։ Ան 1965-ին Պէյրութի կեդրոնական Ռիվոլի սրահին մէջ բացառիկ ելոյթ մը ունեցաւ Ցեղասպանութեան 50-ամեակին առթիւ։ Մենք, որպէս վերջին կարգի աշակերտներ նստած ըլլալով ետեւները, հպարտութեամբ եւ յուզմունքով լսեցինք զինք։ Մենք երբեք այդքան հայրենասիրական հրայրքով ելոյթ մը չէինք լսած, մանաւանդ Պրն. Գերսամ Ահարոնեանէն։ Այդ օր ինք Սարդարապատի արծիւի նման իշխեց ներկաներուն սիրտերուն ու հոգիներուն վրայ։ Այս առթիւ մեր շնորհակալութիւնը պիտի յայտնենք իր աշակերտներէն Տիգրան Էքիզեանին, որ գտեր բերեր էր այդ ելոյթը։

Անի Մարսելեան

Հանդիսութեան պատշաճ ասմունքով հանդէս եկաւ Տիկ. Անի Մարսէլեան (հայերէնի ուսուցչուհի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Յովսէփեան վարժարանի)՝ արտասանելով Համաստեղի «Հայու հոգին» եւ «Յաւերժի մեծ Ճամբորդ» Չարենցի «Գովք Հայաստանի»ն։

Նշուեցաւ նաեւ ՌԱԿ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի «Գերսամ Ահարոնեան» ակումբի քառասունամեակը, որ լրացած էր անցեալ տարի, բայց համավարակի պատճառով կարելի չէր եղած տօնախմբել։ Ընկ. Խ. Ճանոյեան այս առթիւ ներկայացուց անցնող չորս տասնամեակներուն ակումբին բերած կուսակցական, ընկերային եւ հասարակական դերը շրջանակէն ներս՝ յատկապէս ընդգծելով ակումբի բերած նիւթական նպաստը «Նոր Օր»ի եւ Հայ դատի աշխատանքներուն մէջ։

Վիգէն Ահարոնեան

Հաճելի անակնկալ մըն էր բոլորիս համար ներկայութիւնը Գ. Ահարոնեանի եղբօրորդւոյն՝ յայտնի սրտաբան Տոքթ. Վիգէն Ահարոնեանի, որ դրուագներ պատմեց Զէյթուն-Մարաշ ապաստանած Ահարոնեաններու ընտանիքին փրկութեան հանգամանքներուն մասին։ Այս առթիւ Տոքթ. Վ. Ահարոնեան իր եւ Ահարոնեաններու շնորհակալութիւնը փոխանցեց ձեռնարկի կազմակերպիչներուն։  

Վեր. Մաթոսեան, Վահէ Աջապահեան, Մայտա Քիւրեճեան

Բեմ հրաւիրուեցաւ ՍԴՀԿ-ի ղեկավարութեան ներկայացուցիչ Պրն. Վահէ Աջապահեան, որ նոյնպէս աշակերտած է Գ. Ահարոնեանին։ Ան ընդգծեց իր ուսուցիչին լրագրական եւ քաղաքական անաչառութիւնն ու հասունութիւնը։

Հանդիսութեան աւարտին օրուան խորհուրդին պատշաճ երկու երգերով ներկայացաւ ՌԱԿ-ի Շրջանային վարչութեան անխոնջ անդամ եւ ձեռնարկին պատրաստութեան մէջ կարեւոր դեր ստանձնած Ընկ. Դաւիթ Սամուէլեան՝ իրեն ընկերակցող ունենալով երաժիշտ Արամ Լեփեճեանը։ Դաւիթի երկու երգերը՝ «Հեռացած ընկերներ» եւ «Արագիլ», յուզումի ալիք մը բարձրացուցին հանդիսականներուն մէջ ։

Դաւիթ Սամուէլեան եւ Արամ Լեփեճեան

Հանդիսութեան փակումը կատարեց Վերապատուելի Ճոն Մաթոսեան եւ ներկաները  հրաւիրեց մասնակցելու գոհաբանական աղօթքին։

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ