Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Մշակութային Արձագանգ

Գրախօսական

Վահան Թէքէեան – ԱՐԵՒի Խմբագրականներ (1915-1945)

(Կազմեցին եւ խմբագրեցին՝ Պետրոս Թորոսեան, Անդրանիկ Տագէսեան)

ՎԱՉԷ ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանի տպարանէն ընթերցողին կը հրամցուի նոր հատոր մը, որ կը կրէ «Արեւի Խմբագրականներ (1915–1945)» խորագիրը, կազմուած եւ խմբագրուած՝ երիտասարդ գիտաշխատող Պետրոս Թորոսեանի եւ  Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի համագործակցութեամբ:

Հատորը 708 էջեր պարփակող գեղեցիկ կազմի մը մէջ կ՚ընդգրկէ Վահան Թէքէեանէն «շուրջ 420 պատգամ-խմբագրական», ինչպէս կը նշուի խօսքին մէջ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնին, որ նոյն միութեան Ամերիկայի եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան հետ մէկտեղ հովանաւորն է այս հրատարակութեան:

Ուշացած բայց գովելի հովանաւորութիւն:

Ուշացած՝ անոր համար որ տակաւին 1990-ականներու կէսերուն տողերս գրողը ԹՄՄ-ի Մ. Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցած էր Թէքէեանի ամբողջական գործերու հրատարակութեան ծրագիր մը, որ մնացած էր անարձագանգ: Տարիներու հոլովոյթը հնարաւոր չէր դարձուցած մեր մտադրութեան իրագործումն այլապէս:

Այս հատորն, ուրեմն, կու գայ մասնակիօրէն բաց մը գոցելով ճոխացնել Վահան Թէքէեանին առնչուած հրատարակութիւններու շարքը: 

Կազմողները գոհացած են սեղմ ներածականով մը, անոր մէջ խտացնելու համար Թէքէեան խմբագրին եւ ներկայացուող խմբագրականներուն վերաբերեալ իրենց գնահատումը, միաժամանակ խօսուն մէջբերումներ կատարելով ազգային կարգ մը կարեւոր հարցերու առնչութեամբ Թէքէեանի հաստատումներէն:

Մինչ գնահատումներէն շատերու կարելի է ամբողջովին եւ անվերապահօրէն համաձայն ըլլալ, անոնց կողքին կան այնպիսիներ, որոնք կ՚առթեն վերապահում: Մանրամասնութիւններու մէջ մխրճումը, սակայն, կ՚ենթադրէ դիմել Թէքէեանի կենսագրական տուեալներուն, հրապարակագրական այլեւայլ գրութիւններու, հրատարակեալ նամակներուն եւ արձակ թէ չափածոյ ստեղծագործութիւններուն: Բա՛ն մը, որուն չի ձգտիր այս գրախօսականը, որ կը նպատակադրէ սահմանել ժողովածուին իսկական ծիրը կարգ մը նշումներով, որոնք պէտք չէ ընկալուին եւ մեկնաբանուին իբրեւ թերագնահատում կատարուած աշխատանքին եւ հրապարակ դրուած հատորին, որ շտապողականութեան մը տպաւորութիւնը թողլով հանդերձ, օգտակար եւ շնորհաւորելի գործ մըն է Թէքէեանի «Արեւ»-եան խմբագրականներու մէկ մասն ընթերցողներու մատուցելու ճիգին համար իսկ, որպէս «բաց տոմար» (ինչպէս կազմողները որակած են զայն): Դասագի՛րք՝ լի՛ առողջ դատումներով եւ ուղենշային բանաձեւումներով: Դասագի՛րք՝ նոյնիսկ կողքով ներկայացուած հաստատումներով, որոնք առնուած են Թէքէեանի հասուն տարիքի «Վաղուան համար» (7 Նոյեմբեր 1942) եւ «Վտանգաւոր գոհունակութիւններ» (1 Նոյեմբեր 1941) խմբագրականներէն:

Վերը ակնարկեցինք ժողովածուին ծիրին սահմանման, որպէսզի հատորը ընթերցողն ու օգտագործողը անոր չմօտենայ այն թիւր տպաւորութեամբ թէ «հատորին մէջ համախմբուած յօդուածներով» «կը բնութագրուի եւ կ՚ամփոփուի» Թէքէեանի «քաղաքական վաստակը եւ այդ վաստակին հանրագումարը» (չակերտեալները գնահատումն են ներածականէն առաջ տեղադրուած ԹՄՄ-ի Մ. Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետին, որ առանձինն ստորագրած է միութեան հովանաւորչական գիրը):


«Այս Հատորը» խորագրեալ ներածականէն դատելով, զայն կազմողներուն հաւաքչական աշխատանքը առաւելապէս հիմնուած է «Արեւ»ի թուայնացեալ հաւաքածոներուն վրայ, որոնց թերիները անհրաժեշտ դարձուցած են յաւելեալ ճիգով մը դիմել զանազան հաստատութիւններու, երբեմն նաեւ անհատներու՝ կարելի ամբողջականութեամբ ձեռքի տակ ունենալու համար,- իրենց հաստատումով,- Թէքէեանի մի՛այն ստորագրեալ խմբագրականները:

Կազմողներն իրենց նպատակադրած աշխատանքի ծիրէն դուրս ձգած են Թէքէեանի «1935-40ի անստորագիր խմբագրականները», ինչպէս  պարզաբանած են ծանօթագրութեամբ մը:

Մեր գնահատումով,- երկմաս, եռամաս կամ բազմամաս խմբագրականներէն իւրաքանչիւրը հաշուելով առանձնապէս,- հատորին մէջ տեղ տրուած է 416 (նուազ մէկ) խմբագրականի: Նուազ մէկ՝ որովհետեւ 3 Ապրիլ 1937 թուակիր «Ընթերցողի նոթեր»ը, ուր Թէքէեան կատարած է կարեւոր մտորումներ, խմբագրական չէ:

Ընթերցողները չեն զգուշացուած թէ կատարուած են լեզուական միջամտութիւններ: Նման զգուշացում մը ընթերցողներուն թերեւս խնայէր հարցականներ, որոնք կրնան առաջանալ արեւմտահայերէնի աւանդական ուղղագրական եւ բառակազմական ձեւերէ շեղումներու պատճառով:

Ընդգրկեալ առաջին երեք խմբագրականներուն ընթերցումը կը պարզէ թէ այդ միջամտութիւններուն հետեւանքով բարդ բառերու սկիզբը գտնուող ամէն մասնիկը հետեւողականօրէն ներկայացուած է է-ով (ինչպէս՝ ամէնամեծ, ամէնաբուռն), երբ Թէքէեան հետեւող մը եղած է բաց վանկերու մէջ ե-ի գործածութեան (ամենամեծ, ամենաբուռն). իսկ ի վիճակի, ի վեր, մէկ քանի, քիչ առ քիչ եւ նման արտայայտութիւններ դարձած են իվիճակի, իվեր, մէկքանի, քիչառքիչ եւայլն: Նկատելի է նաեւ պարոյկի ոչ-աւանդական եւ ոչ-թէքէեանական գործածութիւնը (մէկ բացառութեամբ) հատորին մէջ իւ-ի եւ ու-ի պարագային, ձայնաւոր տառի փոխարէն զայն տեղադրելով հիւն տառին վրայ (ու՞, իւ՞): Կը խորհինք թէ հատորը Թէքէեանի լեզուն ուսումնասիրողներու աւելի լաւ պիտի կարենար ծառայել թէքէեանական լեզուն պահպանելով նոյնութեամբ:

Հատորը պիտի շահէր, անշուշտ, աւելի խնամեալ սրբագրութեամբ մըն ալ՝ խուսափելու համար գէթ նոյն երեք խմբագրականներուն մէջ յայտնուած թերիներէ, ինչպէս՝ ըլան (իմա՛ ըլլան), յորմեյետէ (իմա՛ յորմէ հետէ), ինպէս (իմա՛ ինչպէս), ՀՅ (իմա՛ Հ. Յ. = Հայ Յեղափոխական):

Անցնելով բովանդակութեան ցանկին, դիտելի գտանք հետեւեալ պարագաները:

– Բացակայութիւնը «Շնորհաւոր նոր տարի» խմբագրականի թուականին, որ պէտք է ըլլայ 14 Յունուար [1916]:

– Հրատարակութեան թուականային հերթականութեան կարգ մը աննշան խախտումներ:

– Կարգ մը խմբագրականներու թուականներու շփոթ.- «Այս միջոցիս»-ը հրատարակուած է 24 Մարտ 1916-ին եւ ո՛չ՝ 22 Յունիսին. «Հայաստան եւ Գերմանիա» երկմաս խմբագրականին Բ. մասին թուականը պէտք է ըլլայ 14 եւ ո՛չ թէ 15 Օգոստոս. «Եկեղեցի, դպրոց եւ ուրիշ պէտքեր»-ը լոյս տեսած է 26 Դեկտեմբեր 1942-ին եւ ո՛չ թէ 7 Նոյեմբերին. «Հայ գիրը հայ երկրէն դուրս»-ին թուականը պէտք է ըլլայ 3 Յունիս 1943՝ փոխանակ 19 Մայիսի. «Հայ գրականութիւնը» լոյս տեսած է 25 Սեպտեմբեր 1943-ին եւ ո՛չ թէ 1944-ին:

– «Մեր ազգային խաղաղութիւնը» խմբագրականին կողքին նշուած է «Ա., Բ. (2, 16 Մայիս)», յուշելով թէ երկմաս է 1942-ին հրատարակուած գրութիւնը: Իսկութեան մէջ, տուեալ խմբագրականը ամբողջական է ինքնին՝ առանց մասերու: Երկմաս խմբագրականը, որ լոյս տեսած է 1942 տարուան Մայիսի 9-ին եւ 16-ին, կը կրէ «Ի՛նչպէս կը հաստատուի մեր ազգ. քաղաքականութիւնը» խորագիրը, որ, ի դէպ, սխալմամբ ներկայացուած է որպէս «Ի՛նչպէս կը հաստատուի մեր ազգ. խաղաղութիւնը» «Արեւ» օրաթերթի համացանցային որոնման կայքէջով: Թէքէեան իր Մայիս 9-ի խմբագրականին Ա. մասին մէջ կը նշէ. «Անցեալ շաբաթ օր յօդուածս վերջացաւ երբ ես դեռ վերջացուցած չէի ըսելիքս. որովհետեւ պէտք էր, մանաւանդ, ուրիշ կարեւոր գրութիւններէ ալ փաստեր բերել՝ հաստատելու համար հոն պարզուած տեսակէտը. ատիկա խոստացած էի ընել ա՛յս անգամ եւ կ՚ընեմ ո՛չ ուրիշ բանի՝ այլ միայն ցոյց տալու համար թէ ի՛նչպէս կը հաստատուի, իրապէս եւ ամրապէս, մեր ազգային խաղաղութիւնը»: Կը պարզուի, հետեւաբար, թէ այս խմբագրականն ալ դուրս մնացած է ժողովածուէն՝ զոհ երթալով ստուգման բովէ չանցած շփոթի մը: Անոր ընդգրկումը պիտի նպաստէր շեշտադրման թէ՝ Թէքէեան իր վերլուծումները ձգտած է հիմնաւորել իրողութիւններով:

Առ ի չգոյութիւն ներածականին մէջ համապատասխան լուսաբանութեան, անբացատրելի կը մնայ հատորէն բացակայութիւնը խմբագրական սիւնակով կամ սիւնակներով լոյս տեսած եւ Վահան Թէքէեան կամ Վ. Թ. ստորագրութիւնը կրող առնուազն 55 առաջնորդողներու, այսպէս.- 1915-էն՝ 5, 1916-էն՝ 13, 1917-էն՝ 5, 1918-էն՝ 9 (ոչ ամբողջական ստուգումով), 1940-էն՝ 11, 1941-էն՝ 3, 1942-էն՝ 3, 1943-էն՝ 6:

Հատորը կրնար նաեւ նիւթ հայթայթել Թէքէեանի որպէս պատասխանատու խմբագիր գործելաոճին ուսումնասիրութեամբ հետաքրքրուողներու, եթէ ընդգրկուած ըլլային Թէքէեանի խմբագրական նշումներն ալ՝ աւելցուած զանազան կարեւոր յօդուածներու եւ լրատուութիւններու: Նշումներ՝ որոնք նաեւ կ՚ընդլայնեն պարունակը Թէքէեանի կեցուածքներով և դատումներով հետաքրքրուողներու տրամադրութեան տակ դրուած նիւթերու:

Մեծ բացական է «Արեւ»ի առաջին իսկ խմբագրականը, լոյս տեսած թերթին առաջի՛ն համարին մէջ, 11 Մայիս 1915-ին, Վահան Թէքէեան ստորագրութեամբ: Այս պարագան թերեւս բացատրուի անով, որ «Արեւ»ի թուայնացեալ թերի օրինակին վրայ հիմնուելով կարելի չէր վերականգնել զայն ամբողջութեամբ: Ասով հանդերձ, տեղին պիտի ըլլար որ նշում մը կատարուած ըլլար այդ ուղղութեամբ, կամ ան վերարտադրուած ըլլար Արշակ Ալպօյաճեանի «Վահան Թէքէեան իբր հանրային մարդ եւ հրապարակագիր» հատորէն (Պէյրութ, 1988, էջ 221–223):

Այդ կարեւոր խմբագրականը ո՛չ միայն կ՚ուրուագծէր ուղին, որ պիտի ըլլար «Արեւ» թերթինը, այլ նաեւ կը կազմէր վկայութիւնը Թէքէեան խմբագիրին նկարագրային ամենայատկանշական գիծերէն մի քանիներուն՝ առաջինն ըլլալով հայ թերթի նկատումը որպէս ազգային շահերու հետապնդման միջոց եւ վերջինը չըլլալով պարկեշտութիւնն ու այլ առաքինութիւններ, զորս կարելի է մակաբերել նոյն խմբագրականէն:

«Արեւ»-ը կեանքի կոչուած էր մէ՛կ կողմէ հակազդելու 1915-ին դաշնակցականներու կողմէ «Յուսաբեր» թերթի ձեռքբերումով ստեղծուած կացութեան մը, երբ Գահիրէ եւ Աղեքսանդրիա միասնաբար սկսած էին փոխարինել Պոլիսը իբրեւ արեւմտահայութեան ուղղութիւն տուող կեդրոն, իսկ միւս կողմէ կատարելու Պօղոս Նուպարի գլխաւորութեամբ կազմուած Հայ Ազգային Պատուիրակութեան պաշտպանի եւ խօսափողի դերը:

Պօղոս Նուպար եւ Բարեգործականի ղեկավար դէմքեր նիւթական գետնի վրայ սատար կը կանգնէին թերթին, որուն արտօնատիրութիւնը կը վստահուէր Լեւոն Մկրտիչեանի, հրատարակչութիւնը՝ տուեալ պահուն տպարանատէր Միհրան Տամատեանի, իսկ խմբագրապետութիւնը՝ Վահան Թէքէեանի, երեքն ալ սահմանադրական-ռամկավար:

Հրատարակութեան պահուն, Թէքէեան իր խմբագրականով յստակօրէն յայտարարած էր թէ «Արեւ» «քաղաքական կուսակցութեան մը օրկանը չէ եւ չպիտի ըլլայ», անմիջապէս աւելցնելով թէ «Հակա-կուսակցական օրկան մըն ալ չէ». այլ՝ է՛ «ազգային շահերու պաշտպանութեան նուիրուած օրկան մը»[1]: Ապա ճակատաբաց ըսած էր. «Մենք չենք յարգեր ու կ՚ուզենք որ ժողովուրդն ալ չյարգէ նիւթական ու ընկերական դիրքը երբ անոր չեն միանար մտքի եւ սրտի յատկութիւններ, եւ մենք չենք ծռիր բոլոր այս յատկութիւնները ունեցող ամենաբարձր անձնաւորութեան մըն ալ առջեւ՝ երբ ան զանոնք ի սպաս չի դներ, պէտք եղած պահուն, իր ազգին ու հայրենիքին»[2]: Նաեւ՝ «Չենք յարգեր յետոյ այն Հայերը, ի՛նչ դիրքի եւ մտքի տէր ալ ըլլան, որոնք զուրկ են ազնուութեան, զոհողութեան եւ ժողովրդասիրութեան ոգիէ: Կ՚ատենք մանաւանդ վատութիւնը, նկարագրի տկարութիւնը, եւ կը պաշտենք յանդուգն ու քիչ մըն ալ խիզախ բնաւորութիւնները որոնք իրենց գաղափարին պաշտպանութեան համար ամէն նկատում ոտքի տակ կ՚առնեն, իրենց բարեկամները վշտացնելէ չեն վախնար եւ անժողովրդական ըլլալը հոգերնին չեն ըներ: Ազգ մը որ այսպիսի անհատականութիւններ շատ չի հաշուեր իր ծոցին մէջ, դժբախտ ազգ մըն է…»:

Վերջապէս, խօսքն ուղղելով հայ ժողովուրդին, Թէքէեան ըսած էր թէ զայն շողոքորթելով չէ որ թերթը պիտի ծառայէ անոր, միաժամանակ կոչ ընելով «սքանչելի առաքինութիւնները» պանծացնելու կողքին՝ սպաննելու «ահռելի թերութիւնները եւ բոլոր տկարութիւնները»:

Չենք ուզեր երկարել այս գրախօսականը, որովհետեւ տակաւին չենք հրաժարած Թէքէեանի ամբողջական գործերը հրատարակելու մեր ծրագրէն՝ համապատասխան վերլուծումներով եւ ծանօթագրութիւններով, ընդգրկելով նաեւ գրախօսուող հատորէն բացակայ խմբագրականները: Տեղին կը գտնենք, սակայն, յիշատակել հատորէն դուրս մնացած Թէքէեանի վերջին խմբագրականներէն մին՝ «Ոչ ըսել գիտնալը» խորագրեալը (21 Օգոստոս 1943), իր շահեկանութեան եւ անմիջական աղերսին համար Թէքէեան մարդուն, խմբագրին, հրապարակագրին եւ ազգային-կուսակցական գործիչին նկարագրին ու գործելաոճին հետ:

Հո՛ն, Թէքէեան խմբագրականը կը սկսի յայտարարելով թէ հանրային կեանքի մէջ «համաձայնիլ գիտնալու չափ օգտակար է ոչ ըսել գիտնալը», երբ անձը «գաղափարէն զատ նկարագիր մըն ալ ունի», եւ յուշելէ ետք թէ զօրաւոր նկարագրի տէր անձը «պիտանի տարր մըն է ժողովուրդի մը մէջ անոր հանրային գործին համար՝ եթէ երբեմն անհաճոյ ալ ըլլայ», կ՚եզրափակէ. ««Ոչ ըսող» մը կրնայ կոտրիլ իր դիմադրողութեանը պատճառաւ: Թո՛ղ կոտրի: Լաւագոյն է որ մարդու այդ տեսակը զոհեր տայ երբեմն քան թէ չորնայ»:

Հայ քաղաքական հոսանքներու միջեւ համազգային ընդհանրական շահերու պաշտպանութեան համար հետեւողականօրէն համերաշխութիւն, համաձայնութիւն եւ համագործակցութիւն ջատագոված Թէքէեանը պահպանած էր իր անկոտրում ընթացքը իր հրապարակագրական եւ հանրային գործունէութեան ընթացքին, նոյնիսկ երբ իր «մէկ հատիկին» տեսնող եւ տեսանող ընկերը զոհ գացած էր իր պարկեշտ եւ խիզախ հրապարակագրութեան, 1916-ին…:

Շնորհակալութի՛ւն կազմողներուն, որոնց աշխատանքին շնորհիւ Թէքէեանի խմբագրականները,- որոնց մէջ քիչ չեն այժմէաշունչ միտքեր,- իրենց առաջին հրատարակութենէն տասնամեակներ ետք ալ շրջանառութեան մէջ դրուելով առիթ կը դառնան խորհրդածելու ազգային եւ մարդկայնական հարցերու մասին՝ որպէս խութերէ խուսափման ծառայող կողմնացոյց:


[1]   Ուրիշ հարց թէ «Արեւ» հետագային հրապարակաւ պիտի ներկայանար որպէս Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պաշտօնաթերթ:
[2]   Այդ «ամենաբարձր անձնաւորութիւնը» կրնար ըլլալ նոյնիսկ թերթին հովանաւոր Պօղոս Նուպարը կամ ոեւէ ուրիշ մեծազդեցիկ կամ մեծատուն անձ՝ հովանաւոր, բարեկամ թէ անբարեկամ:
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ