Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Գիտնականները Նեարդակենսաբանական Մօտել Կը Ստեղծեն

Հարաւային Ափրիկէի, Աւստրալիոյ եւ Պրեմենի մէջ գտնուող Ճէյքըպսի համալսարանի նեարդակենսաբանները համակարգչային «մօտել» մը մէջտեղ բերած են, որ ստեղծագործական գործընթացները կը բաշխէ ուղեղի «նիւրոնային» ցանցերուն:

Ստեղծագործական գործունէութենէն մեկնելով այդ ցանցերը կրնան տարբեր ձեւով դասաւորուիլ: Հետազօտութեան արդիւնքները վերջերս հրապարակուած են Neuroscience & Biobehavioral Reviews ամսագրին մէջ, որ նոր, օգտակար եւ անսպասելի լուծումներու ստեղծումն է:

Հետազօտողները կը պնդեն, որ յարակից ճանաչողական գործընթացները, ինչպէս՝ վերացականութեան, «իմփրովիզէյշըն»ի կամ տարբեր մտածողութեան կարողութիւնը, կ՛ազդեն ուղեղի զանազան հատուածներուն վրայ, որոնք փոխկապակցուած են:

Այս տարածքները կը ներառեն ուղեղիկը, «հիփոքէմփըս»ը, նախաճակատային կեղեւը եւ «պէյզըլ կանկլիա»ն: Գիտնականները եզրակացուցած են, որ ստեղծագործութեան տեսակէն կախեալ՝ կ՛աշխուժանան տարբեր ոլորտներ։

Նմանութիւնները եւ տարբերութիւնները ստեղծարարութեան այս տեսակներուն եւ անոնց «նիւրոնային սքեմաներու»ն միջեւ նկարագրուած են «մօտել»ին կողմէ՝ «ալկորիտմ»ներու օգնութեամբ: Տոփամինը որպէս «մոտիւլէյթըր» կարեւոր դեր կը խաղայ՝ ստեղծագործական նեարդային ուղիները վերահսկելու հարցին մէջ:

Վերոնշեալ «մօտել»ին շնորհիւ գիտնականները առաջին անգամ ստեղծագործական երեք ձեւերու միջեւ միասնական շրջանակ կը ստեղծեն: Նեարդակենսաբանները նշած են, որ այսպիսով յոյս ունին նպաստելու նեարդային «մեքանիզմ»ներու աւելի լաւ ըմբռնման եւ աւելցուցած, որ այս «մեքանիզմ»ներու մասին կարելի եղած չափով շատ տեղեկացուած ըլլալու պարագային, կարելի է նպաստել ուղեղի խանգարումներ ունեցող մարդոց համար խոստմնալից միջամտութիւններ իրագործել։

 Afhil.com

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ