Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Արժ. Տ. Գէորգ Քհնյ. Աբեանի Հոգեւոր Սպասաւորութեան Եւ Ուսումնառութեան Մասին

Այսու կու գանք տեղեկացնելու, որ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի տնօրինութեամբ եւ օրհնութեամբ՝ Արժ. Տ. Գէորգ Քհնյ. Աբեանը 2022, Օգոստոս 1-էն սկսեալ հոգեւոր ծառայութեան կ’անցնի Ventura County շրջանէն ներս։

Հոգեւոր ծառայութեանը զուգահեռ Տ. Գէորգ Քհնյ. Աբեանը ուսման շրջան մը կ’ունենայ Կամարիլիոյի Սէնթ Ճոն հոգեւոր սեմինարիայէն ներս (St. John’s Seminary International Institution in Southern California)։  

Արժ. Տ. Գէորգ Քհնյ. Աբեան ծնած է Մասիս, Հայաստան, 25 Մայիս 1988-ին։ 2011-ին, աւարտած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանը, ապա իր ուսումը շարունակած է Երեւանի Պետական Համալսարանին մէջ՝ ստանալով Մագիստրոսի կոչում։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին մէջ մէկ տարի պաշտօնավարելէ յետոյ, Տէր Հայրը շուրջ եօթը տարիներ ծառայած է Հայոց Բանակի մէջ՝ ստանձնելով նաեւ Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի Աւագ Գնդերէցի պաշտօնը։

Դիւան Առաջնորդարանի
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ