Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

«Ահա Ես Նոր Բան Մը Պիտի Ընեմ»

Դոկտ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

«Ու հին բաները մտքերնիդ մի բերէք։ Ահա ես նոր բան մը պիտի ընեմ»

(Եսայեայ 43: 18-19)

«Ան որ լալով կ՚երթայ, ցանելու սերմը տանելով, անշուշտ ցնծութեամբ ետ պիտի դառնայ, իր ցորենի խուրձերը բերելով»։

(Սաղմոս 126:6)

«Ետեւի եղածները մոռցած եմ ու առջեւի եղածներուն կը դիմեմ. նպատակը դիտելով դէպի Քրիստոս Յիսուսով եղած Աստուծոյ վերջին կոչումի մրցանակին կը վազեմ»։

(Փիլիպեցիս 3:13-14)

Եսայեայ մարգարէն կը մարգարէանայ հրեայ ժողովուրդին ազատագրումին վրայով։ 587-582 (Ք.Ա.) տարիներուն Եհովան Նաբուգոթոնոսոր թագաւորին միջոցաւ կործանեց Երուսաղէմը եւ աքսորեց հրեայ ժողովուրդը Բաբելոն։ Եհովան հիմա կը խօսի նոյն ժողովուրդին ազատագրումին եւ հայրենիք վերադարձին մասին։ Հոս մէջտեղ կու գայ Եհովային ուժը, «որ զօրաւոր ջուրերու մէջ շաւիղ կը բանայ» (Եսայեայ 43:16)։ Եհովան ամէնակարող է. «որ կառքն ու ձին, զօրքը եւ հզօրութիւնը կը հանէ» (Եսայեայ 43:17)։

Եհովան կը խոստանայ ազատագրել հրեայ ժողովուրդը եւ վերադարձնել զիրենք հայրենիք։ Ան կը յորդորէ իր ժողովուրդը ըսելով. «հին բաները մտքերնին չի բերեն» (Եսայեայ 43:18)։ Անցեալը վերջացած է եւ «նոր բան մը պիտի ընեմ»։ Իսկ նո՞րը։ Այն որ Եհովան-Քրիստոս շինեց։ Այս նորի իրականութեան մէջէն է, որ Աստուածաշունչի երկու կտակարանները կը միանան եւ զիրար կ՚ամբողջացնեն։ Այս նորը, որ խոստացուեցաւ հին կտակարանին մէջ եւ որ իրականացաւ նորին՝ Քրիստոսի աշխարհ գալով, եւ անոր մահուամբ եւ յարութեամբ։

Նորը միշտ դիւրին չէ ոչ ալ Աստուծոյ խոստացած ազատագրում-փրկութիւնը։ Աստուծոյ յայտնութիւնը մարդուն եւ հաւաքականութեան եւ անոնց փրկութիւնը կրնայ ունենալ տարբեր միջոցառումներ՝ մեկնելով մարդուն եւ հաւաքականութեան ապրած  ու ապրող կեանքի փորձէն ու փորձառութենէն։ Այն ինչ որ կը մնայ հիմնական Աստուծոյ խոստումն է. «անապատի մէջ ջուրեր եւ անջրդի երկրի մէջ գետեր պիտի տամ» (Եսայեայ 43:20)։ Աստուած կը խոստանայ իր ժողովուրդին կեանքը վերածել կանաչ եւ ապրող իրականութիւններու։ Այս իրականացաւ երբ «Տէրը Սիոնի գերութիւնը դարձուց, երազ տեսնողներու պէս եղանք» (Սաղմոս 126:1)։ Ազատագրութիւնը-փրկութիւնը որ «երազ» մըն էր եւ որ իրականացաւ։

Այս երազը իրականութիւն դարձնելը եւ անոր հասնիլը ունի իր գինը։ Իսկ գի՞նը։ 126-րդ Սաղմոսին մէջ կը յիշուի աշխատանք մը, որուն մէջ կայ լաց. «Ան որ լալով կ՚երթայ, ցանելու սերմը տանելով» (Սաղմոս 126:6)։ Այս նեղութեան ու աշխատանքի արգասի՞քը։ Աստուած կը խոստանայ, որ մարդը. «ցնծութեամբ ետ պիտի դառնայ, իր ցորենի խուրձերը բերելով» (Սաղմոս 126:6)։ Եթէ աշխատանքին մէջ կայ նեղութիւն, բայց այդ նոյն նեղութիւնը կ՚արտադրէ նորը։ Իսկ նորը, ինչպէս Սաղմոսին մէջ կը յիշուի՝ «խուրձերը», որ կը բերուին՝ իմմա կը շինուին։ Խուրձերը աշխատանքի եւ կեանքի արդիւնք են։

Քրիստոս նորը շինեց մէկ կողմէ նեղութեամբ բայց նոյնքան նաեւ աշխատանքով եւ մարտնչելով։ Ան խոստացաւ, թէ «ինքն է ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» (Յովհաննու 14:6)։ Եթէ ան մեզի եւ աշխարհին խոստացաւ նոր կեանք, բայց Ան երբեք չըսաւ, թէ նոր կեանքը դիւրին է։ Ան ապրեցաւ նեղութիւնը, որպէսզի իր խոստացածը իրականացնէ։ Եթէ խաչին վրայ Ան չարչարուեցաւ եւ մահացաւ, այսինքն  նեղութիւնը որ կրեց, այս բոլորը կը ներկայացնեն Քրիստոսի ապրած իրական կեանքը այս աշխարհի վրայ։

Քրիստոս նաեւ կրեց զրկանք, արհամարհանք, նախատինք եւ աւելին։ Նեղութեան եւ չարչարանքի ու արհամարհանքի մէջէն Քրիստոս նոյնքան նաեւ տքնեցաւ եւ մարտնչեց։ Մահուընէ ետք, երբ երեք օրեր գերեզման մնաց, ան պայքարեցաւ մահուան, չարին, եւ մեղքին դէմ։ Եթէ մէկ կողմէ ակնյայտ է Քրիստոսի ապրած նեղութիւնը, նոյնքան նաեւ պայքարը։ Քրիստոսի պայքարը նորը շինելու մէջ էր։ Քրիստոսի յարութիւնը՝ յաղթանակը մահուան դէմ, ապացոյց էր որ ան յաղթեց մեղքին՝ հինին, եւ շինեց նորը մեր իւրաքանչիւրին համար։ Առանց նեղութեան, չարչարանքի, աշխատանքի եւ պայքարի կարելի չէ, որ մարդուն եւ հաւաքականութեան մէջ նորը շինուի։ Աստուծոյ խոստումը ,թէ «նոր բան մը պիտի ընեմ» չի գար դիւրին եւ աժան։ Հոն կայ նուիրում եւ աշխատանք։ Նոյնքան նաեւ զրկանք եւ նեղութիւն։

Քրիստոսի շնորհած նորի խոստումը ունի պարտաւորութիւն եւ զոհողութիւն։ Եթէ հրեայ ժողովուրդը ապրեցաւ զոհողութիւնը եւ գիտակցեցաւ իր պարտաւորութեան, բայց նաեւ իւրաքանչիւրս այսօր պարտինք ընել նոյնը։ Պիտի տեսնել, թէ նորը որ մեզի շնորհուեցաւ ոչ միայն պիտի պահել մեր անձնական կեանքին համար, բայց նաեւ կերտել եւ սատարել հաւաքական եւ ընդհանրական կեանքերուն համար։ Այս գործընթացքը  ունի աշխատանք, որուն մէջ կայ նեղութիւն։ Ու տակաւին, եթէ պիտի պահենք եւ շինենք նորը, կարելի չէ, որ «հին բաները մեր մտքերը բերենք»։ Նորը պիտի պահանջէ նոր տեսլական, նոր գործելաոճ եւ նոր կեանք։

Պօղոս Առաքեալ յստակ կերպով կը բնութագրէ, թէ ինչպէս քրիստոնեան պէտք է ապրի իր կեանքը այս նորի գիտակցութեան մէջէն։ Ան  այսպէս կը յորդորէ. «ետեւի եղածները մոռցած եմ» (Փիլիպեցիս 3:13)։ Իսկ ետեւի եղածնե՞րը։ Ան չի խօսիր եւ չակնկալեր, թէ պէտք է մոռնալ ինքնութիւն, ազգ, եւ մշակոյթ։ Ան կը խօսի եւ կ՚ակնարկէ անցեալի կեանքը իր ձախողութիւններով եւ յաջողութիւններով։ Կարելի չէ, որ մարդ եւ հաւաքականութիւն ապրին իրենց ձախողութիւններուն եւ անոնց ստեղծած ճնշումով եւ յուսահատութեամբ։ Կարելի ալ չէ, որ մարդ եւ հաւաքականութիւն  բաւականանան իրենց անցեալին ձեռք բերած յաջողութիւններով եւ մնան անոնց մէջ՝ ստեղծելով հանգստեան գօտի մը։ Պօղոս Առաքեալ կը խօսի անցեալի կեանքի ապրած փորձը «մոռնալու» գրաւականին վրայով։  Փորձը իր ձախողութիւններով եւ յաջողութիւններովը։ Պօղոս Առաքեալ հոն ալ չի մնար։ Ան կը մխտէ քրիստոնեան, որ «առջեւի եղածներուն դիմէ» (Փիլիպեցիս 3:13)։ Իսկ ի՞նչ կայ առջեւը, որուն համար արժէ հասնիլ։

Նորն է։ Նորը շինելու, կերտելու եւ զարգացնելու համար։ Պօղոս Առաքեալ այս նոյն հասկացողութիւնը կը նոյնացնէ մրցանակի։ Այն իրականութիւնը, որուն համար ան կը տքնի՝ Քրիստոսի շնորհած նոր կեանքի մրցանակը։ Նոր կեանքը, որ իրականացաւ իր չարչարանքով, մահուամբ եւ յարութեամբ։

Քրիստոս իր յարութեամբ շինեց նորը։ Այս նորը ան շինեց կրելով ամէն զրկանք, նեղութիւն եւ մահ։

Բայց հոն չի մնաց։ Ան պայքարեցաւ եւ աշխատեցաւ, որպէսզի յաղթէ մահուան եւ նորը շինէ։ Այս նորը մեր կեանքերուն իմաստ տուող եւ արժեւորող մրցանակն է։ Մրցանակ մը, որ արժէ որ դառնայ մեր կեանքի նպատակակէտը։

Ո՞ւր ենք, որպէս անհատներ, ընտանիքներ, հաւաքականութիւն եւ հայ ժողովուրդ եւ պետականութիւն այս նոր տեսլականին՝ իմմա մրցանակին հասնելու գիտակցութեան մէջ։

Հայ ժողովուրդին ներկայ օրերու տուեալներուն մէջ կան բաւական նմանութիւններ հրեայ ժողովուրդին ապրած նեղութիւններուն հետ։ Հայը՝ յատկապէս 44-օրեայ արցախեան պատերազմէն ետք, կ՚ապրի ճգնաժամը, նեղութիւնը։ Ան ապրեցաւ տառապանքի ու ցաւի փորձառութիւնը։ Ու տակաւին մահը։ Ներկայի օրերը նոյնքան անյստակ եւ բախտորոշ են։

Այս բոլոր իրավիճակներուն մէջէն արժէ կառչիլ եւ հաւատալ Աստուծոյ խոստումին. «Ահա ես նոր բան մը պիտի ընեմ»։ Այն նորը, որ Քրիստոս շինեց ինծի, քեզի, եւ իւրաքանչիւր հայուն եւ համայն աշխարհին համար։ Աստուած կ՚ուզէ, որ հայը անդրադառնայ այս «նոր»ը շինելու գիտակցութեան եւ անոր գործընթացքին։ Հայը պէտք է անդրադառնայ, թէ անհրաժեշտ է «ետեւի բաները մոռնալ»ը։ Բայց ոչ միայն այդ, այլ աշխատի ու տքնի եւ «մրցանակին վազէ»։ Մրցանակը, որ կը շինէ ու կը հաստատէ նոր կեանքը։

Այս մրցանակը աժան չի գար եւ դիւրին ալ չէ անոր հասնիլը։ Հոն կայ նեղութիւն, տառապանք, չարչարանք, մահ բայց նաեւ պայքար եւ մարտնչելու հոգի եւ տրամադրութիւն։ «Ահ ես նոր բան մը պիտի ընեմ»։ Նորը ընելու համար պիտի համոզուինք, թէ պէտք է տքնիլ բայց նաեւ մարտնչիլ, որպէսզի մրցանակին հասնինք։ Այս մրցանակն է, որ պիտի շինէ մեր անհատական, հաւաքական եւ հայրենի կեանքերը։

Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց։

Օրհնեալ է Յարութիւնը Քրիստոսի։

Յարութիւնը «նոր բան մը ընելու» խոստումն է, որ իրականացաւ։  Արժէ, որ հայը այս խոստացուած ու  իրականացած «նոր բանը» ապրող  իրականութեան դարձնէ իր կեանքին համար։ Եթէ հայուն կեանքը այսօր դժուար է, բայց կայ Աստուծոյ խոստումը, որ իրականացաւ երբ ան ըսաւ. «Ահա ես նոր բան մը պիտի ընեմ»։

Այս «նոր բան»ն է, որ պիտի ապրեցնէ հայը։

Քուէյթ
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ