Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Օծուեցաւ Սաքրամենթոյի Սուրբ Յակոբ Հայասատնեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին

«Եկեղեցին քրիստոնեայի կեանքին մէջ 

մեզ կը ներկայանայ որպէս Թափօր լեռը,

 ուր կը բարձրանանք զգալու համար

  Աստուծոյ ներկայութիւնը մեր մեջ»։

Յովնան Արքեպիսկոպոս

   Ապրիլ 30-էն՝ Մայիս 1, 2022-ին, Սաքրամենթոյի հայ համայնքը հոգեւոր անսահման ցնծութեան եւ բերկրանքի օրեր ապրեցաւ, քանզի համայնքային կեանքը զարդարուեցաւ նորակառոյց Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ օծման հոգեպարար արարողութեամբ, ձեռամբ՝ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ․ Յովնան Ս․ Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանին։

Տարիներ շարունակ Սաքրամենթոյի հայութեան երազած՝ նոր, սեփական եւ մնայուն եկեղեցի մը ունենալու գաղափարը ի վերջոյ կեանքի կոչուեցաւ՝ շնորհիւ Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ․ Տ․ Յովնան Ս․ Արք․ Տէրտէրեանի, եկեղեցւոյ հովիւ՝ Տ․ Եղիշէ Քհնյ․ Քսաճիկեանի, ինչպէս նաեւ ծխական խորհուրդի եւ համայնքի հաւաքական կամքին ու քրտնաջան աշխատանքին։ Եւ ահա Սաքրամենթոյի հայութեան հոգեւոր անդաստանը ծաղկեցաւ իր հոգիի տաճար՝ Ս. Յակոբ եկեղեցիով, Թեմի պատմութեան յուշամատեանին մէջ արձանագրելով՝ նոր, կոթողային եւ լուսաշաւիղ թուական մը։      

      30 Ապրիլ 2022, յիշարժան այդ օրը Սաքրամենթոյի Ս․ Յակոբ Հայց․ եկեղեցւոյ նաւակատիքի եւ օծման արարողութիւններուն ներկայ էին հարիւրաւոր հաւատացեալներ, պատկառելի հիւրեր եւ ուխտաւորներ՝ ժամանած Թեմի տարբեր ծուխերէն եւ համայնքներէն։ Ներկայ էին  նաեւ Նիւ Եորքի Ս․ Ներսէս Ընծայարանի Տեսուչ՝ Տ․ Մարտիրոս Աւ․ Քհնյ․ Չեւեանը եւ Քուփերթինոյի Ս․ Անդրէաս Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ․ Տաթեւ Աւ․ Քհնյ․ Յարութիւնեանը։       

        Եկեղեցւոյ օծման հանդիսաւոր արարողութիւնը սկիզբ առաւ Դռնբացէքով, յընթացս որի․ «Բա՛ց մեզ, Տէր զդուռն ողորմութեան Քո» հոգեզմայլ շարականի երգակցութեան ներքոյ բացուեցին եկեղեցւոյ դռները, ապա Գերաշնորհ Յովնան Սրբազան Հօր նախագահութեամբ սկիզբ առաւ օծման խորախորհուրդ արարողութիւնը։ Առաջին հերթին, Սրբազան Հայրը օծեց եկեղեցւոյ Ս. Խորանը, համաձայն հայ եկեղեցւոյ Սրբազան աւանդութեան, ապա եկեղեցւոյ մկրտութեան աւազանը, որմէ ետք ուղեկցութեամբ հոգեւորականաց՝ յաջորդաբար օծեց եկեղեցւոյ մայր դուռը եւ սիւները, որոնք նուիրուած էին առաքեալներուն եւ մեր եկեղեցւոյ սուրբ հայրապետներուն։ Ապա, նորաօծ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ «Անդաստան»-ի արարողութիւն։    

        Օծման արարողութեան աւարտին Սրբազան Հայրը իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն՝ ըսելով. «Թագաւոր երկնաւոր, զեկեղեցի Քո անշարժ պահեա»։ «Սիրելի բարեպաշտ հաւատացեալներ ի Քրիստոս, Ձեզ կ’ողջունենք մեր Ս․ Պատարագէն  քաղուած մաղթանք աղօթքով, որ այս պատմական եւ օրհնեալ օրը միասնաբար դարձնենք մեր հաւատքի վերածնունդը խորհրդանշող հրաւէրը։ Երկար տարիներու ընթացքին բոլորիս փայփայած գեղեցիկ առաքելութեան Աստուածահաճոյ երազն ու տեսիլքը դարձաւ իրականութիւն։ Ձեր բոլորի ներկայութեանը աղօթքով եւ երկիւղած հաւատքի ներշնչումով կատարեցինք օծումը Ս․ Յակոբ Հայց․ Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ նոր կառոյցին, այն սպասումով, որ աղօթքի այս հիասքանչ տունը Աստուծոյ առաջնորդութեամբ ու օգնականութեամբ առաւել եւս պէտք է ամրացնէ մեր քրիստոնէական հաւատքը, քանզի այս նոյն եկեղեցին աւելի լայն բանալով իր դռները, իր նոր յարմարութիւններով, պիտի շարունակէ իր սուրբ Խորանէն քարոզելու Աստուծոյ խօսքը և մատակարարելու Ս․ հաղորդութիւն իր հաւատացեալներու հոգիներու մխիթարութեան համար»։        

Սրբազան Հայրը խօսքը ուղղելով Սաքրամենթոյի հայերուն՝ ըսաւ. «Սիրելիներ ի Քրիստոս, Ս․ Յակոբ Հայց․ Առաքելական  եկեղեցին իր նոր կառոյցով նուիրուած է Աստուծոյ փառքին եւ բոլորիս հոգեւոր դաստիարակութեանը։ Մեր Սուրբ եկեղեցին այն կառոյցն է, որուն սրբազան առաքելութիւնը հաստատուած է Քրիստոսի առաքեալներու քարոզչութեամբ ու մարտիրոսութեամբ, որոնց համար Քրիստոս Աստուածորդին դարձաւ իրենց հաւատքին ժայռը։ Ուրեմն եկեղեցւոյ օծումով մենք կանչուած ենք դառնալու վկաները Քրիստոսի, նոր առաքեալները՝ Աւետարանի քարոզչութեան, այնպէս ինչպէս իրենց կեանքը պատարագեցին մեր նախնիք։             

       Եկեղեցին, սակայն, քարեղէն շէնքը չէ միայն, եկեղեցին մենք ենք բոլորով եւ կոչուած ենք դառնալու ապրող շնչող ու կենսագործող եկեղեցին, որպէսզի մեր կեանքի ճանապարհը դարձնենք դէպի Աստուած տանող ճանապարհը։ Այս տեսիլքով հաւաքուած ենք դառնալու մէկ աղօթք ու նորոգուած հաւատքով մեր զաւակներու առջեւ բանալու համար սրբութեան ճանապարհը։       

       Ս․ Յակոբ Հայց․ Առաքելական եկեղեցւոյ նոր կառոյցը մեզի կը յիշեցնէ այն ճշմարտութեան մասին, որ այս աղօթքի տունը կը տօնախմբէ իր հաւատացելոց հաւատքի կեանքին արդէն երկհազարամեակը, քանզի իր ծնունդէն մինչեւ այսօր Հայոց եկեղեցին դարձած է ոսկէ կամուրջը մեր նախնեաց եւ այսօր մեր կեանքը դէպի Աստուած բարձրացնող։ Այս գիտակցութեամբ կրնանք հաստատապէս արտասանել նաեւ մեր Տիրոջ լուսաբաշխ պատգամը, թէ «Իմաստուն մարդը իր տունը կը կառուցէ ժայռի վրայ, որպէսզի մնայ հաստատուն եւ անխախտ փոթորիկներու դիմաց»։ Ժայռը Հայոց եկեղեցին է ի գլուխ ունենալով Քրիստոս»։        

       Աւարտին՝ Սրբազան Հայրը իր օրհնութիւնը եւ մաղթանքները փոխանցեց եկեղեցւոյ հովիւին, ծխական եւ յարակից խորհուրդներու անդամներուն, ինչպէս նաեւ ներկայ եկեղեցականաց՝ ըսելով. «Սիրելիներ, մեր մաղթանքն ու աղօթքն է, որ Ձեր սիրեցեալ հոգեւոր հովիւի գլխաւորութեամբ, իր կողքին ունենալով ծխական խորհուրդը եւ յարակից մարմինները, բոլորով  շէնացնենք աղօթքի այս նորաօծ տունը։ Անձնապէս մենք յանուն Թեմի եկեղեցականաց, թեմական խորհուրդի, ատենապետութեամբ՝ Տիար Տէրիկ Ղուկասեանի, ի սրտէ կը շնորահաւորենք ձեզ եկեղեցւոյ օծման նուիրական ու պատմական արարողութեան ներշնչող առիթով։ Ինչքա՜ն ուրախ ենք, որ այսօր մեզի հետ աղօթակից են նաեւ Ս․ Ներսէս Աստուածաբանական Ընծայարանի Տեսուչը՝ Արժ․ Տ․ Մարտիրոս Աւ․ Քհնյ․ Չեւեանը եւ Քուփերթինոյի Ս․ Անդրեաս Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ․ Տ․ Տաթեւ Աւ․ Քհնյ․ Յարութիւնեանը։     

        Ապրեցէք Ձեր քրիստոնէական հաւատքը Ս․ Էջմիածնի ներշնչումով եւ հայրենական շունչով, միշտ մնալով օրինական քաղաքացիները այս երկրի»։ «Թագաւոր երկնաւոր, զեկեղեցի Քո անշարժ պահեա»։    

        Օծման արարողութենէ յետոյ, եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ, յընթացս որի՝ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ․ Յովնան Ս․ Արք․ Տէրտէրեան՝ ի գնահատանք երկարամեայ, անխոնջ եւ նուիրեալ ծառայութեան՝ սրահը կոչեց Տէր եւ Տիկին Ռադ եւ Պէքի Ճօրճօրեաններու անունով։ Ապա Սրբազան Հօր կողմէ  գնահատանքի եւ պարգեւատրութեան արժանացան նաեւ ծխական խորհուրդի եւ յարակից մարմիններու բազմաթիւ անդամներ։          

      Հուսկ ամենայնի, Առաջնորդ Սրբազան Հայրն իր երախտիքի ու գնահատանքի խօսքերն ուղղեց նաեւ Ծուխի հոգեւոր հովիւ՝ Արժ․ Տ. Եղիշէ Քհնյ․ Քսաճիկեանին՝ արժանացնելով «Տարուայ Քահանայ» կոչմանը՝ իր նուիրեալ, ակնառու հովուական ծառայութեան համար։     

      Օրուան յայտագիրը վերջ գտաւ  Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով:  

ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս․ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՈՒՐԱՐԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ ՆՈՐԱՕԾ Ս․ ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

       Յաջորդ օրը, Մայիս 1-ին՝ Նաւակատիքի եւ Օծման արարողութիւններից յետոյ, անդրանիկ Ս․ Պատարագ մատուցուեցաւ Սաքրամենթոյի Ս․ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Ս․ Արք. Տէրտէրեանի եւ առընթերականութեամբ եկեղեցւոյ հովիւ՝ Տ․ Եղիշէ Քհնյ․ Քսաճիկեանի։        

 Յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի, Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը ի նշանաւորումն եկեղեցւոյ օծման եւ ի գնահատութիւն նուիրեալ ծառայութեան, Սուրբ խորանին սպասաւորող հինգ դպիրներու՝ Նարեկ դպիր Դիւանեանին, Հայկ դպիր Դիւանեանին, Դանիէլ դպիր Սահակեանին, Առաքել դպիր Իսայեանին եւ Արէն դպիր Դիւանեանի շնորհեց ուրար կրելու իրաւունք, ովքեր տարիներէ ի վեր անխոնջ կերպով կը ծառայեն Հայց. Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցուն, իրենց ուսերու վրայ ամուր պահելով եկեղեցւոյ առաքելութեան քաղցր լուծը: Արարողութեան աւարտէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց նորոգ ձեռնադրեալներուն, ապա իր խօսքն ուղղեց ներկաներուն ըսելով․«Սիրելիներ ի Քրիստոս, երեկ կատարեցինք այս սուրբ եկեղեցւոյ օծումը սրբալոյս միւռոնով եւ ուխտեցինք, որ միասնաբար պիտի կառուցենք նոր կեանքը՝ Քրիստոսով ամրագրուած։ Քրիստոնեայի կեանքի նպատակն է քայլել դէպի սրբութիւն եւ արդարութիւն, որպէսզի մշտապէս մեր մէջ կրենք Աստուծոյ ներկայութիւնը եւ մեր իսկ կեանքով դառնանք տաճար Աստուծոյ։ Մեր առաքելութիւնն է՝ եկեղեցին դարձնել բոլոր ժամանակներուն մէջ ծննդավայրը մեր հոգւոյն, նպատակն ու տեսիլքը մեր առօրեային եւ մեր բովանդակ կեանքին։ Այս ոգով ապրուած կեանքը կը դարձնենք լուսոյ խորանը մեր զաւակաց համար՝ անոնց առջեւ բանալու համար դէպի Աստուած տանող ճանապարհը։ Այս է եղած նաեւ ոգին մեր նախնեաց, որուն շնորհիւ տոկացինք եւ դեռ պիտի տոկանք մեր առջեւ ծառացած բոլոր տեսակի փորձութեանց դիմաց։    

         Մենք մեր կեանքը պիտի հրաշագործենք Աստուծոյ փառքին համար, որուն համար պարտ ենք կառուցել լուսոյ խորանը, այն տունը, ուր պիտի զգանք Աստուծոյ ներկայութիւնը եւ նոյն տան մէջ մեր խօսքն ու գործը պիտի դարձնենք Աստուծոյ կամքին արտայայտութիւնը՝ մերժելով այն բոլոր երեւոյթները, որոնք ցաւ ու տառապանք կը բերեն ե՛ւ անհատին, ե՛ւ հաւաքականութեան ու ժողովուրդներու։       Քրիստոնէութիւնը հոգեւոր ճարտարապետութիւն է, որուն առաջնորդութեամբ մարդը կը բարձրանայ առ Աստուած։ Քրիստոնէութիւնը լուսոյ խորանն է, որուն առաջ պիտի բերենք մեր զաւակները, որպէսզի ապրին Աստուծոյ սիրովն ու իմաստութեամբը։ Եւ որպէսզի լուսաւորուի մեր կեանքը, ապա Աստուածորդին աշխարհ եկաւ ու մեզի շնորհեց իր պատարագուած կեանքը՝ իր աւետարանները մեզի վստահելով որպէս հոգեւոր ժառանգ եւ վերջապէս ամէնէն կարեւորը, որ դառնանք ապրուած Աւետարան մարդկային մեր կարողութեանց առաւելագոյն զօրութեամբ»։        

          Այնուհետեւ Սրբազան Հայրը իր խօսքն ամփոփեց հետեւեալ բառերով․ «Սիրելի հաւատացեալներ, Ձեզի է վստահուած այս եկեղեցին, գլխաւորութեամբ Ձեր սիրեցեալ հովիւին, որպէսզի այն մշտականօրէն կառուցէք։ Մշտականօրէն կառուցել՝ կը նշանակէ մնալ աղօթքի մէջ եւ հոգեւոր ու ազգային սնունդ բաշխել մասնաւորաբար մեր մանուկներուն ու երիտասարդութեան։ Քանզի մեր ս. եկեղեցիները ամենուրէք Ս. Էջմիածինն եւ եւ հայրենիքը։ Այստեղ մնալով՝ մեր սուրբ եկեղեցւոյ մէջ մեր կեանքի ճանապարհորդութիւնը որպէս հայ քրիստոնեաներ կը շարունակուի։     

        Թող Աստուած պահէ ու պահպանէ Հայաստանեայց մեր Մայր Սուրբ եկեղեցին, որուն ճարտարապետութիւնը բոլորիս է վստահուած։ Ամէն»։   

Դիւան Առաջնորդարանի
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ