Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Հինգհարիւրտասնամեակ Հայերէն Տպագրութեան 1512-2022

Եւրոպայի ԺԶ Դարու Վերածնունդը

Եոհան Կիւթենպերկ – Յակոբ Մեղապարտ

Դոկտ. ԶԱՒԷՆ Ա ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

«Յակոբ Մեղապարտի հիմնադրած հայկական տպագրութիւնը

երկու ու կէս դար օտար երկրներում զարգանալուց յետոյ

1771 թուին Սիմէոն Երեւանցի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի

ջանքերով ոտք դրեց հայրենի հողի վրայ»։

ՌԱՖԱՅԷԼ ԻՇԽԱՆԵԱՆ 

Յոբելեան

          Տասնամեակներ շուտով կ՛անցնին եւ սակայն պահ մը կանգ կ՛առնեն երբ դարակազմիկ եղելութիւններ կուգան պատմութեան անիւը ուղղելու, որպիսին եղաւ 1512 թուի Հայերէն Տպագրութեան սկիզբը։ Նախ Գերմանիա եւ ապա Վենետիկ հանդիսացան ԺԶ դարու Եւրոպայի վերածննդեան կեդրոնները, որոնց հետեւեցաւ հայ ազգի ժամանակակից վերածնունդը տպագրութեան գիւտին շնորհիւ։ Մեծ գիւտը Գերմանիոյ  մէջ Եոհան Կիւթենպերկ կատարած էր 1450 թուին որմէ 62 տարիներ ետք հայորդի Յակոբ Մեղապարտ անուն անծանօթ մը 1512-ին Վենետիկի մէջ բացաւ առաջին հայ տպարանը տպագրելով առաջին վեց հայերէն գիրքերը։

            Գիտենք որ մինչ այդ Հայաստան իր պատմագրական երկարաձիգ տարիներու աշխատանքը սերունդէ սերունդ ձեռագիր մատեաններով միայն կ՛իրագործէր, անոնց յարատեւ ընդօրինակութիւններովը։ Ասկէ 510 տարիներ առաջ ձեռագրական մշակումը փոխարինուեցաւ տպագրութեամբ՝ քայլ պահելով ԺԶ դարու վերածնունդի յառաջդիմութեան  հետ։ Բնական է երբ Վենետիկ կ՛ըսենք քաղաքն է որ կը նշենք եւ ոչ Մխիթարեան Միաբանութիւնը, քանի որ Մխիթարեանք 200 տարի ետք միայն 1717 թուին հաստատուեցան Վենետիկի մէջ։

Յակոբ Մեղապարտ

          Հայոց վերածնունդը անհատներու կը պարտինք եւ ոչ մեր ազգային  պետութեան կամ եկեղեցիին։ Նախակարապետն անոնցմէ եղաւ Յակոբ անուն այլապէս անծանօթ հայորդին որ ինքզինք կոչեց «Մեղապարտ»  ու պատմութեան յանձնեց զայն իբրեւ իր պանծալի ազգանունը։  Վեց տպագրեալ նախնագոյն գիրքերը եղան պտուղը Յակոբի նախաձեռնութեան՝ գլխաւորութեամբ «Ուրբաթագիրք» կոչուած գիրքին, որուն անմիջապէս յաջորդեցին «Պատարագատետր»ը, «Աղթարք» մը, «Տաղարան» մը, «Պարզատումար» մը, եւ «Սաղմոսարան» մը։ Բանասէրներ յայտնաբերեցին միակ յիշատակարան մը «Պատարագատետր»ի վերջաւորութեան՝

«Այս սուրբ գիրքը գրուեցաւ հայոց 962

եւ Քրիստոսի 1513 թուին Վենէժ աստուածապահ քաղաքին մէջ մեղապարտ Յակոբի ձեռքով»։

            Շատ հաւանական կը թուի որ Յակոբ հոգեւորական մը եղած է ու Վենետիկի հայ վաճառականներուն հետ յարաբերութեամբ օժանդակութիւն ստացած է նախ հայերէն գիրեր ձուլելու եւ ապա տպարան հաստատելու։ Վեց գիրքերէն հաստատ կ՛երեւի որ զանոնք Վենետիկի իտալացիներու տպարաններուն մէջ չէ տպած, այլ իր ձուլած գիրերով ու հաստատած անձնական տպարանին մէջ, հետեւելով ձեռագիր մատեաններու գիրերուն եւ լուսանցազարդերուն։ Ցաւօք սակայն Մեղապարտի տպարանը երկու տարի միայն դիմացաւ ու զայն փակել ստիպուեցաւ մեզի անծանօթ պատճառներով։

            Անդրանիկ սոյն տպագրութեանց մասնագէտ ուսումնասիրողը եղաւ Ռաֆայէլ Իշխանեան իր 1977 թուին Երեւան հրատարակած «Հայ Գրքի Պատմութիւն» առաջին հատորով, ուր կատարած է մանրամասն վերլուծում նախնագոյն տպագրութեանց յաջորդող տասնամեակներու ընթացքին մինչեւ 1680 թուականը, փաստացի ներկայացնելով հայ գիրքի տպագրութեան հիմնադիր Մեղապարտի եւ ապա Աբգար Դպիր Եւդոկիացիի դերը տպագրութեան զարգացման մէջ, յայտնաբերելով որ մինչեւ ԺԹ դարու վերջին տասնամեակին ստոյգ տեղեկութիւններ չկային առաջին վեց գիրքերու տպագրութեան մասին։

            Հայ Եկեղեցին եւս անհաղորդ մնացած է առաջին տպագրութեանց, եւ իմ կարծիքով միայն աւելի ուշ Տ.Տ. Գէորգ Ե Սուրէնեանց Կաթողիկոսի Կոնդակով առաջին անգամն ըլլալով 1912 թուին Հայ Տպագրութեան 400 ամեակը նշուեցաւ համազգային շուքով։  Գէորգ Ե Կաթողիկոսէն առաջ հազիւ ճշդուած կրնային ըլլալ անկիւնադարձային այդ իրագործման պարագաները։

Յակոբ Մեղապարտի Աւանդը

          Ծանր էին ժամանակները։ ԺԶ դարուն Հայաստան բաժնուած էր Թուրքիոյ եւ Պարսկաստանի միջեւ։ Մեսրոպեան գիրն ու գրականութիւնը Եւրոպական չափանիշ-ներով հարկ էր զարգացնել տպագրութեամբ, թէ՛ որակով եւ թէ՛ քանակով, պահել կարենալու համար մեր ազգին ինքնութիւնը։ Մեղապարտի յաջորդներ յառաջ եկան, առաջինն անոնցմէ Աբգար Եւդոկիացին, թէեւ յիսուն տարի անց, որ իր որդւոյն Սուլթանշահի հետ տպագրութեան գործը յանձն առին, ամէն բանէ առաջ զարգացնելով տառատեսակները։ Գործին լծուեցաւ Յովհաննէս անուն գրաշարը, եւ միասնաբար Աբգար Դպիրի ղեկավարութեամբ յաւելեալ հինգ հայերէն գիրքեր եւս տպագրուեցան Վենետիկի մէջ 1565 թուականին՝ Ժամագիրք, Տօնացոյց, Մաշտոց, Քերականութիւն, Սաղմոսարան ։ Ապա տպարանը Կ. Պոլիս փոխադրեցին։ Սուլթան-շահ Հռոմ մնաց յաւելեալ տառեր պատրաստելու եւ մանաւանդ Տոմար Գրիգորեանը տպագրելու, որ կը ներկայացնէր մեր գիտցած Նոր Տոմարը Հռոմի Գրիգոր ԺԳ Պապի 1582 թուի հրովարտակով յայտնի՝ փոխան Հին Յուլիան Տոմարին։ Հայ Եկեղեցին    Նոր Տոմարը որդեգրեց աւելի ուշ, Գէորգ Ե Սուրէնեանց Կաթողիկոսի որոշմամբ։

            Աբգար Եւդոկիացի 1565 թուականի իր յիշատակարանին մէջ լռելեայն յիշած է Յակոբ Մեղապարտի առաջին գործերը որոնք օրինակ ծառայած են իրեն յիսուն տարիներ ետք։ Ամենայն Հայոց Միքայէլ Սեբաստացի Կաթողիկոս (1567-1576) Աբգար Եւդոկիացին Հռոմ ուղարկած էր իր որդւոյն Սուլթանշահի հետ, եւ այս առաջինն էր Մայր Աթոռի ընծայած հովանաւորութիւնը առաջին տպագրութեան գործին մէջ։ Մինչեւ 1586 մեզի հասած տպագրեալ հայերէն գիրքերը եղած են 19 գիրք։ Ուղիղ յիսնամեակ մը ետք 1636 թուին Ջուղայի մէջ յայտնի ուսուցչապետ Խաչատուր Կեսարացին իր օգնականներով նոր տպարաններ հաստատեցին եւ չորս գիրքեր եւս տպեցին։

            Իսկ Մայր Աթոռին կողմէ 1658 թուի Յակոբ Ջուղայեցի Կաթողիկոսի հրամանով Ոսկան Վարդապետ Երեւանցին Ամսդերտամի մէջ պիտի հիմնէր Ս. Սարգիս անունով տպարան մը եւ առաջին Աստուածաշունչ Մատեանը պիտի տպագրէր 1666 թուին որուն 300 ամեակը տօնակատարեցինք Տ.Տ. Վազգէն Ա Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի սրբատառ Կոնդակով 1966 թուին։

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ