Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւն

Հայազգի Միջազգային Մեծագոյն Բարերարը

(1869-1955)

Դոկտ. Զաւէն Ա. Քհնյ. Արզումանեան

«1971-ի աւարտին հայ կրթական եւ բարեսիրական հաստատութեանց տարիներու նպաստը Կիւլպէնկեան Հիմնարկութենէն կը հասնէր 20 միլիոն տոլարի»

ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ

Խոստմնալից Հայորդին

          1910-ական թուականներուն Գալուստ Կիւլպէնկեան Կ. Պոլսեցի հայորդին կը սկսէր իր անունն ու համբաւը կերտել քարիւղի ճարտարարուեստին մէջ, շարունակելով Աղեքսանդր Մանթաշեանի գործն ու դիրքը։ Ծնած էր 1869 թուին Սարգիս եւ Տիրուհի ամոլին յարկին տակ, հայրը մահացած 1893-ին, եւ մայրը՝ 1908-ին։

          Կիւլպէնկեան մականունը Ռշտունեաց Վարդ Պատրիկ իշխանին թրքերէն թարգմանութիւնն է, եւ ըստ աւանդութեան կ՛առնչուի Պատրիկի որդոյն Թէոդորոս Ռշտունիի Արաբաց արշաւանքին ընդդիմացող հայ իշխանին հետ։ Գատըգիւղ հաստատուելով Գալուստ ազգային վարժարանէն ետք Անգլիոյ Օքսֆորտի համալսարանէն կը վկայուի իբր ճարտարագէտ, կանուխէն գրելով իր առաջին ուսումնասիրութիւնը Պաքուի նաւթահորերու մասին որ լոյս կը տեսնէր ֆրանսատառ հանդէսի մը մէջ։ Կ՛ամուսնանար Լոնտոնի մէջ Նուարդ Եսայեանին հետ եւ կ՛ունենային երկու զաւակներ՝ Նուպար եւ Ռիթա։

          Կանուխէն Գալուստ Կիւլպէնկեան հետամուտ եղած է քարիւղային գործառնութեանց,1895-ին գործակցելով Անգլիոյ եւ Հոլանտայի քարիւղի ընկերութեանց հետ, եւ իր ջանքերով 1900 թուին Միջագետքի մէջ երեւան ելած է քարիւղի ընդարձակ հանք մը։ Յաջորդ տասնամեակին իր հովանաւորութեամբ հիմնուած է Թուրք Քարիւղային Ընկերութիւնը։ Պահելով միշտ իր անգլիական հպատակութիւնը, իրեն յատուկ ճարտարութեամբ եւ իմաստութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան պիտի հանդիսանար հայազգի միջազգային մեծագոյն բարերարը։

Համբաւն ու Կտակը       

          Աշխարհահռչակ հայազգի մեծահարուստ բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեան 20-րդ դարու առաջին կիսուն Փորթուկալի Լիզպոն մայրաքաղաքի առաջնահերթ գլխագիր Մարդը կը հանդիսանար ուր բնակութիւն հաստատած էր 1942 թուականէն սկսեալ։ Իր Կտակին համաձայն իր անունով կը հաստատուէր Լիզպոնի Հիմնարկութիւնը, շուրջ 500 միլիոն տոլարի հասնող հարստութեամբ, գոյացած իր անցեալի քարիւղի միջազգային հսկայական ներդրումներէն, նպատակ ունենալով նպաստելու բարեգործական, կրթական, գիտական եւ հրատարակչական ձեռնարկներու, մեծաւ մասամբ ոչ-հայկական հաստատութիւններէ ներս։

          1956 թուին, համաձայն բարերարի կտակի տրամադրութեանց Փորթուկալի կառավարութիւնը իր Յուլիս 18-ի հրամանագրով կը հաստատէր Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը որպէս պետական հաստատութիւն, գլխաւորաբար օժանդակելու երկրին վերոյիշեալ նախաձեռնութեանց։ Ի պատիւ մեծն Գալուստ Կիւլպէնկեանի, Հիմնարկը ունեցաւ նաեւ Հայկական Գործերու մասնաճիւղ՝ ի նպաստ հայկական աշխարհասփիւռ մեծ ու փոքր հաստատութեանց, Հայ Եկեղեցւոյ Նուիրապետական Աթոռներու, հայ վարժարաններու եւ մշտանորոգ կրթաթոշակներու անմիջական կարիքներուն հասցնելու նիւթական ակնառու բաժիններ։

Երուսաղէմի Կիւլպէնկեան Մատենադարանը

          Հիմնարկութեան թուականէն շատ աւելի կանուխ, 1931 Յուլիսին, Գալուստ Կիւլպէնկեանի նուիրատուութեամբ, ի պատիւ մեծանուն Եղիշէ Պատրիարք Դուրեանի քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեակին, կ՛աւարտէր կառուցումը Երուսաղէմի Կիւլպէնկեան Մատենադարանի շքեղ շէնքին, եւ բացումը կը կատարէր յաջորդ Պատրիարք Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Գուշակեան Սրբոց Թարգմանչաց տօնի կիրակին։ Դուրեան Պատրիարք վախճանած էր 1930-ի Ապրիլին։

          Երբ 1929-ին կը լրանար Եղիշէ Դուրեան Պատրիարքի քահանայական ձեռնադրութեան յիսնամեակը, Ս. Աթոռի Տնօրէն Ժողովէն կարգուած յոբելինական յանձնախումբը կը յաւերժացնէր անունն ու յիշատակը մեծանուն Պատրիարքին, ընծայելով մատենադարանի շէնքը ու զայն կառուցանելով վանքի շրջափակին մէջ։ Նոյն տարին, Եգիպտահայ թեմի Առաջնորդ Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Գուշակեան, Հայրապետական Նուիրակի պաշտօնով երբ Փարիզ կը գտնուէր, կը տեսակցէր Գալուստ Կիւլպէնկեանին հետ, եւ անձնական միջնորդութեամբ «Մատենադարանի շինութեան ամբողջ ծախքը» կ՛ապահովէր՝ ի յիշատակ բարերարի բարեյիշատակ ծնողաց Սարգիսի եւ Տիրուհիի։

          Դուրեան Պատրիարք իմանալով վեհանձն յանձնառութեան մասին գրաւոր գնահատած էր բարերարին ազնիւ մտածումը, եւ «ինքն իսկ տնօրինեց որ մատենադարանը կոչուի բարերարին անունով, իսկ ժողովրդական հանգանակութեան հասոյթով կազմուի հիմնադրամ մը», ինչպէս կը կարդանք ՍԻՈՆ ամսագրին մէջ։

          Որպէս ականատես այցելու կը գրեմ այս տողերը վկայելու համար որ Կիւլպէնկեան Մատենադարանը արտաքնապէս պատկառելի շէնք մըն է, ներքնապէս երկյարկանի հաստատութիւն մը, շքամուտքով եւ կամարաձեւ պատուհաններով։ Կեդրոնական սրահին վրայ կը հսկեն շուրջանակի երկյարկանի երկաթեայ պահարանները՝ բազմահազար գիրքերով։ Իսկ շուրջի նրբանցքներուն վրայ կը բացուին ութ սենեակներ աշխատանքի համար։

          Շուտով Կիւլպէնկեան Մատենադարան փոխադրուեցան Դուրեան Պատրիարքի բազմարժէք գիրքերը ամբողջութեամբ։ Հոն փոխադրուեցան նաեւ Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութեան լրիւ արխիւները օրուան Զաւէն Պատրիարք Տ. Եղիայեանի որոշումով զանոնք ազատելով Ա աշխարհամարտի կործանարար վտանգէն։

Հայկական Յատկացումներ

          1956-1969 տարիներու ընթացքին միջազգային եւ ազգային տարբեր նպատակներով Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը յատկացուցած է մօտ 135 միլիոն տոլար, երբ Լիզպոնի մէջ նոյն 1969 թուականին կառուցուեցաւ Հիմնարկութեան Կեդրոնը՝ գրասենեակներով եւ թանգարանով, ուր Գալուստ Կիւլպէնկեանի անձնական 3000է աւելի արուեստի գործերը ի պահ կը մնան։ 1960 թուին Հայկական Գործերու Բաժանմունքը նշանակելի յատկացումներ կը կատարէր որոնք Հիմնարկութեան օժանդակութեան իրական պատկերը կրնան տալ։ Երբ նկատի ունենանք նոյն տարուան երկրորդ կիսուն կատարուած հայ հաuտատութեանց եւ կրթաթոշակներու յատկացումները, իրական նմոյշ մը տուած կ՛ըլլանք հայոց օժանդակութեան մասին առ հասարակ։ Իրական թիւերով հետեւեալ ակնարկը կարելի է ներկայացնել։

          1960¬ի Յուլիսէն Դեկտեմբեր կատարուած բաշխումները հայ հաստատութեանց կը գերազանցէր նախորդող վեցամսեայ յատկացումները 550,000 տոլարի ընդհանուր գումարով մը, նոյն տարուան 12 ամիսներու ընդհանուր գումարը հասցնելով 750,000 տոլարի։ Տեղեկագիրները կը մասնաւորեն յիշեալ ակնառու գումարին բաշխումները, ինչպէս Լիբանանի 56 հայկական վարժարաններու նորոգութեանց ի նպաստ, Տիթրոյթի հայ վարժարանին, եւ Պաղտատի հայոց առաջնորդարանին, յատկապէս տեղւոյն Ս. Թարգմանչաց վարժարանի նոր շէնքին յաւելեալ յարկաբաժնի շինութեան համար, ինչպէս նաեւ Աղեքսանդրիոյ Մխիթարեան վարժարանին ի նպաստ։ Նոյն տարուան նպաստընկալ կը նշուին Լիբանանի 55 մանկապարտէզներու սարքաւորումները, եւ Լիզպոնի 12 հայ երիտասարդներու մարմնակրթական թոշակները, եւ սփիւռքահայ  վարժարաններու կարօտ աշակերտներու կրթաթոշակները՝ տարեկան 150,000 տոլարի հաշուով, չորս տարիներու վրայ, ընդհանուր 500,000 տոլարի գումարով։

20 Միլիոն Տոլարի Յատկացում Հայոց

            1971¬ի աւարտին հայկական կազմակերպութեանց տարիներու վրայ յատկացուած նպաստ¬ ները 20 միլիոն տոլարի կը հասնէին։ Անոնց նախորդող ծաւալուն բարերարութիւններ եւս արձանագրուած են, երբ նկատի ունենանք 1961 թուի Յունուարին Լիզպոնէն տրուած մանրամասնեալ Տեղեկագիրը որ ամբողջութեամբ լոյս տեսած է Երուսաղէմի ՍԻՈՆ ամսագրի նոյն տարուան Մարտի թիւին մէջ։ Հոն արձանագրուած է թէ սկիզբէն մինչեւ 1959-ի վերջաւորութեան հայոց նկատմամբ եղած յատկացումները կը ներկայացնէին 2,100,000 տոլար, որուն վրայ կ՛աւելնար 1960 թուականի վերեւ յիշուած մեծագումար յատկացումները։

          Պատուական ազգային բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի յետ մահու իր հաստատած Հիմնարկութիւնը ազգապարծան հաստատութիւն մըն է անկասկած, ոչ նուազ քան ՀԲԸ Միութիւնը, որուն երկրորդ Նախագահը կարգուած էր Գալուստ Կիւլպէնկեան, յաջորդելով հիմնադիր Պօղոս Նուպար Փաշայի։ Սակայն կարճ մի քանի տարիներ միայն վարած է Նախագահի այդ պաշտօնը եւ յուսախաբ հրաժարած է, հաւանաբար նկատի ունենալով Միութեան շատ նախնական վիճակն ու յառաջդիմելու դանդաղութիւնը։ Կը հաւատանք որ վերեւ քաղուած ցանցառ թուանշանները միայն գաղափար մը կրնան տալ հայոց նկատմամբ ցոյց տրուած եւ ապագային եւս տրուելիք ազգապարծան բարեգործութեանց մասին։ 

Սուրբ Յարութեան Տաճարը

          Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի առաջին իսկ տարիներուն, 1963 թուին, Սուրբ Յարութեան Տաճարի հիմնական նորոգութեանց պիտի ձեռնարկէին երեք իրաւատէր Պատրիարքութիւնները, Յունաց, Լատինաց եւ Հայոց, որոնք իւրաքանչիւրը հաւասարապէս ընդհանուր ծախքին մէկ երրորդը պիտի յատկացնէին։ Ընդհանուր գումարը նախատեսուած էր 900,000 անգլ. ոսկի, որուն 300,000-ը՝ հայոց բաժինը։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա Երուսաղէմ հրաւիրուած էր համազգային հանգանակութեան համար, ուր Հայրապետը նախագահեց նիստերուն, եւ իսկոյն խնդրանք մատուցին Լիզպոնի Գալուստ Կիւլպէնկեան Հաստատութեան խնդրելով աջակցութիւն։

          Հիմնարկութիւնը իր «Զեկոյց»ին մէջ կը ճշդէր 100,000 ոսկիի անմիջական յատկացումը, հայոց բաժնին ճիշդ մէկ երրորդը տրամադրելով վեց տարիներու վրայ բաշխուած, նկատի առնելով նորոգութեանց վեցամեայ տեւողութիւնը։ Հիմնարկը կը նշէր նաեւ որ համազգային հանգանակութեան ձեռնարկէին «հայկական համայնքներէն ներս ապահովելու համար մնացեալ 200,000 ոսկին։ե Ինչպէս ծանօթ է ՍԻՈՆ ամսագրէն մեր անցեալ սերունդին ջանքերով ընդհանուր գործը յաջողութեամբ պսակուեցաւ նոյն տասնամեակին, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հիմնական նուիրաբերութեան քաջալերանքով։

          Յիրաւի, երախտագիտութեան եւ հիացման շնորհընկալ խօսքերով ՍԻՈՆ ամսագիր Եղիշէ Պատրիարքի յատուկ խմբագրականով կ՛ընդգծէր թէ «Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը այս սրտագին եւ բացառիկ նուիրատուութեամբ գեղեցիկ եւ աննախընթաց բացումը կ՛ընէր Սուրբ Յարութեան Տաճարի հայկական բաժնի նորոգութեան գործին» (ՍԻՈՆ 1962, 209)։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ