Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2024

Շաբաթաթերթ

Սրբադասուած Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Շաբաթ, Ապրիլ 23, 2022, առաւօտեան ժամը 10։30-ին Մոնթեպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին մօտ, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, Մեծ Եղեռնի Սրբադասուած նահատակներու հոգիներու խաղաղութեան համար, ինչպէս նաեւ՝ ժողովուրդի կողմէ ծաղկեպսակներու եւ ծաղկեփունջերու զետեղում։

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Լոս Անճելըսի Համահայկական Միացեալ Մարմնին կողմէ, որ կը բաղկանայ 40-է աւելի հոգեւոր, քաղաքական, հայրենակցական, հասարակական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներէ գլխաւորութեամբ Ընկ. Դաւիթ Սամուէլեանի։ Վերջին երկու տարիներուն Սրբադասուած նահատակներու յիշատակի ոգեկոչումը, հոգեհանգիստով եւ ծաղիկներով բաւարարուած էին համաճարակին պետական սահմանափակումներու պատճառաւ։

Այս տարի եւս առաւօտեան ժամը 10։30-ին գաղութի հոգեւոր պետերու առաջնորդութեամբ, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան շատ յուզիչ պաշտօն մը եւ հոգեւոր պետերու սրտագին եւ շատ ջերմ խօսքեր։

Այդ օր իրենց օրհնաբեր ներկայութեամբ հոգեհանգստեան պաշտօնը ղեկավարեցին Առաջնորդներ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Գերապայծառ Միքայէլ Եպս. Մուրատեան եւ Վերապատուելի Հենրիկ Շահնազարեան, ընկերակցութեամբ մեծաթիւ հոգեւորականներու։

Հոգեհանգստեան եւ խօսքի բաժինէն ետք, կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով Պրն. Փիթըր Հայկ շատ գեղեցիկ խօսքով մը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր միութեանց եւ կազմակերպութեանց, որոնք մաս կազմեցին այդ ձեռնարկին։ Շնորհակալութեան յատուկ խօսք մը ուղղեց հոգեւոր հայրերուն, որոնց օրհնաբեր ներկայութեամբ խորապէս մխիթարեցին ժողովուրդը։ Պրն. Փիթըր Հայկ շնորհակալութեան յատուկ խօսք մը ուղղեց պետական, քաղաքային, գաւառային, նահանգային եւ դաշնակցային պետական այրերուն, որոնք անձամբ կամ ներկայացուցիչներ ղրկելով մասնակից եղան հայութեան ՄԵԾ ՑԱՒԻՆ։

Յիշենք, թէ այս տարի քսանէ աւելի մեծ ձեռնարկներով եւ միջոցառումներով նշուեցաւ մեր թանկագին Սրբադասուած նահատակներու յիշատակը։ Այս յիշատակը 107 տարի շարունակ նշած է մեր ժողովուրդը միատեղ, մէկ սիրտ ու մէկ հոգիի վերածող մեծագործ ազդակի եւ շաղախը։

Մեր նահատակները ամէն Ապրիլ 24-ին տեսնելով միասնականութեան այս երեւոյթը, մեր ժողովուրդին մօտ երկինքէն կ՚օրհնեն իրենց զաւակներուն եւ իրենց հոգիները կը հրճուին այդ երեւոյթին ի տես։

Ի հեճուկս թուրք-ազերի վոհմակներու բոլոր չարիքներուն, հայ ժողովուրդը ամէն Ապրիլ 24-ին կը նորոգէ ուխտը Արարատին, ըսելով.

«Պիտի հասնինք Սրբազան լեռ կատարիդ»։

Բոլորին վարձքը կատար։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ