Երեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Սուրբ Յարութեան Աւետիսը

Քառասնօրեայ Երեւումներու Լոյսին Տակ

Ովսաննաներ – Կենսատու Սուրբ Խաչ -Լոյս Գերեզման

Դոկտ. ԶԱՒԷՆ Ա ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Քրիստոսի Յարութեան Աւետիսը սոսկ հաւատքի արդիւնք չեղաւ,

այլ Յարուցեալ Փրկչին քառասնօրեայ երեւումներով հաստատուած

իրողութիւն մը։

          Սուրբ Զատկին քրիստոնեայ բովանդակ աշխարհը կ՛ապրի Յարութեան մշտնջենական աւետիսով՝ «Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց»։  Ճանապարհ մը Մեծ Պահոց ընթացքով ստուերուն, Արեւագալով լուսաւոր, Ծաղկազարդի ովսաննաներով դղրդիւն դէպի Երուսաղէմ մուտք, վերջին սաստերու ամպրոպներուն ուժգնութեամբ, խորհրդաւոր Վերջին Ընթրիքով, հասնելու համար Խաչ եւ Գերեզման, ու անկէ քառասնօրեայ Յարութեան իսկական ներկայութիւն իսկական երեւումներով։

          Աւետարանները կը հաստատեն որ Յարութեան Աւետիսը պատմութեան մէջ որպէս Փրկիչ ծնած ու քարոզած նոյն ինքն Աստուածորդւոյն լոյս գերեզմանէն վերակենդանացած ներկայութիւնը եղաւ իր առաքեալներուն առջեւ։ Առ հասարակ այն տպաւորութիւնը կը ստացուի թէ Փրկիչը իր գերեզմանէն յարութիւն առնելով բարձրացաւ առ Հայր, ինչպէս սրբապատկերներու ետին թաքուն կը տեսնենք։ Չմոռնանք երբեք քառասուն օրերը երբ Յարուցեալ Փրկիչը մնաց երկրի վրայ, միայն իր գերեզմանէն դուրս գալով եւ իրենները փնտռելով ու անոնց հետ մնալով։

          Տօնը Կենսատու Յարութեան տօնն է, կեանք պարգեւող, գերեզմանէն անդին, որ եղաւ լրումը Քրիստոսի սուրբ առաքելութեան, ոչ թէ վերջ մը, այլ մանաւանդ մշտնջենի կեանք՝ Բեթղեհէմէն սկսած եւ Յարութեամբ յաւէտ կենդանի։ Աւետարանական իւրայատուկ   տուեալներով Յարուցեալ Քրիստոս քառասուն օրեր երեւցաւ նախ գերեզման փութացող կանանց, ապա վերնատան մէջ ակնկառոյց սպասող առաքեալներուն, եւ պատեհութեամբ մըն ալ Երուսաղէմէն Էմմաուս ոտքով ճամբորդող զոյգին, մին Կղէովպաս եւ միւսը անունով անծանօթ հետեւորդ մը, որոնց ԱՆԾԱՆՕԹԸ եղաւ բացառիկ հիւրը ընթրելու իրենց հետ երբ Էմմաուս պիտի հասնէին։ Կը խօսէին առանց գիտնալու թէ ով էր իրենց երեւցողը, խօսելով Փրկչին գլխուն եկած փորձանքներու մասին մինչեւ որ հասան տուն ուր սեղանը օրհնեց ու յայտնեց ինքզինք։

          Յարութեան առաջին առաւօտուն իսկ երբ Մարիամ Մագդաղենացի եւ «միւս Մարիամ»ը գերեզման գացեր էին, մեծ զարմացումով գերեզմանը փակող ծանր քարը մէկդի գլորուած տեսան ուր Յիսուսի մարմինը չկար։ Վախցան անշուշտ։ Գերեզմանի պարտէզին մէջ տեսան անձ մը, պարտիզպանը խորհելով, հարցուցին եթէ Տիրոջ մարմինը վերցուցած  էին գերեզմանէն։  «Մարիամ» ըսելով հրաշք մը եւս տեղի կ՛ունենար     երբ «մի՛ լաք, մի՛ ողբաք»  կ՛ըսէր կարծեցեալը։ Յարուցեալ Քրիստոսն էր կանգնած կիներուն դէմ։

          Տօնական օրերու մեր շարականներէն մին պատկերաւոր կ՛երգէ յարութեան աւետիսը ըսելով,

Այսօր վիմին հաւատոյ եւ Յովհաննու սիրելւոյ

Ընդ հակառակս ընթացեալ պատմէին աշակերտացն ասելով

Յարուցեալ է Տէրն ի գերեզմանէն։

          Հաւատքի վէմը Պետրոսն է, իսկ Յովհաննէսը Յիսուսի սիրած աշակերտը։ Երբ լսեցին իրարանցումը, հակառակ ուղղութեամբ կը վազէին, մին դէպի գերեզման, միւսը գերեզմանէն դէպի վերնատուն, անհաւատալին ստուգապէս փոխանցելու համար հոն սպասող առաքեալներուն ու անոնց հետեւորդներուն։ Թովմաս առաքեալ բացակայ էր ու չհաւատաց, եւ սակայն Յարուցեալ Քրիստոս կանչեց  զինք իր մօտ եւ ցոյց տուաւ ձեռքերուն եւ ոտներուն վէրքերը։ Թովմաս ցնցուած «տեսաւ ու հաւատաց»։ Աւետարանիչը կաւելցնէ «Երանի   անոնց որոնք առանց տեսնելու պիտի հաւատան։»

          Սուրբ Յարութեան պատգամը Փրկչին մնայուն ներկայութիւնը եղաւ Քրիստոնեայ աշխարհին ճիշդ այնպէս ինչպէս այդ քառասուն օրերուն երբ անհաւատն ու երկմիտը տեսան, շօշափեցին Տիրոջ ձեռներն ու ոտները։ Իսկ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետ մէկ այլ շարականով երգեց՝ «Ձեռք ընդ ձեռաց, ոտք ընդ ոտից ընթանալեաց», այս անգամ հաւատքէն ուղղակի գործի հրաւիրելով, Խաչին վրայ գամուած ձեռքերուն եւ ոտներուն ընդ  (փոխարէն) անոնց տէրը դառնալ ու անոնց գործը շարունակել Յարուցեալ Փրկչի մշտնջենի ներկայութեամբ՝ իր Սուրբ Եկեղեցիին միջոցաւ։

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ