Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024

Շաբաթաթերթ

Հովուական Այցելութիւն Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ ՏՏ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

Ուրբաթ, Մայիս 27, 2022-ին երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Կլենտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ հրաշափառի արարողութիւնը, Լիբանանէն ժամանած Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին։

Խուռներամ բազմութիւն մը ներկայ էր այդ հրաշափառին եւ բարի գալուստի ձեռնարկին։

Նորին Սրբութիւնը եղած էր սոյն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը եւ իր պաշտօնավարութեան շրջանին այդ եկեղեցին քառ առ քառ իր միջոցաւ եւ աշխատանքներով կառուցուեցաւ, որ պարծանք մըն է թէ մեր գաղութին ու մանաւանդ Կաթողիկէ հայ համայնքին։

Եկեղեցւոյ մուտքը տեղի ունեցաւ Սարկաւագներու, կղերականներու եւ ժողովուրդի հոյակապ արարողութիւն։ Եկեղեցւոյ երգչախումբը եւ Սարկաւագներու Դասը հոգիները խռովող աղօթքներով դիմաւորեցին Կաթողիկոս Պատրիարքը, Գերերջանիկ Տէր Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ։

Հոգեւոր արարողութենէն եւ աղօթքներէն ետք բոլոր ներկաները թափօրով առաջնորդուեցան դէպի բացօթեայ բաժինը, ուր շամփէյնով եւ ճոխ հիւրասիրութեան արժանացան։

Ձեռնարկին ներկայ էին Կլենտէյլի Քաղաքապետարանի Խորհուրդի բոլոր անդամները, ոստիկանապետ, Հ.Հ. Հիւպատոսարանի ներկայացուցիչներ եւ երեք յարանուանութեանց ներկայացուցիչներ։

Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Գերերջանիկ Տէր Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայրը, որուն մենք բախտը ունեցանք ինք իր պաշտօնավարութեան շրջանին համագործակցելու իր Աստուածահաճոյ եւ ազգօգուտ ծրագիրներուն։

Բարի գալուստ Վեհափառ Տէր, թող Աստուծոյ շնորհները եւ իմաստութիւնը անպակաս ըլլան Ձեր վրայէն։

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ