- Աբէլեան Ճորճ (Գէորգ), «Աննա հարսը», թարգմանութիւնը Գեղամ Պոլոյեանի՝ օժանդակութեամբ Տանիէլլա Մուսարտոյի, «Ռատիչի» հրատարակչութիւն, Պալի – Իտալիա, ապրիլ 2022 (իրապատում վէպ Մեծ Եղեռնի տարիներուն Քեսապի հայութեան տարագրութենէն) (իտալերէն):
- Ազատեան Թորոս, «Դէպի Էջմիածնի երթուդարձի նօթեր», կազմող եւ խմբագիր՝ Սեւան Տէիրմենճեան, «Ժամանակ-100» մատենաշար, Սթամպուլ, 2021, 390 էջ (Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի դիւանապետի յուշերը Գէորգ Զ. կաթողիկոսի ընտրութեան ազգային-եկեղեցական ժողովի իբրեւ պատուիրակ Խորհրդային Հայաստան այցէն՝ 1945-ին հրատարակուած «Ժամանակ» օրաթերթին մէջ): Լոյս տեսած է Տէրողորմեաճեան ընտանիքի մեկենասութեամբ՝ ի յիշատակ Ռուբէն Տէրղորմեաճեանի:
- Աւետիսեան Ռոլանտ, «Ճանապարհ եւ ճակատագիր», «Էտիթ փրինթ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2021, 192 էջ + 50 էջ լուսանկարներու ներդիր (17,3 x 24,5 սմ.) (բնագիտական-ուսողական գիտութեանց դոկտոր, ակադեմիկոս, ՀՀ-ի մէջ տեսական նանոբնագիտութեան հիմնադիր, ՀՀ-ի կրթութեան եւ գիտութեան երբեմնի նախարար Էտուարտ Ղազարեանի կեանքն ու գիտական վաստակը, կարծիքներ Էտ. Ղազարեանի մասին, անոր գիտական հրատարակութեանց ոչ-ամբողջական ցանկը, սեւ-ճերմակ եւ գունաւոր բազմաթիւ լուսանկարներ): «Գիրքը նուիրուած է Մեծ մարդու եւ գիտնականի ծննդեան 80-ամեակին»
- Գալուստեան Ռեկինա եւ Թաթոյեան Ռոպերթ (աշխատասիրողներ), «Արամ Մանթաշեան. Արամը չէր կարող Սեյտօ լինել – Սոկրատ Մկրտչեան. Յուշեր», Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ հիմնադրամի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2021 (հայոց ցեղասպանութեան ականատեսներու յուշեր):
- Դեւրիկեան Վարդան, «Վասպուրականի արծիւը հայ գրականութեան անդաստանում», խմբագիր՝ Վանուհի Եղիշեան, հրատարակիչ՝ «Համազգային» հայ կրթական եւ մշակութային միութիւն, «Լուսակն» հրատարակչութեան տպարան, Երեւան, 2021, 376 էջ (15,3 x 20,8 սմ.) (Խրիմեան Հայրիկի գրական, գեղարուեստական եւ կրօնական-հոգեւոր գործերը, հրապարակագրութիւնն ու քարոզները՝ գրականագիտութեան վերլուծական դիտանկիւնէ, լուսանկարներ): Գիրքը հրատարակութեան երաշխաւորած է ՀՀ ԳԱԱ Մանուկ Աբեղեանի անուան Գրականութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդը եւ հրատարակուած է ՀՀ ԳԱԱ Հայագիտական ուսումնասիրութիւնները ֆինանսաւորող համահայկական հիմնադրամի աջակցութեամբ:
- «Եգիպտոսի, Սուտանի եւ Եթովպիոյ հայերը/1 – Գիտաժողովի նիւթեր (12-13 ապրիլ եւ 29-30 մայիս 2018)», խմբագիր՝ Անդրանիկ Տագէսեան, հրատարակիչ՝ Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոն, Հայկազեան համալսարանի հրատարակչութիւն, տպագրութիւն՝ Ռուհանա Շիմալի, Պէյրութ, ապրիլ 2022, 782 էջ (հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն գիտական յօդուածներ, անոնց ամփոփումները՝ հայերէնով կամ անգլերէնով, գիտաժողովին առնչուած զանազան նիւթեր, հակիրճ տեղեկութիւններ հեղինակներուն մասին, լուսանկարներ, աղիւսակներ, վիճակագրական շրջանագիծեր եւ այլն):
- Թաթոյեան Ռոպերթ, «Կիլիկիահայութեան թիւը հայոց ցեղասպանութեան նախօրեակին», Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ հիմնադրամի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2021:
- Խաչատրեան Շուշան, «Կրօնի դերը հայոց ցեղասպանութեան իրագործման մէջ», Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2020:
- «Հ. Ղեւոնդ Ալիշան – Յոբելեանական գիտաժողովի նիւթերի ժողովածու», ՀՀ ԳԱԱ «Գիտութիւն» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2021 [ապրիլ 2022], 653 էջ (17,4 x 24,9 սմ.) (6-8 յուլիս 2020-ին առցանց տեղի ունեցած գիտաժողովի նիւթերու ժողովածու, ռուսերէն ու անգլերէն ամփոփումներ): Տպագրուած է ՀՀ ԳԱԱ Մանուկ Աբեղեանի անուան Գրականութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդին որոշումով եւ հրատարակուած է ՀՀ ԳԱԱ Հայագիտական ուսումնասիրութիւնները ֆինանսաւորող համահայկական հիմնադրամի աջակցութեամբ:
- «Հայկազեան հայագիտական հանդէս», ԽԲ. տարի, Ա. գիրք, խմբագիր՝ Անդրանիկ Տագէսեան, Հայկազեան համալսարանի հրատարակչութիւն, տպագրութիւն՝ Ռուհանա Շիմալի, Պէյրութ, ապրիլ 2022, 644 էջ (հայերէն եւ անգլերէն գիտական յօդուածներ, անոնց ամփոփումները՝ նոյն լեզուներով, հակիրճ տեղեկութիւններ հեղինակներուն մասին, լուսանկարներ):
- Մխիթարեան Սերոբ-Սրապ, «Մեր գիւղի պատմութիւնը», խմբագիր, յառաջաբանի եւ ծանօթագրութեանց հեղինակ՝ Քրիստինէ Նաճարեան, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ հիմնադրամի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2021 (հայոց ցեղասպանութեան ականատեսներու յուշեր, յաւելուածներ):
- Պօղոսեան Նարեկ, «Հայոց ցեղասպանութեան խնդիրը Ռաֆայէլ Լեմքինի ուսումնասիրութիւններում», Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ հիմնադրամի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2020:
Նոր հրատարակութիւններ
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ