Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024

Շաբաթաթերթ

Արեւմտեան Թեմի Տիկնանց Միութեան 69-րդ Պատգամաւորական Ժողովի Ընդլայնուած Նիստը

        5 Մայիս, 2022-ին՝ Պըրպէնքի Առաջնորդարանի «Համբար Ընտանիք» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Ս․ եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Տիկնանց միութեան 69-րդ պատգամաւորական ժողովի ընդլայնուած նիստը, նախագահութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ․ Տ․ Յովնան Ս․ Արք. Տէրտէրեանի:

       Ժողովի մեկնարկը տրուեցաւ Տէրունական աղօթքով, ապա միասնաբար արտասանեցին Ս․ Ներսէս Շնորհալիի «Իմաստութիւն Հօր Յիսուս» աղօթքը, որմէ յետոյ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր հոգեւոր պատգամը եւ օրհնութիւնը  ժողովականներուն փոխանցելէ զատ, տուաւ նաեւ կարեւոր ուղղութիւններ եւ ճանապարհներ՝ միութեան անդամակցութեան թիւը աւելի բարձրացնելու համար եւ առաջարկեց որպէսզի իրենց շարքերը ընդգրկեն նաեւ երիտասարդ մայրերու, կանանց, աղջիկներու, որպէսզի ապահովուի այս Աստուածապարգեւ միութեան շարունակականութիւնը:

       Ժողովը այս տարի վերջին անգամ ատենապետեց միութեան կեդրոնական խորհուրդի ատենապետուհի՝ Տիկին Գլատիս Սարոյեան։ Ան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին, ապա մասնակիցներու թիւը ճշտելէ յետոյ՝ ներկայացուց կեդրոնական խորհուրդին կազմը, ինչպէս նաեւ ժողովավարական կանոններու յանձնախումբի անդամները, որմէ ետք ժողովը անցաւ իր աշխատանքներուն: 

       Յընթացս Ժողովին՝ դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ Առաջնորդարանի սոցիալական ծրագրերու պատասխանատու՝ Տիրան Աւագեանը, որու նիւթը կը վերաբերեր մեր մարդկային կեանքի եւ Աստուածային ներգործութեան դրոյթներուն եւ ընկալումներուն։

        Ապա ժողովականներու կողմէ հերթաբար ներկայացուեցան զեկոյցները եւ քննութեան առնուող հարցերը։

       Այս տարուան ժողովին քննարկուելիք հիմնական նիւթերէն մէկը՝ Թեմի 95 ամեակին նուիրուած միջոցառումներու շարքն էր։

      Ժողովի առաջին մասի վերջաւորութեանը տիկնանց յանձնախումբի անդամները քահանայ հայրերու գլխաւորութեամբ բաժնուեցան առանձին խմբերու՝ քննարկելու համար ժողովի ընթացքին յառաջ եկած հարցերն ու խնդիրները եւ անոնց լուծման եղանակները։ Ապա վերադառնալով ընդհանուր ժողովասենեակ՝ իւրաքանչիւր խումբ կիսուեց իր կողմէ  առաջարկուած տեսլականներով եւ լուծումներով։

      Ժողովի վերջաւորութեանը՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, իր յատուկ դրուատանքի խօսքն ուղղեց Տիկնանց միութեան բոլոր անդամներուն՝ ի մասնաւորի յանձնախումբի երկար տարիներու ատենապետուհի՝ Տիկին Գլատիս Սարոյեանին՝ անձնուրաց նուիրումի, կատարած ահռելի աշխատանքին ինչպէս նաեւ ատենապետութեան շրջանի աւարտին համար անոր պարգեւատրեց խորհրդանշական նուէրներով։

       Այնուհետեւ ժողովին մասնակից՝ Արժ․ Տ․ Եղիշէ Քհնյ․ Քսաճիկեանի կողոմէ ընթերցուեց Մարկոսի Աւետարանի 16:1-9-ը, որտեղ լաւագոյնս կը ներկայացուէ առաջին քրիստոնեայ իւղաբեր կանանց նուիրական կերպարը, որմէ յետոյ Տ․ Մեսրոպ Քհնյ․ Աշի ձեռամբ՝ տեղի ունեցաւ Տիկնանց միութեան նորընտիր անդամներու՝ օրհնութեան կարգը։

       Հուսկ ամենայնի, Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն եւ ապա հոգեհանգստեան աղօթք բարձրացուեց Տիկնանց միութեան ննջեցեալ բոլոր անդամներու հոգիներու համար՝ մէկ առ մէկ ընթերցելով անոնց անունները։

              Օրուան յայտագիրը վերջ գտաւ  Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով:  

         Դիւան Առաջնորդարանի
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ