Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024

Շաբաթաթերթ

Ռամկավար Ազատական Կոււսակցութեան 100ամեակի Փառաշուք Տօնակատարութիւն ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Շրջանին Մէջ

Կիրակի, Մայիս 22, 2022-ին, կ.ե. ժամը 5։00-ին, ԹՄՄ-ի Պէշկէօթիւրեան կեդրոնի մայր սրահին մէջ, տօնական անխառն ուրախութիւն մը կը տիրէր։ Այդ օր յորդահոս բազմութիւն մը ներկայ էր այդ հանդիսութեան։

Բոլորին դէմքին վրայ արդար հպարտութիւն մը կ՚ուրուագծուէր։ Այդ օր շատ լաւ պատրաստուած եւ կազմակերպուած ձեռնարկով, տօնուեցաւ ՌԱԿ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակը։

ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Շրջանէն ներս, անշուշտ ասոր զուգահեռ կամ պիտի յաջորդէ նման ձեռնարկներ աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն մէջ։

Տօնական Յանձնախումբը ոչ մէկ ճիգ խնայած էր , որ այդ ձեռնարկը իր որակով եւ մատուցմամբ անմոռանալի ընելու համար, ձեռնարկ մը, որ երկար ժամանակ պիտի յիշուի բոլոր ներկաներուն մտքին եւ սրտին մէջ։


Իրենց ներկայութեամբ ձեռնարկը կը պատուէին Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան նաեւ Արցախի Թեմի նախկին Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան, Վերապատուելի Սերոբ Մկրտիչեան, Հայաստանի Գլխաւոր Հիւպատոսի Գործակատար Տիկ. Նելլի Սարոյեան, Հիւպատոս Վարազդատ Փահլաւունի, Գալիֆորնիոյ Ազգային ժողովի Ծերակուտական՝ Անթոնիօ Փորթանթինօ, Գոնկրէսի անդամ Ատամ Շիֆի ներկայացուցիչ Մարի Յովակիմեան, Լոս Անճելըս Գաւառի վերակացու Տիկ. Քաթրին Պարկըր, որ մէկ էջ ծանուցումով «Նոր Օր»ի միջոցաւ շնորհաւորեց հայ ժողովուրդը այս տօնին առիթով, նմանապէս Գալիֆորնիոյ Ներկայացուցիչներու Տան անդամ Ատրին Նազարեան եւ Կլենտէյլի քաղաքապետարանի անդամներ, նախկին քաղաքապետներ Արա Նաճարեան եւ Վրէժ Աղաճանեան։

ԱՄՆ-ի, Հայաստանի եւ ՌԱԿ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, հանդիսավարուհիներ Սիլվա Քաջիկեան (անգլերէն) եւ Մարալ Ոսկեան (հայերէնով) շատ ջերմ ու տպաւորիչ բարի գալուստի եւ բացման խօսքէն ետք, խօսք առաւ ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենադպիր, ՌԱԿ-ի ԱՄՆ Արեւմտեան Ափի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետ՝ Ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան։ Ան ողջունելէ ետք ներկաներուն, կարճ խօսքով մը ներկայացուց մեր Կուսակցութեան 100 տարիներու գլխաւոր գործերը հայրենիքի եւ սփիւռքի տարած գործերուն հակիրճ տեղեկութիւններ յիշելով։

ՌԱԿ-ի գաղափարախօսութեան եւ ընելիքներուն մասին ծանօթ մտաւորական Արամ Սեփեթճեանի գիրքէն ընթերցումներ կատարեց Ընկերուհի Սեւան Տէր Պետրոսեան, արժանանալով ներկաներուն ջերմ ծափահարութեան, որուն յաջորդեց շնորհալի երգչուհի Ազնիւ Աննա Պոյրազեան, որ երգով մը ճոխացուց մթնոլորտը։

Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր ՌԱԿ երիտասարդ բայց բազմաբեղուն գործիչ, ՌԱԿ-ի Արեւմտեան Շրջանի Շրջանայինի նախկին ատենապետ, տարիներ եղած է եւ այժմ եւս ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, ԹՄՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ընկ. Փանիկ Քէշիշեան, որ անհանգստութեան պատճառաւ իր խօսքը կարդաց ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Ընկ. Գէորգ Հալէպլեան։

Ընկ. Քէշիշեան առաւելաբար շեշտը դրած էր Կուսակցութեան գաղափարախօսութեան վրայ, որ հիմնուած էր ժողովրդավարական եւ ազատական սկզբունքներուն վրայ։ Հայրենիքը մշտատեւ օգնութեան, հայրենադարձի աշխատանքներուն, ՀԲԸՄիութեան հետ համագործակցելու աշխատանքներուն վրայ։

Ընկ. Քէշիշեան յիշեց, թէ ՌԱԿ-ի նախաձեռնութեամբ եւ ընկերներով հիմնուած է ԹՄՄիութեան եւ որ այսօր 75-րդ տարեդարձը պիտի նշուի։

Ընկ. Քէշիշեան խօսքը այնքան գեղեցիկ ձեւով  կարդաց Ընկ. Հալէպլեան, որ արժանացաւ որոտընդոստ ծափահարութեան։

Ապա Ընկ. Դաւիթ Սամուէլեան երգով մը ելոյթ ունեցաւ, ինչպէս միշտ Ընկ. Սամուէլեան արժանացած եւ գնահատուած էր մեր ժողովուրդին կողմէ։

Ապա ելոյթ ունեցաւ Հայ Իրաւանց Խորհուրդի ատենապետուհի Ընկերուհի Շուշան Քեվրանեան-Պաղպուտարեան եւ երիտասարդներուն խօսքը ըսաւ Տիկ. Ռիթա Ահարոնեան-Սարուխանեան, երկու խօսողները այնքան տպաւորիչ ելոյթներ ունեցան, որոնք խորապէս յուզեցին ներկաները եւ արժանացան երկարատեւ ծափահարութեան եւ պրաւօ բացագանչութիւններու։

Շնորհաւորական խօսքերու եւ տեսաժապաւէններու մէջ առանձին տեղ ունէր ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան փոխ ատենապետ «Նոր Օր»ի նախկին խմբագիր, մեր շրջանին մէջ բեղուն ծառայութիւններ մատուցող Ընկ. Ասատուր Տէվլէթեան (Կիպրոսէն) ան կարճ ելոյթով մը բնութագրեց ՌԱԿ-ի աշխատանքները եւ սրտանց շնորհաւորեց ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Շրջանի մեր ընկերները եւ համայն հայութիւնը ՌԱԿ-ի հիմնադրութեան առիթով։

Ապա տեսահոլովակով մը ներկայացուեցան մօտ 135 հեռացած ընկերներու անուններ, ընկերակցութեամբ Ընկ. Դաւիթ Սամուէլեանի «Հեռացած Ընկերներ» երգով։

Ապա հանդիսավարուհի՝ Մարալ Ոսկեան յայտարարեց թէ գնահատելով ՌԱԿ-ի Արեւմտեան Շրջանի մէջ տարած ծառայութիւններուն համար, կազմակերպիչ յանձնախումբը արծաթեայ շքանշանով արժանացուց հետեւեալ 16 ընկեր-ընկերուհիներն ու բարեկամները.

Փրոֆ. Օշին Քէշիշեան

Անի Սարգիսեան

Յակոբ Նազարեան

Խաչիկ Ճանոյեան

Սարգիս Մինասեան

Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան

Տոքթ. Զաւէն Արսլանեան

Դաւիթ Սամուէլեան

Գէորգ Գրիգորեան

Շուշան Քեվրանեան-Պաղպուտարեան

Ռոպէր Տէմիրճեան

Կարօ Քիւբէլեան

Արա Գասապեան

Մայտա Քիւրեճեան

Պարետ Կոստանեան

Մայտա Ալթունեան

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը Ռազմիկ Մանսուրեանի, Ազնիւ Աննա Պոյրազեանի, Ընկ. Դաւիթ Սամուէլեանի հայրենասիրական երգերու շարան մը երգելով ժողովուրդը յոտնկայս խելայեղ ծափահարութիւններով  գնահատեց երգիչները։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր գնահատանքի եւ շնորհաւորական խօսքերով եւ պահպանիչով վերջ գտաւ այս հանդիսութիւնը, որուն յաջորդեց 100-ամեակի կարկանդակի հատումը, կուսակցական եւ հոգեւոր ղեկավարներու մասնակցութեամբ։

Վերջաւորութեան բոլոր ներկաները հրաւիրուեցան ճոխ հիւրասիրութեան մը։

Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք ՌԱԿ-ի 100-ամեակի տօնակատարութեան յանձնախումբը այս յիշարժան ձեռնարկին համար։

Բոլորիս վարձքը կատար։

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ