Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Թէ Ինչո՞ւ Եւ  Ե՞րբ  Ծնունդ  Առաւ Նիւ Եորքի Հայ Մանկավարժի Մրցանակը

Every man is guilty for the good he did NOT do!

Անուրանալի ճշմարտութիւն է թէ որակաւոր մանկավարժներուն կը պարտինք ապագայ սերունդին առողջ դաստիարակութիւնը։ Մայրերու եւ Ուսուցիչներու կը պարտինք մեր զաւակներուն դաստիարակութիւնը, բարոյական արժէքներու պահպանման կարեւորութիւնը ծլող սերունդին հոգիներէն ներս։

Թէ ի՞նչն էր դրդապատճառը այս որոշումին – պատմեմ ձեզի։

Ասկէ, մի քանի տարի առաջ հանդիպեցայ 1957-ի ՄԻՋՆԱԲԵՐԴ-էն Սարգիս Սահակեանի գրիչով խոստովանութին մը։ Ուր Պարոն Սաhակեան կը գրէր թէ․․․   

«1923-էն ի վեր աշխատակցած եմ, հնարաւորութիւններուս սահմանին մէջ, արտասահմանի հայերէն գլխաւոր գրական հանդէսներուն ու եգիպտահայ օրաթերթերուն ալ անխտիր՝ գրական մտահոգութիւններէ միայն առաջնորդուած:

Ամբողջ այս ժամանակաշրջանին անգամ մը միայն շիջեալ «ՆՈՐ ԳԻՐ»-ի պատուական խմբագիրը՝ Բենիամին Նուրիկեան, (1894-1988)  ինքնաբերաբար 8 տոլար ղրկած է ինծի իբրեւ աշխատավարձք:

Կ’ընդունիք անշուշտ, թէ այս գումարով կարելի չէր ամբողջ 35 տարի ապրիլ, տուն պահել եւ զաւակներ մեծցնել: Պէտք չէ մեղադրէք զիս, հետեւաբար, եթէ խոստովանիմ, թէ «գրական աշխատանքներէ դուրս» կը զբաղիմ հաշուակալութեամբ եւ ուսուցչութեամբ, թէեւ այս վերջինը՝ ուսուցչութիւնը, կարելի է գրական աշխատանք համարել, քանի որ կ’աւանդեմ հայերէն եւ հայ գրականութիւն ու անհամար անհամ շարադրութիւններ կը սրբագրեմ»:

Հասած ենք 2022  թուական- անցած է 65 տարի այդ խոստովանութենէն։

Քաջ գիտակից ենք որ մեր բոլոր կազմակերպութիւնները, եկեղեցիները նիւթական նեղ պայմաններու մէջ ըլլալով շատ յաճախ նամակներով եւ անձնական հեռաձայններով բարերար կը փնտռեն։ Բայց այդ հաւաքուած գումարներէն ոչինչ կը հասնի Հայ Մանկավարժին տարեթոշակի յաւելում մը տալու։ Տարիներու ընթացքին զգացած եմ ու ես իմ մէջս ընդվզած՝ նման անտարբերութեան – աւելի ճիշդ անարդար վերաբերմունքին համար։

Երբ մի քանի տարի առաջ վերջնականապէս թոշակի անցայ Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանի Տնօրէնութեան պաշտօնէն, վարժարանին յիսնամեակն էր․․․ (2017) միաժամանակ իմ ալ Հալէպի Կրթասիրաց Վարժարանէն ներս ուսուցչութեան սկսելուս 50 տարին բոլորած եղայ։

Բարի զուգադիպութեամբ մը իմ առաջին տարուայ երախտապարտ աշակերտներէս – Գաբրիէլ Չենպերճեանը-  որ կեանքի ասպարէզին մէջ բացառիկ յաջողութիւն գտնելով գնահատանքի ժեստով մը ՀԻՆԳ ՀԱԶԱՐ ամերիկեան տոլար ղրկեց ասպարէզիս մէջ ՅԻՍՈՒՆ Տարի բոլորած ըլլալս շնորհաւորելով։

Կայծակի արագութեամբ միտք մը փայլատակեցաւ մէջս, որ այս գումարը պէտք է յատկացուի յատուկ նպատակի մը- ստեղծել հիմնադրամ մը, որուն տոկոսէն – հոգ չէ թէ փոքրիկ գումարով մը- նիւթական գնահատանք մը ներկայացնել արտասահմանի մէջ ՀԱՅԵՐԷՆ լեզու  դասաւանդող ուսուցիչին տարեվերջի վկայականաց բաշխման հանդէսի ընթացքին։

Ուրախ եմ որ զանազան առիթներով եղան նաեւ այլ առատաձեռն նուիրատուութիւններ, որոնց կարգին անցեալ տարի լոյս տեսած իմ անդրանիկ գիրքիս – ԱԶԷԶԷՆ ԱՄԵՐԻԿԱ – հատորին ի պատիւ եղած նուիրատուութիւնները, այսօր մայր գումարը հասցուցին աւելի քան ՏԱՍԸ հազար տոլարի։

Անցնող չորս տարիներուն ընթացքին Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանէն չորս նուիրեալ մանկավարժներ ստացան այդ մրցանակը։

Ցարդ չորս նուիրեալներ արժանացան այս մրցանակին, որոնց անունները ամէն տարեշրջանի աւարտական հանդէսի գրքոյկին մէջ կը նշուի այս ձեւով –  

Տիկնայք՝ Հուրի Ղուկասեան-2019, Անի Մանուէլեան-2020, Մարօ Ժամկոչեան-2021, Սօսի Նիկտէլեան- 2022։

Բիւր յարգանք իւրաքանչիւրին նուիրումին, Մեսրոպեանի նուիրեալներուն, արեւմտահայերէնը մեր նոր սերունդին շրթներէն հնչեցնող հայորդիներուն վարձքը կատար։

Անոնք որոնք կը փափաքին այս հիմնադրամին միջոցաւ քաջալերել հայ մանկավարժը իրենց գնահատական փողգիրը (տրազերծ գումարը) առաքել հետեւեալ հասցէին-  փողգիրին վրայ գրելով-

ACEF-HMADS Chenberjian-Boghosian Armenian Educator Fund

-in the memo section please add:

 In Honor of Zarminé  Boghosian

You may mail your contributions to the following address:
Mrs. Zarminé Boghosian- 1495 Country Club Drive, Springfield, PA 19064-

Or:

Holy Martyrs Armenian Day School-HMADS

 209-15 Horace Harding Exp. –Oakland Gardens, NY 11364

For further inquiries you may e-mail – zarminekb@yahoo.com

Երախտագիտութեամբ եւ խորին գնահատանքով՝ 

ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ