Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Զատկական Պատգամ

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Եւ Մեքսիկոյի

Բարեխնամ Առաջնորդ

Տ. Յովնան ՍԱրք. Տէրտէրեանի

«Փառք Հրաշափառ Յարութեան Քո Տէր»:

Յարութեան խորհուրդը չփորձենք ըմբռնել մարդկային մտքի ու տրամաբանութեան տարողութեամբ՝ ապարդիւն է։ Զայն կարելի է զգալ ու ապրիլ միայն ու միայն հաւատքի գիտակցութեամբ։ Հաւատքն է հետեւաբար բանալին, որուն միջոցով կը կարողանանք ներթափանցել յարութեան խորհուրդին մէջ եւ հասկնալ, թէ ինչպիսի ներգործութիւն ունեցած է այն աշխարհի մարդկութեան կեանքին մէջ, բայց մանաւանդ՝ մեր ազգի զաւակաց կեանքի բոլոր հանգրուաններուն։

Քրիստոսի յարութիւնն Աստուծոյ անսահման եւ անվերապահ սիրոյ առհաւատչեան է, Անոր անսուտ խոստումին հաւաստիքը, որով լոյսը յաղթեց խաւարին, յոյսը՝ տրտմութեան, կեանքը՝ մահուն, բարին՝ չարին։

Քրիստոսի յարութիւնը մեր հաւատքի կեանքին մէջ ամենէն մեծ վկայութիւնն է, մեր դաւանած կրօնի վաւերութեան հիմնաքարը, անհաւատներու եւ թերահաւատներու համար Քրիստոսի աստուածութեան անհերքելի ապացոյցը, մեր հոգեւոր ինքնութեան խարիսխը։

Այս օրերուն, երբ աշխարհն ալեկոծ է, շատեր չարախնդալով կը հարցնեն, թէ ո՞ւր է Յարուցեալ Փրկիչը։ Ինչո՞ւ Աստուած չազատեց մեզ թագավարակի ժահրէն, ինչո՞ւ չկանխեց Արցախեան վերջին պատերազմը, ինչո՞ւ չհարթեց Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ տարաձայնութիւնները, որոնց հետեւանքով եղբայրասպան պատերազմը կրնայ երրորդ աշխարհամարտի վերածուիլ։

Արդար Յոբն ալ նման խռովալի տուայտանքներ ապրեցաւ, երբ կորսնցուց ամէն ինչ հակառակ այն փաստին, որ բարեպաշտ եւ աստուածասէր մարդ մըն էր։ Յոբն ալ շատերու նման յուսախաբութեան պահեր ունեցաւ։ Սակայն Աստուած մտիկ ընելով Յոբի մարդկային տրտունջները՝ պատասխանեց անոր․ «Քեզի արդարացնելու համար զի՞ս

յանցաւոր պիտի հանես»։ (ՅՈԲ 40։8) Ասոր վրայ Յոբը զղջաց եւ ապաշխարեց՝ ըսելով․ «Ես Քու մասիդ ականջով լսեր էի, բայց հիմա աչքս կը տեսնէ Քեզի»։ (ՅՈԲ 42։5)

Միամիտ չըլլանք Յոբի բարեկամներուն պէս, որոնք տրուեցան ձանձրալի եւ սին բացատրութիւններով անոր մխիթարելու գայթակղութեան։ «Ինչու»ներուն պատասխանը Խաչին եւ Խաչեալին մէջ պիտի գտնենք, Անոր յեղած սուրբ արեան եւ կամաւոր պատարագումին։ Ամենաբարին Աստուած մեղաւորին մահը չի ցանկար․ պատահող չարիքներն ու արհաւիրքները արդիւնք չեն Անոր կամքին կամ հրահանգին, այլ՝ մեր ազատ կամեցողութեան։ Յակոբոս առաքեալ շատ դիպուկ կ’ըսե․ «Չըլլայ թէ մէկը, որ փորձութեան մէջ է, ըսէ՝ «Աստուծմէ կը փորձուիմ»․վասնզի Աստուած չար բաներով չի փորձուիր, ո՛չ ալ ինք մէկը կը փորձէ»։ (ՅԱԿՈԲ 1։13)

Ուրեմն, մեր մարդկային ծանր հոգեվիճակէն ակամայ բխող, երբեմն ալ արդարացիօրէն դատապարտող հարցումներուն պատասխանը եւ ամէն տեսակ կասկածներուն փարատումը պիտի գտնենք Քրիստոսի մեզի հետ չարչարանակից ըլլալու, մեր փրկութեան համար զոհաբերուելու եւ փառքով յարութիւն առնելու աստուածադիր խորհուրդին մէջ։ Անոր համար է, որ Աւագ Շաբթուայ ընթացքին «Խաչի քո Քրիստոս» շարականի երգեցողութեամբ կը փառաւորենք եւ կը մեծացուցանենք Քրիստոսի մատնութիւնը, չարչարանքները, թաղումը եւ յարութիւնը։

Ինչպէս մեր նախնիք, այնպէս եւ մենք պարտինք ապրիլ մեր կեանքը յարութեան արշալոյսին ակնդէտ՝ հասկանալով, որ եթէ մեր կեանքի ընթացքին կան փորձութիւններ, ատոնք անցողիկ են։ Յարութեան խորհուրդով պիտի ապրի ի մասնաւորի մեր ժողովուրդը ի Հայաստան եւ ի Սփիւռս աշխարհի, որպէսզի կարենայ ամոքել իր ցաւն ու տառապանքը։ Մխիթարութիւնը Աստուծմէ կու գայ, երբ մեր տառապանքի, տրտմութեան եւ սուգի պահուն Յոբի պէս կը խոնարհինք Անոր մեծութեան առաջ, կը զղջանք եւ կ’ապաշխարենք։ Այն ատեն է, որ յարուցեալ Աստուծոյ իրական տեսութեան կ’արժանանանք։

Այսօր մեր սուրբ եկեղեցին պատգամ կը յղէ իր զաւակներուն հոգեւոր կեանքը յարութեան խորհուրդով վերանորոգելու։ Մեր սուրբ եկեղեցի կը յորդորէ մէկդի թողուլ չարախօսութիւնը, աւերիչ քննադատութիւնը, անտեղի դժգոհութիւնը, անիմաստ տրտունջքը, սեփական պատասխանատուութիւնը ուրիշներու վրայ բարդելը։ Մայր

սուրբ եկեղեցին կ’ուսուցանէ մեր աստուածասիրութիւնը գործնական կերպով արտայայտել մէկզմէկու գորովագին սիրելով՝ այնպէս, ինչպէս Աստուած Ինք կը սիրէ մեզի։ Վստահ ենք, որ մեր հոգեւոր վերածնունդն ու ազգային հզօրացումը մեծապէս պայմանաւորուած է սուրբ եկեղեցւոյ այդ պատգամներու իրագործումով։

Յարութեան տօնը կ’իմաստաւորուի միայն այն ժամանակ, երբ մեր աշխարհասփիւռ ժողովուրդն ապրի ներողամտութեան ոգիով, մէկզմիւսի հանդէպ խոնարհումով, քրիստոնէական սիրով ու անվերապահ հաւատքով։ Ինչպէ՞ս կրնանք աստուածասէր ըլլալ, եթէ չենք կրնար այս մէկ ընել։ Ինչպէ՞ս պիտի կանգնինք Յարուցեալ Փրկչի փառքի եւ զօրութեան առջեւ, եթէ չենք կրնար գերյարգութեան արժանացնել Աստուծոյ կողմէ մեր ազգին ընծայուած թանկագին պարգեւները՝ մեր հայրենիքը, Ս․ Էջմիածինը, հայոց լեզուն, մշակոյթը։

2022 թուականը մեզի համար չափազանց նշանակալի է, քանզի այս տարի կը տօնախմբենք թեմի հիմնադրման 95-ամեակը։ Միաժամանակ տարին յայտարարած ենք որպէս «Հայ Քրիստոնեայ Ընտանիքի» տարի։ Այս զոյգ կարեւոր իրադարձութիւնները կը պարտաւորեցնեն մեզի ոգեկոչել մեր թեմի հարուստ պատմութիւնը երախտագէտ զգացումներով՝ չմոռնալով սակայն, որ եկեղեցւոյ եւ թեմական կառոյցի ամրութիւնը պայմանաւորուած է հայ քրիստոնեայ ընտանիքին անսասանութեամբ։

Երբ յարութեան լոյսի ներքոյ անդրադարձ կը կատարենք այս երկու նշանակալից դէպքերուն, մեզի համար ակնյայտօրէն կը բացուի դէպի լոյս ձգուող յաւէրժի ճամբան։

Ուրեմն, եկէք Քրիստոսի Յարութիւնը դիմաւորենք մեր հոգու հայեացքը ուղղած դէպի այդ լուսաթաթախ ճամբան, ուրկէ կու գայ փրկութիւն ազգիս հայոց եւ ամենեքեանս գոչաբանենք՝ ըսելով․ «Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց։ Օրհնեա՜լ է Յարութիւնը Քրիստոսի։»

ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

17 ԱՊՐԻԼ, 2022
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ