Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Տօն Համբարձման Քրիստոսի

Մայիս 26, 2022                                                

581-ամեակ Մայր Աթոռի

Սիսէն Էջմիածին Վերադարձի

(1441-2022)

Դոկտ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Տարեդարձը

            Ներկայ տարւոյսՄայիսի 26ի հինգշաբթի օր Հայ Եկեղեցին կը յիշատակէ Քրիստոսի Համբարձման տօնը։ Որպէս յիշատակելի իրադարձութիւն Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գէորգ Զ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը 1945 թուի Ազգային¬ Եկեղեցական Ժողովի որոշմամբ Համբարձման Հինգշաբթին Մայր Աթոռի Սիսէն Էջմիածին վերջնական վերադարձի յիշատակութեան օր հաստատեց որպէս համազգային տօն՝ հաստատ թուականով ու կ՛անցընէր զայն հայաստանեայց եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ։ Ան հաղորդագրութեան կը կցէր  նաեւ Հայրապետական  Մաղթանք կատարելու հրահանգը։ Յիշեալ ժողովը նկատի ունենալով Էջմիածնի մէջ 1441-ին ընտրուած  Կիրակոս Վիրապեցի Կաթողիկոսի օծման Համբարձման հինգշաբթի օրը, յարմարագոյն օրը նկատեց յիշատակել Աթոռի վերջնական փոխադրութիւնը Ս. Էջմիածին։

Ազգային – Եկեղեցական Ժողովը

            Երկար յապաղումէ ետք, երբ արդէն նախորդ նահատակ Տ.Տ. Խորէն Ա  Մուրատբեկեան Կաթողիկոսի 1938 թուի վախճանումէն անցեր էին եօթ տարիներ, 1941 թուի Ժողովն ալ թերաւարտ կը մնար ուր միայն Ազգընտիր Տեղակալ կրնային ընտրել Տ.Տ. Գէորգ Արքեպիսկոպոս Չորեքճեանը։ Սովետական կարգերու անհանդուրժող սեղմումները առիթ չէին տար սփիւռքէն եպիսկոպոսներ եւ պատգամաւորներ հրաւիրել եկեղեցական ժողովի համար։ Սակայն անդրդուելի  կը մնար Չորեքճեան Արքեպիսկոպոսին մեծ դիւանագիտութիւնը որ անձամբ Քրեմլինի մէջ պիտի յաջողէր բռնակալ Ստալինի մօտ երթալու, տեսակցելու իր հետ եւ արտօնութիւն ստանալու 1945 թուի Յունիսի 15-25 Ազգային¬Եկեղեցական Ժողով գումարելու եւ ընտրելու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։

            Ժողովին կը նախագահէր նորընտիր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գիտնական Հայրապետ Տ.Տ. Գարեգին Ա Յովսէփեանց Կաթողիկոսը որ հայ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ առաջին Կիլիկեան Աթոռի գահակալը պիտի ըլլար որ Անթիլիասէն Մայր Աթոռ պաշտօնական այցելութեան կ՛երթար։ Հայրապետը անձամբ պիտի նախագահէր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծէր իր Գէորգեան Ճեմարանի երբեմնի դասակիցը որ պիտի դառնար Տ.Տ. Գէորգ Զ Չորեքճեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։

Տարեդարձ Վերադարձի

            Հայրապետական ընտրութենէն առաջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը Ժողովին որդեգրել կու տար այն առաջարկը որ 1945 տարին պիտի յայտարարէր  որպէս «Ս. Էջմիածնի Հայրապետական Աթոռի վերահաստատման տարի», ընթացք տալով Յունիս 16¬ի երկրորդ նիստին պատգամաւոր Ակադեմիկոս Ստեփան Մալխասեանի կողմէ եղած գրաւոր առաջարկին, ուր կ՛ըսուէր «պաշտօնապէս նշել Ամենայն Հայոց Հայրապետական Աթոռին վերադարձը Սիսէն Վաղարշապատ-Էջմիածին՝ 1441 թուին»։ Աթոռը Սիս փոխադրուած էր 1292 թուականին ուր կը մնար 149 տարիներ։

            Հայրապետական Աթոռը մօտ 957 տարիներ, 484 թուականէն սկսեալ Էջմիածնէն դուրս կը մնար, որուն կէս շրջանը՝ Դուինի մէջ (484-928) Էջմիածնի մօտիկ, եւ անկէ Բագրատունեաց եւ Ռուբինեանց թագաւորութեանց ներքեւ, նախ Անիի եւ ապա Կիլիկիոյ մէջ, մինչեւ 1441։

            Թուականները նկատի ունենալով 75 Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսներ Էջմիածնէն դուրս հաստատեցին Աթոռը՝ սկսեալ Յովհաննէս Ա Մանդակունիէն մինչեւ Գրիգոր Թ Մուսաբեկեան, քաղաքական պարագաներու հետեւանքով երբ Բագրատունեաց Անիի, եւ Ռուբինեանց Կիլիկիոյ հայ թագաlւորութիւնները գլուխն անցան հայ ազգին ու աւելի ապահով դարձուցին Մայր Աթոռի գոյատեւումը։ Սակայն Հայաստանի մէջ ամրակուռ կը հսկէին Արեւելեան Վարդապետները իրենց հարազատ վանքերուն եւ ուսումնարաններուն մէջ այն հաստատ համոզումով որ Մայր Աթոռի վայրը Լուսաւորչահաստատ Սուրբ  Էջմիածինն էր ուր ան պէտք է վերադառնար։ 

Անդրանիկ Կոնդակը

            Նորընտիր Տ.Տ. Գէորգ Զ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը օծում կը ստանար 1945-ի Յունիսի 24¬ին ձեռամբ Կիլիկիոյ Գարեգին Ա Կաթողիկոսին եւ մասնակցութեամբ հինգ արքեպիսկոպոսներու՝ Գէորգ Ասլանեան, Կարապետ Մազլըմեան, Արտաւազդ Սիւրմէեան, Եփրեմ Տոհմունի, Մամբրէ Սիրունեան եւ Մամբրէ Գալֆայեան Սրբազաններու։ Հայրապետական իր առաջին Կոնդակը գրաբար լեզուով կը գրէր 1946 Ապրիլ 1 թուակիր, ուր կ՛անդրադառնար Մայր Աթոռի պատմական վերիվայրումներուն, աստանդական կայքերուն, հրահանգելով միանգամայն տօնական հանդէսներով նշելու դարադարձը, ըսելով «Դարք հինգ եւ տարիք հինգ անgին ի վերայ» Հայրապետութեան Սիսէն Ս. Էջմիածին փոխադրութենէն ի վեր։

            Հայրապետը իր Կոնդակին մէջ Աթոռին վերջին տեղափոխութիւնը դէպի  Սիս կը նկատէր «կարի աղէտալի», մանաւանդ 1375 թուի Կիլիկեան թագաւորութեան վերջնական անկումէն ետք։ Հայրապետը կը նշէր նաեւ որ Կիլիկիոյ թագաւորութեան ընթացքին վեհապետներ «նոյնիսկ ուրացան» իրենց մայրենի եկեղեցին եւ «յայտնապէս ընկալան զդաւանութիւն եկեղեցւոյ Հռոմայ», հակառակ աթոռակալ կաթողիկոսներու անվերջ ջանքերուն ինքնանկախ պահելու համար իրենց հոգեւոր վերին իշխանութիւնը, յատկապէս Պահլաւունի եւ Շնորհալի Հայրապետներու օրով 12-րդ դարուն, երբ Հայ Եկեղեցին իր ամենէն ծաղկեալ եւ արդիւնաւէտ տարիները կը բոլորէր Գրիգոր Վկայասէրի եւ Ներսէս Շնորհալի Կաթողիկոսներու շրջանին։ Կոնդակը կը փակէր Համբարձման տօնի Հինգշաբթի օր կատարելու յիշատակութ-եամբ, զայն «Ազգային Տօն» հռչակելով։

1441 Թուի Էջմիածնի Ժողովը

            Մայր Աթոռի մերձ հազարամեայ աստանդական թափառումները վերջ գտան 1441 թուին շնորհիւ Արեւելեան Վարդապետներու ներքին աշխոյժ աշխատանքին եւ յատկապէս երբ Կիլիկեան թագաւորութիւնը վերջ գտած էր 1375 թուին ու Մայր Աթոռի դիրքը զգալիօրէն տկարացած։ Հայաստանի հողին վրայ ծաղկած վանքերն ու ուսումնարանները՝ Սիւնեաց Նորավանքի, Հաղբատ-Սանահինի, Գլաձորի եւ Տաթեւի, կը տեսնէին Մայր Աթոռի վերահաս վտանգը Կիլիկիոյ մէջ եւ անհրաժեշտ կը նկատէին փրկելու Հայ Եկեղեցին։ Արեւելեան Վարդապետները որոշեցին 1441 թուականին Վաղարշապատ-Էջմիածնի մէջ Համազգային Ժողով մը գումարել ու որոշել Մայր Աթոռի վերադարձը, ինչպէս նաեւ Սիսի մէջ նստող վերջին Ամենայն Հայոց Գրիգոր Թ Մուսաբեկեան Կաթողիկոսը հրաւիրել իր կաթողիկոսական իշխանութեամբ բազմելու Էջմիածնի հարազատ վայրին մէջ։

            Յիշեալ Ժողովին Վաղարշապատ ժամանած էին եկեղեցական եւ աշխարհական ներկայացուցիչներ ուր «միաբան հաւանութեամբ ամենեցուն հաստատեցաւ» Մայր Աթոռը իր հարազատ վայրը վերադարձնել։ Եւ սակայն, հակառակ տրուած նախապատւութեան, Սիսի Գրիգոր Թ Մուսաբեկեան վերջին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը (1439-1441), առանց հակառակելու Ժողովի առած որոշումին, չկամեցաւ Էջմիածին վերադառնալ շարունակելու համար իր հայրապետութիւնը։ Ժողովը հետեւաբար կաթողիկոսական ընտրութիւն կատարելով ընտրեց եւ օծեց Կիրակոս Խորվիրապեցին որպէս Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց (1441-1443)։

Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը

            Կիլիկիոյ մէջ իր մասնակի կաթողիկոսութիւնը վարեց նոյն Գրիգոր Թ Կաթողիկոսը ուր սկիզբ առաւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը որուն համամիտ եղաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, եւ յարաբերութիւններ առ հասարակ բնականոն մնացին երկու Աթոռներուն միջեւ, միշտ Էջմիածնի նախամեծար Մայր Աթոռի հանգամանքը յարգելով։ Սիսի Կիլիկեան Կաթողիկոսութիւնը Կիլիկիա մնաց ԺԱ դարէն մինչեւ ԺԵ դար (1066-1441), իսկ մայրաքաղաք Սիսի մէջ ճիշդ 149 տարի (1292-1441), Գրիգոր Է Անաւարզեցի Կաթողիկոսէն մինչեւ Գրիգոր Թ Մուսաբեկեան Կաթողիկոս մէկուկէս դար Սիս մնալով, երբ Աթոռը քաղաքական եւ ներքին տագնապներ սկսաւ դիմագրաւել։

            Սիսի մէջ կաթողիկոսներ իրարու յաջորդեցին եւ պահեցին տեղական Աթոռին գնացքը Աջապահեան կաթողիկոսներու սերունդներով։ Նոյն տարիներուն 1461 թուին ստեղծուեցաւ նաեւ Սուլթանական Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը որ եղաւ Թուրքիոյ հայոց հոգեւոր եւ վարչական կեդրոնը որուն հովանիին տակ անցաւ նաեւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, որքան ատեն որ պետութիւնը պաշտօնապէս կը ճանչնար միայն Հայոց Պատրիարքութիւնը որպէս հայ փոքրամասնութեան կեդրոնը։

            Առաջին աշարհամարտտին երբ հայեր հալածուեցան թուրք պետութեան կողմէ ու հայ ժողովուրդին դէմ ցեղասպանութիւնը գործադրուեցաւ 1915 թուին, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսն էր Տ.Տ. Սահակ Բ Խապայեան որ Երուսաղէմ աքսորուեցաւ ու Սիսի  Կաթողիկոսութիւնը վերջ գտաւ, ինչպէս նաեւ Կ Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը ժամանակաւորապէս։  

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ