Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաստանի ու Ռուսիոյ Տարածքները Պիտի Չի Տրամադրուին Երրորդ Կողմի Գործունէութեան Համար․ Փութինի եւ Փաշինեանի Համատեղ Յայտարարութիւնը

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վ.Վ.Փութինի հրաւէրով` 2022 թուականի Ապրիլի 19-20 Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Ն.Վ.Փաշինեանը պաշտօնական այց կատարած է Ռուսիոյ Դաշնութիւն: Երկու երկիրներու ղեկավարները տարածած են համատեղ յայտարարութիւնն, ուր կ՝ըսուի.

1. Առաջնորդները, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ դաշնակցային յարաբերութիւններուն բնորոշ կառուցողական եւ վստահութեան մթնոլորտի մէջ իրականացուցին մտքերու հանգամանալից փոխանակում քաղաքական, ռազմական եւ ռազմաճարտարագիտական, առեւտրատնտեսական, գիտակրթական, մշակութային-մարդասիրական ոլորտներու մէջ, ինչպէս նաեւ արդարադատութեան, աշխատանքի եւ հասարակական հարցերու ոլորտներու մէջ երկկողմ համագործակցութեան ընդարձակ օրակարգի շուրջ, գոհունակութեամբ նշեցին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ բազմաբնոյթ փոխշահաւէտ դաշնակցութեան զարգացման դրական ընթացքը: Նաեւ քննարկուեցան տարածաշրջանային եւ միջազգային խնդիրներու շուրջ փոխգործակցութեան՝ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող արդիական հարցեր:

2. Կողմերը, պատմական նշանակութիւն տալով պետութիւններուն միջեւ 1992թ. Ապրիլ 3-ին դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին, հաստատեցին միջպետական յարաբերութիւններու համապարփակ խորացման եւ ընդլայնման մտադրութիւնը 1997թ. Օգոստոս 29-ի Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան միջեւ բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան պայմանագրին մէջ եւ 2000թ. Սեպտեմբեր 26-ի Դէպի 21-րդ դար ուղղուած Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան միջեւ դաշնակցային փոխգործակցութեան հռչակագրին մէջ ամրագրուած սկզբունքներուն հիման վրայ: Համոզում յայտնեցին, որ հայ-ռուսաստանեան յարաբերութիւններու յետագայ առաջանցիկ զարգացումը պիտի նպաստէ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ժողովուրդներու արմատական հետաքրքրութիւններու եւ ձգտումներու իրագործման, տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան ամրապնդման, երկու երկիրներու միջազգային հեղինակութեան ամրապնդման:

3. Առաջնորդները համաձայնեցան, որ 2022թ. դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին առնչուող համատեղ քայլերու կազմակերպումը պիտի ծառայէ երկկողմ փոխգործակցութեան առաջմղումին, անոր ռազմավարական ուղղուածութեան եւ առանձնաշնորհեալ բնոյթի ամրագրման: Համաձայնեցան, յոբելեանի կապակցութեամբ իրականացնել Հայաստանի մշակոյթի օրերը Ռուսիոյ մէջ, Ռուսիոյ հոգեւոր մշակոյթի օրերը Հայաստանի մէջ, հայ-ռուսաստանեան բարեկամութեան յուշարձանի հիմքի տեղադրումը Երեւանի մէջ եւ շարք մը այլ ձեռնարկներ, որոնք պիտի սերտացնեն մեր ժողովուրդներուն միջեւ միջմարդկային շփումները:

Որոշուեցաւ նպաստել մշտական հիմքի վրայ հայաստանեան եւ ռուսաստանեան հասարակութիւններու երկխօսութեան հիմնումին՝ նպատակադրուելով անոր առաջին նիստը իրականացնելու 2022թ.՝ նուիրուած դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին:

4. Ն.Վ.Փաշինեանը եւ Վ.Վ.Փութինը նշեցին բարձրագոյն մակարդակով վստահութեան մթնոլորտի մէջ կանոնաւոր երկխօսութեան առաջնահերթ կարեւորութիւնը: Այդ առնչութեամբ ընդգծուեցան Հայաստանի վարչապետի՝ Ռուսիոյ Դաշնութիւն ներկայ պաշտօնական այցին այժմէականութիւնը եւ նշանակութիւնը փոխշահաւէտ քաղաքական կապերու յետագայ ամրապնդման, միջգերատեսչական փոխանակումներու ընդլայնման, առեւտրատնտեսական փոխգործակցութեան եւ եւրասիական տարածաշրջանի մէջ ընդելուզման գործընթացներու խորացման, Հարաւային Կովկասի մէջ իրադրութեան կարգաւորման եւ կայունութեան բարձրացման համար:

Հաստատուեցաւ տարբեր մակարդակներով երկկողմ արտաքին քաղաքական խորհրդատւութիւնններու իրականացման փորձառութեան օգտակարութիւնը: Շեշտադրուեցաւ հայ-ռուսաստանեան միջխորհրդարանական անմիջական երկխօսութեան շարունակութեան պահանջուածութիւնը: Նշուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան միջեւ ռազմական եւ ռազմաճարտարագիտական համագործակցութեան բարձր մակարդակը:

5. Առաջնորդները գոհունակութիւն յայտնեցին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը կայուն աճի հետագիծին հասցնելու ուղղութեամբ աշխատանքի արդիւնքներով: Ընդգծուեցաւ առեւտուրի անուանակարգի ծաւալներու յետագայ առաջանցիկ աճի, արտադրութեան տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան զարգացման, Եւրասիական տնտեսական միութեան մեքենականութիւններու աշխոյժ գործադրման անհրաժեշտութիւնը:

Համաձայնութիւն եղաւ խրախուսելու երկու երկիրներու գործարար շրջանակներու միջեւ սերտ կապերու հաստատումը, ինչպէս միջտարածաշրջանային եւ տեղական ինքնակառավարման ձեւաչափերով՝ գործարար առաքելութիւններու մեքենականութիւններու գործադրումով: Դրական գնահատուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան կառավարութեան միջեւ 2022-2025թթ. համար տնտեսական համագործակցութեան ծրագրի վերջնականացման ուղղութեամբ իրականացուած աշխատանքը:

6. Նշուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան միջեւ տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի, ինչպէս նաեւ արդիւնաբերութեան հարցերով աշխատանքային խումբի բարձր պահանջուածութիւնը եւ արդիւնաւէտութիւնը՝ երկկողմ գործնական համաձայնութիւններու մշակման եւ իրականացման տեսանկիւնէն: Փոխադարձ հետաքրքրուածութիւն արտայայտուեցաւ Հայաստանի տարածքին մէջ արդիւնաբերական ցուցահանդէսներու մշտական իրականացման, ինչպէս՝ բարձր արհեստագիտութիւններու բնագաւառէն ներս համագործակցութեան շեշտադրումով:

Կողմերը ողջունեցին ռուսաստանեան տնտեսական գործարարներու՝ Հայաստանի մէջ ամբողջական եւ ժամանակակից արտադրական շրջանակի ստեղծման մտադրութիւնը: Հետաքրքրուածութիւն յայտնեցին ուժանիւթի զարգացման, ինչպէս վերականգնուող ուժանիւթի ծրագրերու մշակման հարցով՝ հիմնուած ուժանիւթի անվտանգութեան եւ անկախութեան, բնութեան նկատմամբ հոգատար վերաբերմունքի եւ կայուն զարգացման սկզբունքներու հիման վրայ:

Որոշուեցաւ այսուհետեւ եւս նպաստել դէպի Հայաստան ռուսաստանեան ներդրումներու հոսքին: Ընդգծուեցաւ, որ Ռուսիայէն տնտեսական գործարարները Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնական հարկատուներուն մէջ են, կ՝ապահովեն աշխատատեղերու զգալի քանակի ստեղծումը եւ կ՝ընդլայնեն մարդուժի մասնագէտներու պատրաստման հնարաւորութիւնները:

Գոհունակութեամբ նշեցին երկու երկիրներու տարածաշրջաններուն միջեւ կապերու ընդլայնման, գործարար կապերու ամրապնդման, համատեղ արտադրութիւններու ստեղծման եւ ներդրումային երկխօսութեան անմիջականացման նպատակով՝ Հայ-ռուսաստանեան գործարար խորհուրդի ստեղծման ուղղութեամբ տարուող Կողմերու աշխատանքը:

Կողմերը հաստատեցին պատրաստակամութիւն ընդլայնելու աթոմային ուժանիւթի խաղաղ օգտագործման բնագաւառէն ներս համագործակցութիւնը: Ողջունեցին Հայկական ԱԷԿ-ի շահագործման ժամկէտի երկարաձգումը եւ նապտակադրուածութիւն յայտնեցին ուժանիւթի նոր հատուածներու կառուցման մշակման շուրջ:

Ընդգծուեցաւ Եւրասիական տնտեսական միութեան շրջանակներու մէջ ուժանիւթի միջոցներու ընդհանուր շուկայի հետեւողական ձեւաւորման ուղղութեամբ համատեղ արդիւնաւէտ աշխատանքը:

7. Կողմերը մտադրութիւն յայտնեցին նպաստելու Հայաստանի եւ Ռուսիոյ տարածաշրջաններուն միջեւ գործնական փոխգործակցութեան խորացման, ինչպէս ամենամեայ միջտարածաշրջանային համաժողովներու մեքենականութեան գործադրմամբ: Աջակցութիւն յայտնեցին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան կառավարութեան միջեւ միջտարածաշրջանային համագործակցութեան 2022-2027թթ. ծրագրի համակողմանի իրականացման, տարածաշրջաններու եւ քաղաքապետարաններու միաւորներու միջեւ խաչաձեւ կապերու հաստատման:

8. Առաջնորդները հաստատեցին նոր COVID-19 վարակի, այլ վտանգաւոր վարակներու եւ կենդանիներու վարակներու տարածման դէմ պայքարին ուղղուած համատեղ գործողութիւնները շարունակելու մտադրութիւնը: Անթոյլատրելի համարեցին համավարակի թեմայի քաղաքականացումը, արտայայտուեցան COVID-19-ի հետեւանքներու յաղթահարման համար համընդհանուր ջանքերու եւ վարակիչ հիւանդութիւններու տարածումը թոյլ չտալու օգտին:

9. Ն.Վ.Փաշինեանը եւ Վ.Վ.Պուտինը մտահոգութիւն յայտնեցին մի շարք երկրների կողմից միակողմանի սահմանափակող միջոցների կիրառման կապակցութեամբ: Մտադրութիւն յայտնեցին միասին յաղթահարել նշեալ միջոցներով պայմանաւորուած մարտահրաւէրները, այդ թւում՝ երկու երկրների պարէնային եւ էներգետիկ անվտանգութեան, լոգիստիկայի եւ այլ բնագաւառներում:

10. Կողմերը մտահոգութիւն յայտնեցին հակաիրաւական եւ վնասակար գործողութիւններու իրականացման, պետութիւններու ներքին գործերուն միջամտելու եւ անոնց սոււերենութիւնը խաթարելու նպատակով ժամանակակից տեղեկատուահաղորդակցային արհեստագիտութիւններու օգտագործման աճող միտման կապակցութեամբ: Ընդգծեցին միջազգային տեղեկատուական անվտանգութեան բնագաւառէն ներս երկկողմ համագործակցութեան ամրապնդման նշանակութիւնը: Հաստատեցին տարածաշրջանային եւ համաշխարհային մակարդակներու վրայ, նախեւառաջ ՄԱԿ-ի մէջ, միջազգային տեղեկատուական անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ կառուցողական փոխգործակցութիւն իրականացնելու նպատակադրութիւնը:

11. Առաջնորդները ընդգծեցին կենսաբանական անվտանգութեան ապահովման բնագաւառէն ներս Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու յետագայ իրականացման կարեւորութիւնը, ինչպէս 2021թ. Մայիս 6-ի Կենսաբանական անվտանգութեան ապահովման հարցերով փոխըմբռնման յուշագրի հիման վրայ: Հաստատուած է, որ երկու պետութիւններու տարածքները պիտի չի տրամադրուին կենսաանվտանգութեան ոլորտէ ներս իրարու հետաքրքրութիւններուն դէմ ուղղուած գործունէութեան իրականացման նպատակներով երրորդ երկիրներու կողմէ օգտագործման համար:

12. Կողմերը, պահպանելով ընդհանուր անցեալի նկատմամբ միասնական մօտեցումները, մտադրութիւն յայտնեցին շարունակելու Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի արդիւնքներու վերանայման եւ պատմութեան խեղաթիւրման դէմ պայքարը: Համաձայնեցան մեծցնելու ռասիզմի, այլատեացութեան, նէոնացիզմի, ինչպէս նաեւ ազգային, լեզուական կամ կրօնական խտրականութեան, ներառեալ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ մէջ բնակող քաղաքացիներու եւ հայրենակիցներու իրաւունքներուն եւ օրինական շահերուն առնչուող ցանկացած դրսեւորումներուն հակազդելու ուղղութեամբ ջանքերը:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ