ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Քաղաքացիական Մեր Պարտականութիւնները . . .
Որպէս քաղաքացի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն՝ մենք կը վայելենք կարգ մը ազատութիւններ եւ անոնց կողքին ունինք կարգ մը պարտականութիւններ։
Ազատութիւններու շարքին՝ կարելի է յիշել խօսքի ազատութիւնը, արտայայտուելու ազատութիւնը, կրօնի ազատութիւնը եւ այլն՝ որոնք շնորհուած են մեզի երկրին սահմանադրութեամբ։
Չմոռնանք նաեւ այս երկրին մեզի շնորհած բարիքները։ Կ՛աշխատինք, այո՝ տուրք կը վճարենք, սակայն երբ հանգստեան կոչուինք՝ թոշակ կը ստանանք մինչեւ մեր մահը։
Իսկ պարտականութիւններու շարքին՝ այսօր պիտի կեդրոնանամ երկու կարեւոր պարտականութեանց վրայ, որոնք յաճախ կ՛անտեսենք եւ կամ կը թերանանք զանոնք կատարելու՝ Ինչո՞ւ, չեմ հասկնար։
Առաջին, խումբ մը բարեկամներով սուրճ խմելու գացած էինք մօտակայ ճաշարաններէն մէկուն մէջ։ Ութսունամեայ ծանօթ մը մօտեցաւ մեզի եւ հարցուց թէ ինչպէ՞ս պէտք է վարուի՝ Ժուրի անդամ ընտրուելու իր ստացած հրաւէրին նկատմամբ։
Անմիջապէս մեզմէ մէկը արտայայտուեցաւ որ երբ ինք ստանայ նման հրաւէր մը, շուտով կը պատռէ եւ աղբի թիթեղին մէջ կը նետէ զայն։ Բայց ինչո՞ւ։ Օրէնքով՝ մենք պարտաւոր ենք անսալու եւ կամ ալ պատճառաբանութիւն մը ներկայացնելու որ անկարող ենք մասնակցելու։
Ես ըսի որ որպէս տարիքոտ՝ կրնաս յայտնել թէ անկարող ես ներկայանալու եւ այդ կ՛ընդունին որպէս բանաւոր պատճառ ու վերջ։
Առ ի գիտութիւն նշեմ որ երկրին դատական գործընթացը այնպէս է որ դատախազը կը ներկայացնէ ժողովուրդը եւ կը դատապարտէ ամբաստանեալը, իսկ պաշտպան փաստաբանը կը ներկայացնէ ամբաստանեալը։
Գալով դատաւորին, ան միայն կը վարէ դատական գործընթացը եւ ժողովուրդէն ընտրուած 12 ժուրի անդամներն են որ միաձայնութեամբ պէտք է արձակեն վճիռը։ Որմէ ետք՝ եթէ յանցաւոր ըլլայ ամբաստանելը, դատաւորը կ՛որոշէ պատիժը։
Ես անձնապէս երկու անգամ մաս կազմած եմ որպէս ժուրի անդամ եւ երրորդ անգամին ալ ներկայացայ, սակայն չընտրուեցայ։ Ես շատ գոհ եմ որ իմ քաղաքացիական պարտականութիւնս լիովին կատարած եմ։
Երկրորդ, Այս ալ կը վերաբերի ընտրութեանց մասնակցելու մեր պարտաւորութեանց։ Միացեալ Նահանգներուն մէջ՝ ընտրութիւններ տեղի կ՛ունենան երկու տարին անգամ մը։ Ուաշինկթընի մեր ներկայացուցիչները պէտք է ընտրուին ամէն երկու տարին անգամ մը, իսկ ծերակուտականները՝ վեց տարին անգամ մը։ Գալով Նախագահին՝ ան կ՛ընտրուի ամէն չորս տարին մէկ անգամ։ Նախագահը կրնայ վերընտրուիլ չորս տարուան համար եւս ու վերջ։
Շատեր չեն մասնակցիր վերոյիշեալ ընտրութեանց՝ բայց Ինչո՞ւ, չեմ հասկնար։ Ընտրութեանց մասնակցելով՝ մենք մեր ձայները լսելի կը դարձնենք ուր որ անկ է։
Ուաշինկթընի մէջ՝ Հայաստանին կամ Արցախին նկատմամբ նիւթական ներդրում կատարելու եւ կամ ի նպաստ անոնց որեւէ այլ որոշում առնելու համար, մեր կողմնակից ներկայացուցիչներուն առաջարկներուն կը կարօտինք։
Վստահ եղէք որ մեր ներկայացուցիչները նպաստաւոր առաջարկներ պիտի չի ներկայացնեն կառավարութեան՝ եթէ մեր քուէները բաւարար չըլլան, իրենց վերընտրութեան ժամանակ։ Ուստի, մեր ճիտին պարտքը պէտք է համարել բոլոր ընտրութիւններուն մասնակցելու եւ մեր ձայները տալու հայասէր ներկայացուցիչներուն։
Քալիֆորնիոյ մէջ՝ Կառավարիչը յետս կոչելու ընտրութիւն մը տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր ամսուն 14-ին։ Բարեկամներէս շատեր արհամարհեցին այդ գործընթացը եւ ընտրութեան չմասնակցեցան։ Բայց Ինչո՞ւ, մէկ ձայնը տարբերութիւն պիտի չընէ ըսին անոնք եւ սակայն հիմնովին կը սխալին, չէ՞ք խորհիր . . .
Ես անձնապէս՝ քաղաքացի ըլլալէս ետք, մասնակցած եմ բոլոր ընտրութիւններուն եւ քուէարկած ի նպաստ գաղափարակից թեկնածուներուն եւ կամ շահաբեր առաջարկութիւններուն (propositions)։
Հոս պէտք է աւելցնեմ որ վերոյիշեալ երկու պարտականութիւններն ալ կատարելու համար, նիւթական որեւէ բեռ մը չեն սպառնար մեր վրայ։ Ուրեմն՝ ինչո՞ւ թերանանք եւ մեր պարտականութիւնը չկատարենք յօգուտ մեր ազգի բարգաւաճման ու յարատեւ վերելքին՝ հաճիք դուք բացատրեցէք ինծի որ հասկնամ ու գոհանամ, շնորհակալութիւն։