Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Ա. Ո՞ւր Պիտի Յանգի Ուքրանիոյ Պատերազմը

ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Առաջին հաւանական կարելիութիւնը ա՛յն է, որ Ռուսաստան պիտի գոհանայ, Քիեւէն սկսեալ, Ուքրանիոյ արեւելեան սահմաններու հողատարածքներուն գրաւումով, մինչեւ Ազովի Ծով՝ հարաւը։ Անշուշտ նման կարելիութիւն մը ենթադրութիւններու կամ գուշակութիւններու սահմանին մէջ կ՚իյնայ, եթէ Արեւմուտքի աւելի զօրաւոր օժանդակութեամբ եւ աջակցութեամբ ա՛յլ ելք մը չունենան զինուորական բախումները։ Ուքրանիոյ ճարտարարուեստական ու գիւղատնտեսական հարստութիւնը վերոյիշեալ շրջանին մէջ կեդրոնացած է։

Ինչո՞ւ Ռուսաստանի Դաշնութիւնը նման վտանգաւոր միջոցառումի մը ձեռնարկեց, երբ իր անուղղակի տիրապետութեան տակ կը գտնուէր Տոնպասի շրջանը։ 1990-էն ետք, Խորհրդային Միութիւնը կազմող 16 հանրապետութիւններէն, Ռուսաստանի հակակշռին տակ մնաց միայն Պելառուսը, ուր հոն իսկ ժողովրդային մեծամասնութիւնը դժգոհ է ներկայ վարչակարգէն, որ կանգուն կը մնայ Ռուսիոյ օգնութեամբ։ Իսկ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներուն մեծամասնութիւնը կամ անդամ է  ՆԱԹՕ-ի, կամ՝ Եւրոպական Միութեան։ Քաղաքատնտեսական գետնի վրայ, Ռուսաստանի համաշխարհային վարկը կը շարունակէ նահանջել, Վլատիմիր Փութինի իշխանութեան տիրակալութեան հետեւանքով։

Հակառակ Ռուսական Դաշնութեան լայնածիր տարածութեան, եւ ընկերային – տնտեսական յառաջդիմութեան կարելիութիւններուն, ինչպէս նաեւ հիւլէական զինուժի անուղղակի ազդեցութեան, եւ Արեւմտեան Եւրոպայի կազի մեծաքանակ հայթայթումին վրայ հիմնուելով, Փութինի աշխարհատիրութեան կարելիութիւնները կը շարունակեն նահանջել։ Իր երկրին ժողովրդական զանգուածները կ՚ապրին տնտեսական դժուարին պայմաններու մէջ։

Ներկայ պատերազմը մղեցին Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպական Միութիւնը քաղաքատնտեսական օգնութեանը փութալու Ուքրանիոյ, իսկ զինուորական գետնի վրայ՝ հետզհետէ աճող զինամթերքի ու պատերազմական այլազան սարքերու օժանդակութեանց։

Այս ընթացքով, Վլատիմիր Փութինի ձեռնարկած զինուորական արշաւը դատապարտուած է կորսնցնելու Ուքրանիոյ պատերազմը։ Ցաւալին ա՛յն է, որ միլիոնաւոր ուքրանացիներ գաղթական են, իսկ հազարաւորներ՝ մահացած։ Տխուր է համայնապատկերը լայնածիր կործանումներու։ Հիմնայատակ քանդուած են բնակարաններ, գործարաններ, հիւանդանոց եւ այլ հաստատութիւններ, յիշեցնելով Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի կործանարար տեսարանները։

Շուրջ երեսուն տարուան իշխանավարութեան մէջ կարծրացած մենատէր մը միայն պիտի դիմէր վերոյիշեալ միջոցառումներուն։ Բանակի ու խորհրդարանի աւագանին այնքան կաշառո՞ւած ու վերահսկո՞ւած են, որ չեն դիմած պետական յեղաշրջումի մը։ Արեւմուտքին կողմէ հեղձուցիչ շրջափակումը թերեւս առաջնորդէ ռուս ժողովուրդի անզսպելի պոռթկումին։

Բ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅ ԳՈՅԱՎԻՃԱԿԸ

2020-ին աշնան, քառասուն չորս օրերու (Սեպտմբեր 27-Նոյեմբեր 10) կարճ պատերազմին հետեւանքով, Ռուսաստանի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի համատեղ կազմակերպուած ծրագրով, Ատրպէյճանի վերադարձուեցան 1990-94-ի պատերազմին, հայոց կողմէ գրաւուած Արցախի 5+2 շրջանները, Շուշին՝ ներառեալ։

Վերոյիշեալ պատերազմին մէջ, հայկական բանակին կողմէ գրաւուած վերոյիշեալ շրջանները եւ Արցախի անկախութիւնը ճանաչումի չարժանացան ՄԱԿ-ի անդամ ոչ մէկ երկրի, ու նոյնիսկ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ պաշտօնապէս։

2020-ի կարճատեւ պատերազմին վերջ տրուեցաւ ազդու միջամտութեամբ Արցախ ժամանած ռուսական բանակի նուազագոյն 2000 զինուորներու, հինգ տարուան համար խաղաղապահի դեր կատարելու համար։ Ասոնց դերակատարութիւնը վերանորոգելի էր, այնքան ատեն որ կողմերէն մէկը առարկութիւն չընէր։

2020 Նոյեմբերէն իվեր Ատրպէյճանը ոչ միայն հայապատկան մշակութային արժէքները – խաչքարեր, արձաններ, հասարակական շէնքեր ու կեդրոնավայրեր, եկեղեցիներ – քանդեց, տեղ-տեղ բարձրացնելով մզկիթներ, ինչպէս նաեւ կառավարական ու զինուորական շինութիւններ։

Ռուսաստանի միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուած զինադուլի պայմանագիրը վերջնական հանգամանք չունի։ Օրն ի բուն, ազերիական սահմանային տեսակաւոր խախտումներ տեղի կ՚ունենան Հայաստանի եւ Արցախի այլազան սահմաններու երկայնքին, ռուսական խաղաղապահ զօրքերու միջամտութիւնը անհրաժեշտ դարձնելով։ Վերոյիշեալ դէպքերուն զոհ կ՚երթան գիւղացիներ եւ հայ զինուորներ։ Ազերիական կողմին արդարացումը ա՛յն է, որ այդ նոր սահմանագիծերը Ատրպէյճանի տարածք են, ու կը կարօտին սրբագրութեան, հիման վրայ այն քարտէսներուն, որոնք իրեն նպաստաւոր են։

Այս խնդրով, Եւրոպական Միութիւնը վերջերս թելադրած է Ն. Փաշինեանին, որ Հայաստանի կեցուածքն ու պահանջքները զիջումի ենթարկէ, վերջնական զինադադար կնքելու համար։ Պրն. Վարչապետը երբ այս մասին ճառ մը խօսեցաւ խորհրդարանին մէջ, ընդդիմադրութիւնը շուտով աղմուկ բարձրացուց մէկէ աւելի հրապարակային ցոյցեր կատարելով ու պահանջելով Պրն. Վարչապետին հրաժարականը, զինք ամբաստանելով «դաւաճանութեամբ»։

Ընդդիմութեան ընտրեալ ներկայացուցիչները, որոնք սովորութիւն ըրած են յաճախակի բացակայելու խորհրդարանի ընթացիկ նիստերէն, կը կազմակերպեն հրապարակային ցոյցեր վտիտ ներկայութեամբ։

Բնականաբար, «ընդդիմութեան» այս յանկերգն ու բեմադրութիւնները, սահմանափակ տարողութիւն ունին, քանի Հայաստանի բնակչութեան մեծամասնութիւնը, 2021 Յունիսին, երկրորդ ընտրութեամբ, թիկունք կանգնեցաւ Ն. Փաշինեանի իշխանութեան։ Հրապարակային այս ցոյցերուն ճառ խօսող այլազան խմբաւորումներուն ներկայացուցիչները իրենց ամբոխավարութեամբ ծանօթ են Հայաստանի ժողովուրդի մեծամասնութեան, ներկայացնելով վերջին շուրջ երեսուն տարիներու կեղեքիչ «օլիկարգ»ները ու սահմանափակ հետեւորդութիւն ունեցող կազմակերպութիւնները, որոնք կը շարունակեն իրենց ժխտական դիրքորոշումները։

Լաւ կ՚ըլլայ որ ասոնք աւելի մտահոգուին Ուքրանիոյ պատերազմին հետեւանքներով։ Ռուսական Դաշնութեան միջազգային վարկը, քաղաքականօրէն ու տնտեսապէս, օրէ օր տեղատուութեան մէջ է։ Ուքրանիոյ շարունակուող պատերազմին հետեւանքով Հայաստանի քաղաքական ճակատագիրը լրջօրէն վտանգուած է։ Հայաստանի իշխանութիւններն ու ժողովուրդը լրջօրէն պատրաստուելու են, միասնական ճակատով դիմագրաւելու համար այլազան կարելիութիւններ։ Լրջօրէն խնդրոյ առարկայ դարձած է Հայաստանի ընդհանուր գոյավիճակը։ Անյետաձգելի կարիքը կայ համագործակցութեան, բոլոր մեծ ու փոքր կազմակերպութեանց միջեւ, հաւաքականօրէն նեցուկ կանգնելու համար ներկայ իշխանութեանց։

Հայաստանի կառավարութիւնը օրն ի բուն հետամուտ ըլլալու է համազգային ճկուն դիրքորոշում որդեգրելու եւ ցուցաբերելու, մօտէն հետեւելով Ուքրանիոյ պատերազմի զարգացումներուն։

Ամէն պարագայի, նախընտրելի է առանց Փութինի Ռուսական Դաշնութեան թիկունքը։ Ն. Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու սահմանափակ այլազան օժանդակութիւնները, օգտակար ըլլալով հանդերձ, տակաւին որոշիչ դերակատարութիւն պիտի չունենան։

Ինչ որ ալ պատահի, մօտէն հետեւելով աշխարհաքաղաքական զարգացումներուն, զգօնութիւն ու պատրաստակամութիւն կը պահանջեն հայրենիքի ղեկավարութենէն։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ