Երեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Հ.Բ.Ը.Մ.ի 2022-ի Շրջանային Երկրորդ Համագումարը Կայացաւ Ժընեւի մէջ – Զուիցերիա

3 եւ 4 Յունիսին, աշխարհի տարբեր շրջաններէն աւելի քան 65 ժողովականներ հաւաքուած էին Ժընեւ, մասնակցելու համար Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան Եւրոպայի Խորհրդակցական Համագումարին:  Ասիկա իր տեսակին մէջ երկրորդն էր այս տարի, երկու տարուան համար ծրագրուած համագումարներու շարքէն: Պատգամաւորներու խումբին մաս կը կազմէին Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական վարչական Ժողովի, Հոգաբարձական Խորհուրդի եւ Ռազմավարական Խորհրդատու Յանձնախումբի անդամներ, Միութեան Երոպայի Մասնաճիւղերու եւ Երիտասարդ Արհեստավարժներու ատենապետներ, ինչպէս նաեւ հիւր բանախօսներ եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի պաշտօնեաներ, Արժանթինէն, Հայաստանէն, Պելճիքայէն, Պուլկարիայէն, Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, Իտալիայէն, Լիբանանէն, Հոլանտայէն, Ռուսիայէն, Սպանիայէն, Զուիցերիայէն, Միացեալ Թագաւորութենէն եւ Միացեալ Նահանգերէն:

Երկօրեայ համագումարը, որ տեղի ունեցաւ Ժընեւ Լիճի ափին Պո Րիվաժ  պանդոկին մէջ, երկօրեայ գագաթնաժողովի իր խիտ ծրագրին մէջ կ’ընդգրկէր շարք մը զուգահեռ խորհրդաժողովներ, զեկոյցներ եւ փոքր խումբերով քննարկումներ, որոնց նպատակն էր սերտել Հ.Բ.Ը.Մ.ի առաքելութեան առնչուող եւ իր յետագայ գործընթացը կողմնորոշող  ապագայի պատկերացումները՝ աշխարհի տարածքին հայ հաւաքականութիւնները բնորոշող նոր իրականութիւներու, փոխուող գործելաոճերու եւ զարգացող վերաբերումներու լոյսին տակ:

Նոր Հայաշխարհը

3 Յունիսին, համագումարը սկսաւ Նախագահ Պերճ Սեդրակեանի բարեգալուստի խօսքով: Ան ողջունեց պատգամաւորները եւ ներկայացուց խորհրդաժողովի նպատակները, մատնանշելով նախորդ քանի մը տարիներու պատմական յատկանշական դէպքերը եւ տագնապները, շեշտելով  Հայութեան եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ին համար նոր առաջնահերթութիւններ որոնելու անհրաժեշտութիւնը, գիտակցելով նաեւ, որ Սփիւռքը բազմակարծիք եւ բազմաբնոյթ է:

Քննարկումը որ յաջորդեց Նախագահի բացման խօսքին, կեդրոնացաւ առաւելաբար Հայաստանի տարածաշրջանային, աշխարհաքաղաքական եւ պետական կառոյցներու խնդիրներուն: Զեկուցավարն էր Ֆրանս  24-ի թղթակից Ագրէն Վերտեան: Քննարկման մասնակիցներն էին Էքս Ան Փրովանս-էն քաղաքական գիտութիւններու Դոկտոր Թալին Փափազեան (համացանցային կապով), եւ Ժնեւի Համալսարան-ի եւ Ժնեւի Ուեպսթըր Համալսարան-ի պատմութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու դասախօս Դոկտ. Վիքէն Չըթըրեան: Քնարկումին նպատակն էր աւելի լաւ ըմբռնել Հայաստանի աշխարհաքաղաքական ներկայ իրականութիւնը: Խորհրդածութիւնները կեդրոնացան առաւելաբար անցնող 30 տարիներուն Հայաստանի ղեկավարութեան վարած ռազմավարութեան եւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հաւաքական պատասխանատուութեան վերաբերեալ  խնդիրներուն, որոնք հանգեցուցին 2020-ի Արցախեան երկրորդ պատերազմին մէջ մեր պարտութեան: Շեշտուեցաւ նախաձեռնողական դիւանագիտութիւն վարելու անհրաժեշտութիւնը եւ Հայաստանի մէջ բարեկարգումներու գործադրումին անյետաձգելիութիւնը, ազգային պետական զօրեղ կառոյցներ ստեղծելու համար, յատկապէս կրթական մարզէն ներս: Յառաջընթացի համար հրամայական անհրաժեշտութիւն նկատուեցաւ ներքին քաղաքական վէճերու հարթումը:

Փոխուող Սփիւռքը

Յետմիջօրէի զեկոյցը կեդրոնացաւ հայ սփիւռքի փոխուող իրականութեան եւ մարտահրաւէրներուն վրայ, այս անգամ անդրադառնալով Եւրոպայի համայնքներուն: Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ Հայկական Հեռավար Գոլէճի Հիմնադիր Նախագահ Երուանդ Զօրեան, անդրադարձաւ անցնող 30 տարիներու իրադարձութիւններու ազդեցութեան՝ Եւրոպայի հայ հին թէ նոր համայնքներուն վրայ: Ան ներկայացուց նաեւ հայ ժողովուրդի բազմաթիւ տեղաշարժները անոր աւելի քան 4000-ամեայ պատմութեան ընթացքին, երբ շատ կարճ ժամանակահատուածներու ընթացքին միայն անկախ պետականութիւն ունեցած էր ան:

Ֆրանսական տեղեկատուական հետազօտական Կեդրոնի (CF2R) անկախ թղթակից Տիգրան Եկաւեան ներկայացուց Հայ Սփիւռքի այսօրուան մարտահրաւէրները եւ հեռանկարները: Քննելով տարբեր համայնքներու այլազանութիւնը եւ իւրայատկութիւննրը, ան արժեւորեց պետութեան, եկեղեցիին եւ հայ լեզուին դերը, իր կարգին Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ մերձեցման նպաստող քայլեր առաջարկելով:

(Ձախէն աջ) Կեդրոնական Վարչութեան Անդամ Վահէ Կապրաշ, Հիւրեր՝ Րաֆֆի Արսլանեան եւ Ալպէռ Պօղոսեան, Հ.Բ.Ը.Մ.ի Նախագահ Պերճ Սեդրակեան եւ Հիւր՝ Գրիգոր Իսթամպուլի

Երեկոյեան, Թօփալեան Հիմնադրամին կողմէ ֆինանսաւորուած Ժնեւի քաղաքամերձ Սուրբ Յակոբ Եկեղեցի եւ Հայ Կեդրոն այցէն ետք, համագումարի մասնակիցները բարեգալուստի ընթրիքի մը հրաւիրուած էին Տոմէն Տը Փլէն Վան-ի մէջ, ուր Նախագահ Պերճ Սեդրակեան գնահատանքի արժանացաւ որպէս Նախագահ Հ.Բ.Ը.Մ.ի մատուցած 20 տարիներու իր ծառայութեան համար: Այս առիթով, Կեդրոնական Վարչութեան Անդամ Վահէ Կապրաշ, Թօփալեան հիմնադրամին կողմէ յատուկ նուէր մը յանձնեց նախագահին:

Հ.Բ.Ը.Մ.ը Եւրոպայի եւ Հայաստանի մէջ

Յաջորդ օրուան նիստերը ներկայացուց եւ վարեց Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան Անդամ Անի Մանուկեան: Ան բացատրեց համագումարի նպատակը – Քննել հայ համայնքներու տարբեր կարիքներուն հասնելու առնչութեամբ Հ.Բ.Ը.Մ.ի գործունէութեան արդիւնաւորութիւնը: Այս նպատակով, Հ.Բ.Ը.Մ.ի Ֆրանսայի գործադիր Տնօրէն Անուշ Ծակոյեան, ներկայացուց Միութեան Եւրոպայի ծրագիրներուն, ձեռնարկներուն եւ համագործակցական նախաձեռնութիւններուն ընդհանուր պատկերը:

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Հայաստանի նորանշանակ Գործադիր Տնօրէն Մարինա Մխիթարեան, նկարագրեց Միութեան հայրենի գործունէութիւնները եւ ռազմավարութիւնը: Հ.Բ.Ը.Մ.ի առաքելութեան չորս հիմնասիւներէն բխող բազմապիսի ծրագիրներով, Եւրոպայի եւ Հայաստանի զոյգ շրջանակները, իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած են հայրենիքի զարգացման ուղղութեամբ՝  ապագային ուղղուած մտածողութեամբ, որ կ’ընդգրկէ Եւրամիութեան եւ համաշխարհային կազմակերպութիւններու հետ համագործակցական նախաձեռնութիւններ, որոնք ներդրում կը կատարեն Հայաստան-Սփիւռք խորհրդատուական ծրագիրներու, առաջնորդներու պատրաստութեան եւ կամաւորական ծառայութիւններու մէջ:

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Հայաստանի Գործադիր Տնօրէն Մարինա Մխիթարեան Հ.Բ.Ը.Մ.ի Հայաստանի ծրագիրներուն մասին ելոյթի ընթացքին

Ազգակերտումի Ծրագիրներ Հայաստանի Մէջ

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Արտա Յարութիւնեան, ներկայացուց APRI -Armenia, Applied Policy Research Institute (ԱՊՐԻ – Հայաստան) Կիռարարական Քաղաքականութեան Հետազօտման Կեդրոնի Ծրագիրը, որ կառոյցներու զարգացման ուղղուած

Նոր նախաձեռնութիւն մըն է եւ որ գործել պիտի սկսի Երեւանի մէջ, Յունիսի կէսին: Որպէս նորարար մտային ներուժի համադրման կազմաւորուող կառոյց եւ քաղաքականութեան մշակման արագացուցիչ, APRI-ի գործունէութիւնը ուղղուած պիտի ըլլայ սատարելու շրջանային կայունութեան, կայուն բարգաւաճումի եւ խնդիրներու ճշգրիտ եւ գործնական լուծման:

Արտա Յարութիւնեան բացատրեց թէ Հ.Բ.Ը.Մ.ը APRI-ն հիմնած էր, խորքային մտածողութեան, քաղաքականութեան մշակման համար աշխոյժ քննարկման հարթակի ստեղծման եւ Հայաստանը իր աշխարհաքաղաքական պարունակին մէջ հասկնալու անհրաժեշտութեան գիտակցութենէն մղուած: APRI-ն պիտի ծառայէ որպէս ոչ-բեւեռացուած անկախ հարթակ, քաջալերելու համար կառուցողական մօտեցումներ գործնական խնդիրներու շուրջ: Ան պիտի գործակցի Հայաստանի ներուժի իրագործման կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ ծրագիրներու ուղղուած հանրային, մասնաւոր եւ քաղաքացիական հասարակութեան գործընկերներու նախաձեռնութիւններուն: APRI-ի առաջնահերթ նախաձեռնութիւնները ուղղուած են արտաքին քաղաքականութեան, հանրային առողջապահութեան, ուժանիւթի ապահովութեան եւ տեղական համայնքներու զարգացման խնդիրներու լուծման:

Քննարկման մասնակիցներ՝ դեղագործական մարզի յաջող գործարար Մայք Պարոնեան եւ Հայաստանի մէջ Էմպըր Գէփիթըլ ընկերութեան համահիմնադիր եւ կառավարող բաժնետէր, Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Քամիլիօ Ազզուզ, անդրադարձան Հայաստանի մէջ տնտեսական աճի եւ զարգացման առիթներուն, հանրային թէ մասնաւոր նախաձեռնութիւններու տեսանկիւնէն դիտուած: Քամիլիօ Ազզուզ խօսեցաւ Հայաստանի մէջ Էմպըր Գէփիթըլ ընկերութեան յաջողութեան մասին, որպէս համահիմնադիրը եւ գործավարը երկրին մէջ առաջին մասնաւոր բաժնետիրական հիմնադրամին, որ մեկնարկուած էր Եւրամիութեան եւ Եւրոպական Դրամատան (EBRD) կողմէ:

Գաղափարներու Ազատ Հոսք

Յետմիջօրէին, քնարկումներ տեղի ունեցան փոքր խումբերու դրութեամբ, որոնց ընթացքին համագումարի ունկընդիր անդամները, առիթը ունեցան փոխանակելու իւրայատուկ, ուշիմ եւ նորարար գաղափարներ, համընդհանուր հայութեան ապագային ուղղուած: Աւելի ուշ, անոնք իրենց խորհրդակցութեան արդիւնքները ներկայացուցին մասնակիցներու ընդհանուր նիստին:

Փոքր խումբերով խորհրդակցական նիստերէն մէկուն ընթացքին, Պէլճիքայի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Զուիցերիոյ, Միացեալ Թագաւորութիւններու եւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ

Երկօրեայ հանդիպումները աւարտեցան ողջերթի ընթրիքով, Պօ Րիվաժ Պանդոկ-ին մէջ, զորս հիւրընկալեցին Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ՝ Վարդգէս եւ Սիլվիա Գնաճեան, Վահէ եւ Հիւկէթ Կապրաշ եւ Քամիլիօ եւ Տալիա Ազզուզ: Ընթրիքին ներկայ էր Հայաստանի Զուիցերիոյ Ազնուաշուք  Դեսպան Անդրանիկ Յովհաննիսեան եւ Զուիցերոյ Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Հայր Գուսան Ծ. Վրդ. Ալաճաճեան:

Իր փակման խօսքին մէջ, Նախագահ Պերճ Սեդրակեան իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Միութեան անդամներուն եւ բարեկամներուն, որոնք իրենց ժամանակը եւ ճիգերը ներդրած էին, հեռաւոր վայրերէ հաւաքուելով եւ մասնակցելով բուռն քննարկումներու, որոնք յուսադրիչ զրոյցներ արծարծած էին ապագայի զարգացման հեռանկարներով:

Նախագահը աւելի ուշ, ամփոփելով համագումարի յաջողութիւնը, կը հաստատէր, թէ նման անկեղծ քննարկումներ մտերիմ եւ հաւատաւոր գործակիցներու միջեւ, կարեւոր էին Հ.Բ.Ը.Մ.ի եւ հայութեան ապագայի կերտման համար: Շեշտելով, թէ այսպիսի կառուցողական եւ արդիւնաւոր նախաձեռնութիւններն են, որոնք պիտի սատարեն մեր Միութեան ազգաշէն առաքելութեան, յառաջիկայ վճռորոշ տարիներուն:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ