Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայ Քոյրերու Վարժարանի Աշակերտները Կ’ոգեկոչեն Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակը

107 տարիներ անցած են հայուն դէմ գործուած ցեղասպանութենէն եւ անհատոյց ﬓացած հայ ժողովուրդը ամէն տարի կ’ոգեկոչէ Մեծ Եղեռնի սրբադասուած նահատակներուն անﬔռ յիշատակը:

Այս առիթով, Հինգշաբթի, 21 Ապրիլ 2022-ին, Հայ Քոյրերու Վարժարանին մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Արհի. Միքայէլ Եպս. Մուրատեանը, Առաջնորդ Հիւսիսային Աﬔրիկայի եւ Գանատայի: Պատարագի աւարտին, վարժարանի աշակերտները ծաղիկներ տեղադրեցին դպրոցի շրջափակին մէջ զետեղուած Ծիծեռնակաբերդի մանրակերտ յուշակոթողին շուրջ: Այս արարողութեան ընթացքին աշակերտները երգեցին «Հանգչեցէք»ը, գերապայծառ հայրը օրհնեց

ծաղիկները եւ աղօթքով փակեց արարողութիւնը:

Իսկ Ուրբաթ, 22 Ապրիլին, վարժարանիս սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Ապրիլեան նահատակներու յիշատակի հանդիսութիւն: Հանդիսավարն էր ﬕջնակարգ բաժնի հայերէնի դասատու Տիկ. Մարիա Եարալեան: Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ վարժարանի տնօրէն Դոկտ. Խուլիօ Թէյէզը, ուր ան ըսաւ. «Ես հայ չեմ եւ շատ սորվելիք ունիմ Հայաստանի եւ հայոց լեզուին մասին: Ձեր նախահայրերը սպաննուեցան, որովհետեւ կը պաշտպանէին իրենց հողը, իրենց տունը, որպէսզի դուք աւելի պայծառ ապագայ ունենաք», այս առիթով մաղթելով, որ օր մը ինք ալ կարենայ հայերէնով հաղորդակցիլ եւ աշակերտներէն սորվիլ լեզուն եւ պատմութիւնը:

Գեղարուեստական յայտագրով, 1-5-րդ դասարանի աշակերտները կատարեցին «Հանգչեցէք, Եղբայրներ» երգը, 6-րդ դասարանցիները՝ «Մի Խառնէք Մեզ» եւ «The Armenian Genocide» բանաստեղծութիւնները, 2-րդ եւ 3-րդ դասարանի աշակերտները՝ «Տէր Զօր» ասմունք եւ «Ես Մի Հայ Պատանի» երգը:

Օրուան պատգամը փոխանցեց վարժարանի փոխտնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեանը: «Հայոց պատմութեան մէջ կայ թուական մը, որ երբեք չէք մոռնար, այն ալ 24 Ապրիլ 1915 թուականն է: Մեր նախահայրերը ջարդուեցան աﬔնագազանային ձեւերով եւ ﬔնք այս էջը ﬔր պատմութեան ﬕշտ կը խոստանանք յիշել՝ ﬓալով հայ եւ խօսելով հայերէն»: Ան նաեւ շեշտեց պահանջատէր ﬓալու կարեւորութիւնը, որ կարելի է ﬔր դատին ծառայեցնել՝ ըլլալով յաջողակ անհատեր, յաջողակ փաստաբաններ, քաղաքական գործիչներ: Տիկ. Պոյաճեան իր խօսքը

աւարտեց՝ ըսելով, որ այս երկու կէտերուն կու գայ աւելնալու շատ կարեւոր կէտ մը, որն է ﬕասնականութիւնը: «Մենք ﬕասնական պիտի ըլլանք եւ իրար պիտի բարձրացնենք, պիտի չնախանձինք իրար յաջողութիւններէն, բոլորս ﬕասին պիտի յաջողինք, որպէսզի ﬔր ﬕակամ աշխատանքով վերադարձնենք ﬔր իրաւունքները»:

8-րդ դասարանը ասմունքեց «Անլռելի Զանգակատուն»էն հատուածներ եւ անգլերէնով փոխանցեց աշակերտութեան խօսքը: 4-րդ դասարանը ներկայացուց Ուիլիըմ Սարոյեանի «Կ’ուզեմ Տեսնել»ը, որուն սպաներէնը ներկայացուցին 5-րդ դասարանցիները: Ապա, երկու դասարանները ﬕասնաբար երգեցին «Քաղցրիկ Հայաստան» երգը, իսկ 7-րդ դասարանը

ասմունքեց «Մենք» բանաստեղծութիւնը: Այնուհետեւ, Ա. դասարանի աշակերտները ներկայացուցին «Իմ Քաղցրանուն» ասմունքը, եւ մանկապարտէզի աշակերտներուն հետ երգեցին «Հայորդիք» երգը:

Վարժարանիս ﬔծաւորուհի Քոյր Լուիզա Գասարճեան խօսք առնելով՝ ըսաւ, որ Հայ Քոյրերու վարժարանը եւ այլ հայկական վարժարաններ աշակերտներուն հաերէն կը սորվեցնեն, բայց եթէ ծնողները իրենց զաւակներուն հետ հայերէն չխօսին, դպրոցին աշխատանքը ի դերեւ կ’ելլէ: «Պէտք չէ գայ օր, որ ըսենք՝ իմ ծնողքս հայ էր: Հայ ﬓալու համար պէտք է հայերէն խօսինք, հայերէն երգ լսենք ու պարենք, հայկական ճաշեր ուտենք, եւ հայ եկեղեցի յաճախենք: Հայ ժողովուրդը նախըտնրեց զոհուիլ, քան իր հաւատքը ուրանալ»: Քոյր Լուիզան իր խօսքը աւարտեց՝ պատգաﬔլով. «Մի՛ մոռնաք որ հայ էք, շնորհակալ եղէք, որ ձեր ծնողները ձեզ ուղարկած են հայկական վարժարան եւ դուք ալ երբ ﬔծնաք, իրենց օրինակով, ձեր զաւակները ուղարկեցէք հայկական վարժարան»:

Փակման խօսքով, գերապայծառ Միքայէլ Եպս. Մուրատեան ընդգծեց, որ պէտք է ﬔր հայութեամբ հպարտ ըլլանք, որովհետեւ աﬔնահին ազգերէն մէկն ենք, եղած ենք այն առաջին երկիրներէն, որ իր թագաւորական պետութիւնը ունեցած է, եղած ենք առաջիններէն, որ իր սեփական գիրն ու գրականութիւնը ունեցած է, առաջին քրոստոնեայ ազգն ենք: Ան ըսաւ. «Այս բոլորը պատմութիւն են, եւ պատմութիւնը ժողովուրդը կը գրէ: Հայոց պատմութիւնը դուք պիտի գրէք. եթէ դուք չապրիք ձեր հայութիւնը, դուք պիտի չկրնաք հայոց պատմութիւնը շարունակել:

Այդ պատճառով, հաւատարիմ պէտք է ﬓանք ﬔր նախահայրերուն պատգաﬕն՝ կառչած ﬓալ ﬔր քրիստոնէական հաւատքին ու ազգային պատկանելիութեան: Այդպէս է որ չենք մոռնար ﬔր նահատակները եւ կը պահանջենք ﬔր իրաւունքները»:

Ոգեկոչումը աւարտեցաւ խմբային աղօթելով «Հայր Մեր»ը:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ