Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

ՏԱՐԵԼԻՑ Արա Ահարոնեանի

«Մահը մերն է մենք՝ մահինը,

Մարդու գործն է միշտ անմահ»

(Յ.Թ.)

Արդէն տարի մը անցած է այն չարաբաստիկ օրէն, երբ մեզմէ անժամանակ հեռացաւ ՌԱԿ-ի Արեւմտեան ԱՄՆ-ի ամենէն նուիրեալ գործիչներէն մէկը՝ ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆԸ։

Անհաւատալի է որ արդէն մէկ տարիէ ի վեր ան բացակայ է մեր շարքերէն, ժողովներէն, քննարկումներէն ու ազգային-հասարակական հրապարակէն։ Իր անժամանակ մեկնումով մեծ բաց մը ստեղծուեցաւ ոչ միայն իր ընտանեկան տաքուկ շրջանակէն ներս, այլեւ լոս անճելըսահայութեան կեանքին մէջ։ Հետեւաբար, յարգելու համար յիշատակը մեր թանկագին ընկերոջ, այսու տեղեակ կը պահենք մեր շրջանակի ընկերներն ու բարեկամները, որ Կիրակի, 1 Մայիս 2022-ին պիտի կատարուի Ընկ.Արա Ահարոնեանի  մահուան Ա. Տարելիցը Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։

Հետ հոգեհանգստեան պաշտօնին պիտի կատարուի հոգեսուրճի սպասարկութիւն ԿԻՐԱԿՈՍ սրահին մէջ։

Հասցէ.-

St. Gregory Armenian Apostolic Church
2215 E. Colorado Blvd.
Pasadena, California 91107

Այս շաբաթ կը լրանայ մեր սիրելի ընկերոջ, կուսակցական նուիրեալ եւ բազմաթիւ հրատարակութիւններւ հեղինակ Ընկ. Արա Ահարոնեանի մահուան առաջին տարելիցը։ ներկայ գտնուելու Ա. տարելիցի եկեղեցական արարողութեան՝ Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիըչ եկեղեցւոյ մէջ եւ մասնակցելու հոգեսուրճին՝ մխիթարելով ոչ միայն իր հարազատները, այլեւ մենք զմեզ։

ՌԱԿ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Շրջանային Վարչութիւն

ՌԱԿ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Շրջանային վարչութիւն
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ