Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024

Շաբաթաթերթ

Մաէսթրօ Հենրիկ Եւ Տիկին Մարիէթա Անասեաններու Ծննդեան Տարեդարձի Անմոռանալի Խրախճանքը

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Կիրակի, Ապրիլ 10, 2022 կ.ե. ժամը 1։30-էն սկսեալ, Անասեաններու շքեղ բնակարանին մէջ, տօնական իսկական մթնոլորտ մը կը տիրէր։ Այդ օր 100-է աւելի հրաւիրեալներու ներկայութեամբ, հայկական շէն ու շէնշող մթնոլորտի մէջ նշուեցաւ գաղութիս Սիփան մեծանուն երգչախումբի հիմնադիր եւ 40 տարիներու ղեկավար, 12 գիրքերու հեղինակ՝ Հենրիկ Անասեանի ծննդեան 80-ամեակը եւ իր տիկնոջ, շնորհաշատ ծանօթ երգչուհի, մանկավարժ՝ Տիկ. Մարիէթա Անասեանի ծննդեան 75 ամեակը։

Մաէսթրօ Հենրիկը ծնած է Ապրիլ 10-ին, իսկ Տիկ. Մարիէթան Ապրիլ 7-ին։

Մօտաւորապէս ժամը 2։00-ին առատ եւ բազմազան խմիչքներու եւ կերակրատեսակներու սպասարկութենէն ետք, գործադրուեցաւ ազգային, էստրատային, ժողովրդական երգերու, խաղերու, պարերու եւ արտասանութիւններու ինքնաբուխ եւ անպատրաստից յայտագիր մը, ընկերակցութեամբ Տիկ. Մարիէթայի դանշակի նուագով եւ Ռաֆֆի Թորոսեանի ձեռնադաշնակի կատարումներով։

Սիփան երգչախումբի վարչութեան ատենապետ Պրն. Ռաֆֆի Թորոսեան, երգչախումբի անդամներուն անունով սրտանց շնորհաւորեց Մաէսթրոն եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց անոր, որ 20 տարիներ շարունակ Սիփանի մէջ երգելով, շատ բան սորվեցաւ եւ իւրացուց երգարուեստի բնագաւառէն ներս։

Ապա Պրն. Թորոսեան բոլոր անդամներուն անունով շնորհաւորեց Տէր եւ Տիկ. Անասեանները այս տարեդարձին առիթով, մաղթելով անոնց երկար եւ բեղուն տարիներ։ Ապա շարունակուեցաւ բաժակաճառերու եւ սրտագին խօսքերու մասը։

Ժամը 7։00-ին բոլոր ներկաներուն միաբերան երգեցողութեամբ երգուեցաւ տարեդարձի երգը եւ կատարուեցաւ կարկանդակի հատումը։

Վերջաւորութեան Մաէսթրոն շատ յուզիչ խօսքով մը շնորհակալութիւն յայտնեց Սիփան երգչախումբի եւ բոլոր ներկաներուն, ըսելով. «դուք իմ հարազատ ընտանիքի անդամներուն պէս էք», եւ փոխադարձաբար մաղթելով բոլորին ամէն բարիք։

Պրն. Ռաֆֆի Թորոսեան ի ուրախութիւն բոլոր ներկաներուն, յայտարարեց թէ համաճարակի պատճառաւ մօտ երկու ու կէս տարի Սիփան երգչախումբը դադրած էր փորձեր ընել եւ ելոյթներ կազմակերպել։ Ան յայտարարեց թէ Սիփան երգչախումբը մօտիկ օրերուն պիտի սկսի իր փորձերուն եւ ելոյթներուն, բոլոր ներկաներուն մեծ ուրախութիւն պատճառելով։

Արդարեւ, կ՚արժէ 80 տարի ապրիլ այսպիսի ճոխ տարեդարձ մը տեսնելու եւ այսպիսի պատուաբեր ծառայութիւններով կեանքը լեցնելու, ինչպիսի եղած է Հենրիկ եւ Մարիէթա Անասեաններուն կեանքը։

Անցաւ, անվիշտ եւ ուրախ ու երջանիկ նորանոր տարիներ կը մաղթենք մեր թանկագին բարեկամներուն՝ Հենրիկ եւ Մարիէթա Անասնեաններուն, որոնք Լոս Անճելըսի գաղութի պարծանքն են անկասկած։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ