Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Մրցանակը …

ԿԱՐՕ ՊՕՀՃԱԼԵԱՆ

Պէյն էլ Սուրէյնի Սբ Աստուածածին եկեղեցիին դարմանատուն տանող սանդուխի լայն եւ հին քարերով աստիճաններէն, գրեթէ միշտ, ջուրով նոր լուացուած մաքրութեան թեթեւ հոտ կու գար:

Վերը, թաղի հայ բնակչութենէն բժշկական խնամքի պէտք ունեցողները, շաբթուան մէջ երկու որոշուած օրերու առաւօտներ, կանուխէն կու գային եւ սպասման սրահի առանց յենարանի փայտէ երկար նստարաններուն վրայ քով քովի տեղ գրաւելով, ներսէն կանչուելու կը սպասէին:

Եկողները երեխաներ, մայրեր, կամ ալ տարեց կիներ էին, որոնց գրեթէ բոլորն ալ նոյն, կամ ալ մօտակայ թաղերէ ծանօթներ ըլլալով, սովորական «բարեւ», «Աստծու բարեւ»էն ետք, իրարու «հալը վախտ»ը կը հարցնէին, յետոյ ուրիշ զանազան նիւթերու կ’անցնէին եւ մտերմիկ խօսակցութիւնները յաճախ երկարելով, սենեակին մէջ շուտով կէս ընտանեկան ջերմ մթնոլորտ կը ստեղծուէր:

Այդ ընդարձակ սրահին կից, բժշկական խորհրդասենեակներ կային, ուր շաբաթը երկու օր, բժ. Եփրեմեանը եւ մանկավարժուհի Մաճառեանը, դարմանուելու եկողները կ’ընդունէին եւ մինչեւ կէսօր քննութիւններ կը կատարէին:

Երկուքն ալ անձնուէր բժիշկներ էին:

Իրենց հոն գտնուած օրերուն, խորհրդասենեակներու դուռը յաճախ ծխնիներուն վրայ դառնալով, «Թրա՛ք» աղմուկ կը հանէր, եւ յանկարծ բարակ պեխերով դարմանատան քարտուղար՝ նիհար Ալպերը, ձեռքին գրիչ ու տետրակ բռնած սեմին վրայ կ’երեւէր:

Ջղային երեւոյթով, եւ փոսը ինկած այտերով, Ալպերը, կայծկլտուն պզտիկ աչքեր ունէր եւ սովորաբար կարճ տաբատ ու մինչեւ ծունկերը հասնող երկար գուլպայ կը գործածէր:

Ան կիսաբաց դրան առջեւ, արագ նայուածքով վերջին եկողները կը ստուգէր, անուններ կ’արձանագրէր, եւ սպասողներուն մէջ կարգը եկածներուն ալ, խորհրդասենեակներէն ներս կը հրաւիրէր:

Այն օրը սպասման սրահը լեցուն էր ու ես առանց յենարանի նստարանին վրայ նստած, տկար եւ ուժասպառ, անունիս կանչուելուն կը սպասէի…:

Յանկարծ սովորական «Թրա՛ք» ձայնը լսեցի եւ Ալպերը դրան առջեւ կեցած անունս կանչեց:

Ճերմակ խորհրդասենեակին մէջ, երբ բժշկուհի Մաճառեանը զիս տեսաւ ժպտեցաւ եւ

-Դուն նորէ՞ն եկար… ի՞նչ եղաւ այս անգամ,- հարցուց զարմանքի խառնուած կատակով…:

Մենք նախորդ այցելութիւններէ իրարու ծանօթներ էինք արդէն եւ մեր ծանօթութիւնն ալ, ատենէ մը ի վեր, բարեկամութեան մօտ բան մը դարձած էր այլեւս:

Սակայն ես տկար կը զգայի այն օրը, տրամադիր ալ չէի խօսելու, հազիւ կրցայ ուժերս հաւաքել ու ժպտիլ:

Բժշկուհին փոխադարձեց ժպիտս եւ պատասխանիս սպասեց…

Քիչ վերջ

-Ի՞նչ կը զգաս, – հարցուց եւ քիչ մը անհամբեր, կարծես հարցումին պատասխանը շուտ գիտնալ ուզէր, պաղ ձեռքը անմիջապէս ճակտիս տարաւ:

Յանկարծ քովէս

-Տոքթո՛ր, այս տղաս կերակուր չ’ուտէր,- միջամտեց մայրս:

Բժիշկները բոլորն ալ գոց սորված էին մօրս այս գանգատը, եւ տոքթ.

Մաճառեանն ալ արդէն տեղեակ էր ատկէ: Սակայն ան գիտէր որ առողջութիւնս ընդհանուր ձեւով լաւ էր եւ մտահոգուելու մասնաւոր պատճառ չկար …

-Բայց տոքթո՛ր, հիմա քանի օրէ ի վեր փորհարութիւն ունի եւ չուտելուն պատճառով ալ շատ տկարացած է,- մտահոգ շարունակեց մայրս:

Բժշկուհին հետաքրքրուեցաւ:

-Քանի՞ օրէ ի վեր փորհարութիւն ունի,–հարցուց եւ ձեռքով այտս շոյելով,

-Ցաւ ունի՞ս,- հարցուց:

Ես գլխով հազիւ հաստատական նշան ըրի եւ իր յաղթանդամ մարմնին ու խարտեաշ մազերուն նայեցայ…

-Լաւ հասկցայ, դուն այսօր հետս խօսիլ չես ուզեր,- ըսաւ բժշկուհին խնդալով եւ կարճ դադարէ յետոյ,

-Այսօր հետս բարեկամ չե՞ս ,-շարունակեց:

Ես ուժաթափ էի, խօսելու ուժ չկար վրաս, «բարեկամ եմ» ըսելու ձեւով, գլխով դարձեալ հաստատական պատասխան տուի:

-Էհ, քանի որ այդպէս է, եկու՛ր կռնակիդ վրայ հոս պառկէ, որպէսզի տեսնեմ թէ ի՞նչ ունիս ,-ըսաւ:

Ես ճերմակ սաւանով մահճակալի մը վրայ պառկեցայ:

Տոքթորը բաց ափը փորիս վրայ դրաւ, սահեցուց, հոս հոն սեղմեց, շօշափեց եւ երբ վերջացուց, խաղողի հիւթ, խաշուած հաւու ջուրով գետնախնձոր, չոր պաքսիմաթ եւ մէկ ամիս ալ կռնակի վրայ պառկած մնալ յանձնարարեց մօրս եւ յետոյ ալ, դեղագիրը մօրս յանձնած ժամանակ,

-Մէկ ամիսէն Կարօն ետ բեր որ դարձեալ տեսնեմ ,- ըսաւ

Ըսելը դիւրին էր բայց բժշկուհիին պատուէրները կատարելը դժուար, որովհետեւ ես խաղող սիրողներէն չէի:

Ճիշտ չեմ յիշեր մենք տարուան ո՛ր ամսուն մէջ էինք, բայց գիտեմ որ պտուղներու առատ եղանակին մէջ չէինք գտնուեր :

Սակայն առատ որ կ’ըսեմ, ի՛նչ առատ, արդէն Նեղոսի երկու ափերուն վրայի մշակելի նեղ հողերուն չափը ի՛նչ էր, որ պտուղներն ալ առատ ըլլային այն օրերուն…:

Անոնք սովորաբար, միայն գարնան եւ ամառուայ ամիսներուն, դիւրին գիներով կը գտնուէին շուկային վրայ, իսկ եղանակէ դուրս եղող պտուղներուն գիները, հասարակ ժողովուրդին համար, տարին ամբողջ դիւրամատչելի չէին ըլլար:

Սակայն այն օրերուն Եգիպտոսի մէջ Ժիանաքլիս անունով խաղողի նոր տեսակ մը ելած էր, որ յարմար գին ունէր, համեղ էր եւ դիւրին կը գտնուէր պտղավաճառներուն մօտ:

Կանաչ, եւ հիւթեղ ողկոյզներով Ժիանաքլիսը, կ’ըսէին թէ յունական ծագում ունէր, եւ անունն ալ Եգիպտոսի մէջ պտուղը յառաջ բերող յոյնի մը կը պատկանէր:

Տան մէջ քոյրս եւ եղբայրս կը սիրէին Ժիանաքլիսը:

Մայրս կը քամէր խոշոր հատիկներով խաղողը եւ բժկ Մաճառեանի պատուէրին համաձայն, հիւթը ինծի կու տար որպէսզի խմեմ:

Բայց ես չէի սիրեր համը եւ դժուար կը վերջացնէի գաւաթի մը պարունակութիւնը:

Սակայն խաղողի հիւթը խմելէն աւելի, ամբողջ օրը անկողինին մէջ պառկած մնալն էր դժուարը, որովհետեւ տան ժամացոյցի սլաքները, կարծես թիւերուն փակած ըլլային չէին շարժեր:

Բարեբախտաբար ունեցած գիրքերս եւ հօրս ալ գնած «Սինտիպատ» անունով մանկապատանեկան արաբերէն պարբերաթերթը կարդալով, օրուայ ցերեկուայ մասը յարաբերաբար շուտ կ’անցնէր եւ ես փողոցէն եկող կեանքի աշխոյժ ձայները, որոշ ատեն չէի նշմարեր:

Ճիշտ չեմ յիշեր Գահիրէի մէջ որքան կ’արժէին այն ատենուայ «Սինտիպատ»ները, բայց գիտեմ որ, շուկային վրայ գտնուած նոյն տեսակ հրատարակութիւններէ աւելի սուղ էին, եւ ես միշտ չէր որ անոնցմէ հատ մը ունենալու բախտին կ’արժանանայի:

Ես կը սիրէի «Սինտիպատ«ը որ միտքիս մէջ երեւակայութեան նոր հորիզոններ կը բանար: Անոր կապոյտ, դեղին եւ ուրիշ գոյներով նկարազարդ էջերուն մէջ, հեռաւոր ծովերու վրայ նաւարկող եւ անծանօթ աստղերու խորհրդաւոր փայլին տակ շարունակ վտանգներ դիմագրաւող հերոսը անվախ էր..:

Ես մէկիկ մէկիկ կը դարձնէի էջերը, կը դիտէի անոր գացած տեղերուն գծուած պատկերները, եւ անոնց մէջ խորհրդաւոր ձայներ, ջուրերու վրայ սահող նաւակներու ճողփիւններ լսել կը կարծէի եւ երբեմն ալ Սինտիպատին հետ հեռաւոր անտառներու մէջ արկածախնդրական արշաւանքներու մասնակցիլ կ’երեւակայէի…:

Ես միշտ սիրած էի հեռու եւ անծանօթ երկիրներու խիտ անտառները…:

Սակայն ամբողջ օրը անկողինին մէջ պառկած մնալը, եւ գիրք կամ պարբերաթերթ կարդալը, գիշերուայ քունս կը խանգարէր:

Լուռ մթութեան մէջ որեւէ ժամու յանկարծ կ’արթննայի, եւ ննջասենեակիս կիսախաւարին մէջ, պատէն կախուած եւ մօրեղբօրմէս մօրս յիշատակ մնացած Սբ Աստուածածնի նկարին կը նայէի եւ քունի կը սպասէի….:

Մայրամուտի մօտերը ես ամբողջ օրը գիրք կարդալէն արդէն ձանձրացած կ’ըլլայի: Մայրս եթէ այդ ժամուն տան գործերը վերջացուցած ըլլար, կու գար սնարիս քով կը նստէր եւ ասեղնագործի թելն ու ասեղն ալ միշտ հետը կը բերէր:

Ան կը սիրէր պարապ ժամերուն ասեղնագործով, իսկ ձմեռուայ ցուրտ օրերը սկսելէն առաջ ալ բուրդ հիւսելով զբաղուիլ:

Մեր ընտանիքին պաղ օրերու գործածած բուրդերը, ներառեալ դպրոցական համազգեստիս գոց կապոյտ գոյնով փուլովերը, բոլորն ալ մօրս ձեռքի աշխատանքներն էին …:

Կը սիրէր մանաւանդ մեր ոտքերը տաք պահելու համար, բուրդէ «Բադիկ»ներ հիւսել եւ ամէն անգամ երբ հետաքրքրուէի ու հարցնէի թէ ուրկէ՞ սորված էր ասեղնագործի կամ «բադիկ» հիւսելու արուեստը,

– Պզտիկութեանս, որբանոցի մեծ աղջիկներէն,- կ’ըսէր …

Մահճակալիս սնարին քով նստած, ասեղնագործի յատուկ թելով քիչ քիչ քակուող կծիկն ալ գրկին մէջ, մայրս ձախ ձեռքի ցուցամատով բարակ թելը ասեղնագործի կեռ ծայրով ասեղին կը նետէր, յետոյ թելը ետ կը քաշէր եւ ասեղը բանուածքին մէջ խոթել-հանելով ըրածը շարունակ կը կրկնէր:

Ես պառկած տեղէս կը հետեւէի մօրս ձեռքի շարժումներուն եւ քիչ յետոյ հիւսուածքին ճաղերէն իջնող առաջին մասերը կը տեսնէի, որոնք օրերու յաջորդական աշխատանքով, երթալով կը շատնային ու կ’երկննային, եւ օր մըն ալ վերջապէս, մօրս ուզած «բադիկ»ներու կամ ալ փուլովըրներու գեղեցիկ ձեւը կը ստանային…:

Մայրս իր բուրդ հիւսելու հաստ կամ բարակ գործիքներուն , «շիշ» կամ «ճաղ» անունը կու տար եւ այդ «շիշ»երը կամ «ճաղ»երը կերպընկալէ յատուկ տուփի մը մէջ կը պահէր:

Գիշեր մը մայրս սովորականին պէս եկաւ, ուշ ատեն սնարիս քով նստեցաւ եւ հետը բերած կծիկ մը բուրդը գրկին մէջ «շիշ»երու տուփը բացաւ:

Ես զարմացայ: Գիտէի որ ցուրտ օրերուն դեռ շատ ժամանակ կար, «ինչու՞ հիմակուընէ բուրդ հիւսել պիտի սկսի» մտածեցի, բայց գլուխս ծանրացած կը զգայի բան չհարցուցի: Ամբողջ օրը կարդալէն եւ պառկած մնալէն յոգնած էի եւ քուն ալ ունէի…:

Քիչ վերջ մայրս վրաս ծռեցաւ, ձեռքով երեսս շոյեց եւ կարծես շատ օրերէ ի վեր դէմքս նոր տեսած ըլլար, տխրած ձայնով

-Տղա՛ս, դուն նիհարցեր ես,- ըսաւ:

Ես մշուշոտ աչքերով մօրս նայեցայ, ուզեցի բերանս բանալ եւ ըսել որ նիհարցած ըլլալս կարեւոր չէր, որովհետեւ ես արդէն գրեթէ աղէկցած էի, բայց քունին չդիմացայ: Աչքերս կամաց գոցուեցան եւ մօրս վրաս ծռած դէմքը կոպերուս մութին ետեւ յանկարծ անհետացաւ:


Շաբթուան մէջ օր մը, Սբ Աստուածածին եկեղեցիին դարմանատան աստիճաններէն, սովորականին պէս, ջուրով նոր լուացուած մաքրութեան հոտ կու գար:

Մայրս մանկավարժուհի Մաճառեանին խնդրանքին համեմատ, այն օրը զիս դարմանատուն կը տանէր: Ես առողջացած էի արդէն, սակայն դիւրին չէին եղած անցած երեսուն ծանր օրերը եւ երկար ու յոգնեցուցիչ պայքարէ յետոյ առողջանալս ալ, դժուար շահուած մրցանակի չափ կարեւոր եղած էր մօրս համար…:

-Օ՜՜,- ըրաւ բժշկուհին երբ զիս տեսաւ,- դուն արդէն աղէկցեր ես, տե՛ս դէմքիդ ինչպէ՛ս գոյն եկած է,-ըսաւ եւ սովորական ձեւով պաղ ձեռքը անմիջապէս ճակտիս դրաւ: Յետոյ ճերմակ սաւանով մահճակալին վրայ փորս քննեց եւ գոհ ժպիտով

-Ա՛լ բան չունիս հիմա կրնաս դպրոց երթալ,- ըսաւ եւ յետոյ ալ

-Նայէ որ կորսնցուցած օրերուդ դասերը շուտ սորվիս ,- աւելցուց:

Ես երեսուն օրէ աւելի բացակայած էի դպրոցէս, վստահաբար շատ ետ մնացած ըլլալու էի դասընկերներէս…:

-Բայց տո՛քթոր, տղաս շատ նիհարցած է , չե՞ս կրնար ախորժակ բանալու դեղ մը տալ իրեն,-մտահոգուած դիտել տուաւ մայրս…

Բժշկուհին վարժուած էր մօրս «ախորժակ բանալու» դեղերու խնդրանքին: Նստեցաւ, իր անունով դեղագիրին վրայ քանի մը անուններ մրոտեց եւ մօրս յանձնեց:

Տեսակցութիւնը վերջացած էր եւ մենք ոտքի վրայ մեկնելու պատրաստ էինք: Մայրս գոհ ժպիտով առաւ դեղագիրը եւ ձեռքի պայուսակին մէջ տեղաւորած ժամանակ, յանկարծ ճերմակ թուղթի փաթթուած թոյլ կերպասի նմանող բան մը հանեց եւ ժպիտը դեռ դէմքին, բժշկուհիին գրասեղանին մէկ անկիւնը զետեղեց:

Բժշկուհին եւ ես անակնկալի եկած զարմացանք

-Այս ի՞նչ է տիկին Աննա ,-հարցուց բժշկուհին…

Մայրս պատասխանելէ առաջ, ձեռքով օդին մէջ անորոշ շարժում մը ըրաւ եւ քիչ մը շուարած ձեւով

-Մեծ բան մը չէ, Կարօյիս կողմէն է ,- ըսաւ:

-Իմ կողմէ՞ս …

Բժշկուհին բացաւ ճերմակ թուղթը, եւ ձեռքերուն մէջ կարմիր բուրդով հիւսուած զոյգ մը «բադիկ» երեւցաւ:

Ես մօրս նայեցայ եւ օրեր առաջ սնարիս քով նստած, իր բուրդի «շիշ»երու տուփին բանալը յիշեցի: Քովը կեցած՝ վայրկեանին բան չըսի, բայց երբ բժշկուհին սիրեց եւ ձեռքով շոյեց կարմիր բուրդով կակուղ «բադիկ»ները, ես անսահմանօրէն հպարտ զգացի մօրս ըրածովը …: Բայց վերադարձի ճամբուն վրայ , դարմանատունէն դեռ շատ չհեռացած երբ ետեւ նայեցայ, խորհեցայ որ եթէ «բադիկ»ներուն տեղ մայրս բժշկուհիին միշտ պաղ ձեռքերուն համար բուրդէ զոյգ մը տաք ձեռնոցներ հիւսած ըլլար, ես նոյն ձեւով պիտի ուրախանայի եւ անսահմանօրէն ալ հպարտ պիտի զգայի ըրածովը…:

Քամփինաս , Պրազիլ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ