Ազատ ու Անկախ Ապրելու Իրաւունքի Պաշտպանութեան Համար Մղուած Պայքարները Խորհրդանիշն են Համազգային Համախմբուածութեան ու Միաբանութեան. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն Հայրապետական Մեր օրհնութիւնն ու շնորհաւորանքները կը բերենք մեր սիրեցեալ ժողովուրդին՝ Յաղթանակի ու խաղաղութեան տօնի, Շուշիի ազատագրութեան եւ Պաշտպանութեան բանակի հիմնադրման օրերուն առիթով, ինչպէս նաեւ մեր խոնարհումը՝ Հայրենական պատերազմի վեթերաններուն ու Արցախեան հերոսամարտերու քաջարի զինուորներուն: Պանծալի այս տօները տակաւին բեկուած սրտերով եւ վշտացած հոգիներով կը դիմաւորենք, քանի որ դեռ չեն յաղթահարուած Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմի աղետալի հետեւանքները, չեն վերադարձած գերութենէն մեր զաւակները, տեղեկութիւն չունինք անյայտ կորածներուն վերաբերեալ, իսկ հազարաւոր ընտանիքներ մնացած են առանց զաւակներու կամ ծնողներու: Մեր աղօթքն ու խոնարհումը կը բերենք զոհուած հայրենեաց պաշտպաններու անմահ յիշատակին։
Սիրելիներ, ազգիս դարաւոր պատմութիւնը՝ դժուարութիւններն ու փորձութիւնները յաղթահարելու, յաղթանակներ կերտելու բազում վկայութիւններով, մեզի պատգամ կը մատուցանէ նոյն ոգիով դիմակայելու մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի դէմ ծառացած ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրներուն։ Ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքի պաշտպանութեան համար մղուած պայքարները, որոնց նշանաւորումն է այսօր, խորհրդանիշն են համազգային համախմբուածութեան ու միաբանութեան, որոնք առաւել քան երբեք անհրաժեշտ են բարդագոյն այս իրավիճակին մէջ, որպէսզի միասնաբար դիմագրաւենք յառնած հիմնախնդիրները եւ կերտենք վաղուան նոր օրը, լուսաւոր ապագան եւ մեր նոր յաղթանակները։
Մեր աղօթքն է, որպէսզի խաղաղութիւն ըլլայ աշխարհի ու մարդկութեան կեանքին մէջ, եւ յարուցեալ մեր Տէրը Իր Ամենազօր Աջի հովանիին ներքոյ շէնութեան ու ապահովութեան մէջ պահէ մեր Հայրենիքը եւ զօրացնէ համայն աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդը արիութեամբ, յոյսով ու հաւատով, այժմ եւ միշտ. ամէն։