Հինգշաբթի, Մարտ 28, 2024

Շաբաթաթերթ

«Ֆրենքընշթայն՝» Քորոնա Ժահրի Նոր Տարբերակ

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը վերջերս հրապարակած է սկզբնական զեկուցում մը COVID-19-ի նոր տարբերակի՝ XE-ի մասին, որ նաեւ այլ սարսափազդու անուն ունի՝ «Ֆրենքընշթայն»։ Անիկա օմիքրոնի BA.1 եւ BA.2 տարբերակներու խառնուրդն է, տեղեկացուցած է Fox News-ը։

Յայտարարուած է, որ «Ֆրենքընշթայն»ը առայժմ հետաքրքրութիւն չի ներկայացներ եւ անհանգստանալու առիթ չ՛ստեղծեր, նշուած է Euronews-ի վերջերս ներկայացուած զեկուցումին մէջ։
XE տարբերակը առաջին անգամ յայտնաբերուած է Մեծն Բրիտանիոյ մէջ, Յունուար 19-ին, եւ ներկայիս արձանագրուած է աւելի քան 1000 պարագայ, նշուած է զեկուցումին մէջ։

XE-ն այն տարբերակն է, որ կը պատահի, երբ անձը կը վարակուի երկու կամ երեք տարբերակներով միեւնոյն ժամանակ. ատոր կը տրուի «X» տառը, որպէսզի զանազանուի որպէս խառնուրդ տարբերակ, բացատրած է Պըրքլիի համալսարանի ճենոմիք նորարարական հիմնարկի գիտնական, տոքթոր Սթաշիա Ուայման։ Ան նշած է, որ XE տարբերակը յառաջացած է այն անձերէն, որոնք վարակուած են թէ BA.1 եւ թէ՝ BA.2 տարբերակներէն։

XE-ի «ճինոմային» յաջորդականութիւնը կազմուած է մասամբ BA.1-էն եւ մասամբ՝ BA.2-էն: Բայց սպիտակուց «քօտավորող» «ճին»ը որ կ՛օգնէ ժահրին կպչելու առողջ բջիջներուն, կը պատկանի BA.2-ին։ Հակառակ անոր որ անիկա BA.2-ի մէկ մասն է, տակաւին յայտնի չէ, թէ արդեօք BA.2-ով նախորդ վարակումը դիմադրողականութիւն պիտի ապահովէ՞  XE-ի նկատմամբ, նշած է գիտնականը։

Որովհետեւ ժահրերը բնականօրէն «միւթէյթ» կ՛ըլլան ժամանակի ընթացքին, ուրեմն խառնուրդ տարբերակները զարմանալի չեն եւ այսպիսով ներկայիս XE-ն, աւելի հակազդեցիկ չի թուիր ըլլալ նախորդ պատուաստումներու անձեռնմխելիութենէն խուսափելու համար, ըսած է Օհայոյի համալսարանի Ուեքսնըր բժշկական կեդրոնի վարակիչ հիւանդութիւններու գծով մասնագէտ, տոքթոր քարլոս Մալվեսթութօ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ