Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024

Շաբաթաթերթ

Իրաքի Հայոց Թեմի Նորընտիր Առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Տ․ Օշական Վարդապետ Կիւլկիւլեան

ՃՐՏԳ. ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Վերջերս Իրաքի Հայոց Թեմի առաջնորդ ընտրուեցաւ Հոգեշնորհ Տ․Օշական վարդապետ Կիւլկիւլեան։

Արդարեւ, 13 Մայիս 2022ին, Իրաքի Հայոց Առաջնորդարանի սրահին մէջ, Պաղտատ, թեմի նախկին առաջնորդի եւ հոգեւորականաց դասի ներկայութեամբ, ինչպէս նաեւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան եւ Իրաքի տարբեր մարզերէ Պաղտատ ժամանած հայ համայնքներու Թաղական խորհուրդներու գումարած ժողովին կատարուեցաւ նոր թեմակալ առաջնորդի ընտրութիւն։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ․ի բարձր տնօրինութեամբ առաջադրուած թեկնածուներէն՝ քուէարկութեան արդիւնքով Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդ ընտրուեցաւ Հոգեշնորհ Տ․ Օշական վարդապետ Կիւլկիւլեան։

Տ․ Օշական Կիւլկիւլեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան․ իր նախնական ուսումը ստացած է Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանին մէջ. եղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հոգեւոր Ճեմարանի սան, այնուհետեւ ուսումը շարունակած է Սուրբ Էջմիածինի Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանին մէջ, ուր աւարտած է 1986 թ.։

Յունիս 1986էն մինչեւ Ապրիլ 1987թ․ ծառայած է իբրեւ կաթողիկոսութեան քարտուղար, ապա ձեռնադրուած է աբեղայ, կուսակրօն քահանայ, Էջմիածինի մէջ Գանատայի թեմի նախկին առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Վազգէն արք. Քէշիշեանի ձեռամբ։ 1987-1988 թուականներուն ծառայած է իբրեւ հոգեւոր հովիւ Գանատայի Բրիտանական Քոլոմպիա նահանգի Վենքուվըր քաղաքին մէջ։ 1988ին, Տ. Օշական Կիւլկիւլեան պաշտպանած է իր թէզը Աղթամարի կաթողիկոսութեան մասին՝ Օշականի վանքին մէջ, եւ ստացած է Վարդապետի աստիճան։

1989ին, ան իր ուսումը շարունակած է Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքը եւ Նիւ Եորքի Քոլոմպիա համալսարանին մէջ: 1990էն 1993 թուականներուն ծառայած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Վըրճինիա նահանգի Ռեչմոնտ քաղաքի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ իբրեւ հոգեւոր հովիւ, ապա ուսումը շարունակած է Ռեչմոնտի Աստուածաբանական ճեմարանին եւ Վըրճինիայի Համագործակցութեան համալսարանին մէջ։

 1993ին նշանակուած է Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան եկեղեցւոյ լուսարարապետ, իսկ 1994ին՝ Ֆլորիտայի Մայիամի քաղաքի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։

 Մայիամիի մէջ աշխատած է մշտական ​​շէնք մը հաստատելու եկեղեցւոյ համար՝ գործով վարձու շէնքին փոխարէն. ձեռնարկած է Հարաւային Ֆլորիտայի մէջ նոր եկեղեցւոյ կառուցման եւ աշխուժօրէն մասնակցած է դրամահաւաքի ու հողի գնման ջանքերուն, ինչպէս նաեւ՝ եկեղեցական շէնք եւ մշակութային կեդրոն կառուցելու աշխատանքին: Այդ ջանքերուն արդիւնքը եղած է Ֆլորիտայի ներկայ Սուրբ Մարիամ եկեղեցին:

 1997ին, Տ. Օշական Կիւլկիւլեան եղած է Մեսեչուսեթց նահանգի Չելմսֆորտ քաղաքի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը եւ ազդու կերպով մասնակցած է եկեղեցւոյ հիմնական վերանորոգման համար դրամահաւաքի կազմակերպման ու ղեկավարման գործերուն:

 2001ին նշանակուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի 1700ամեակի յանձնախումբի կազմին մէջ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին կողմէ։ Իսկ 2002ին օժանդակած է Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի զարգացման գրասենեակին՝ Նիւ Եորքի մէջ, եւ իբրեւ այցելու հովիւ ծառայած է թեմի եկեղեցիներուն: 2003ին ստացած է աստուածաբանութեան մագիստրոսի կոչում հովուերգութեան քարոզչութեան մէջ, նաեւ՝ կրօնական ուսուցման վկայական՝ Ինտիանա նահանգի Երրորդութիւն Աստուածաբանութեան ճեմարանէն:

 Աւելի ուշ, նոյն տարուան ընթացքին, ան նշանակուած է Հնդկաստանի Կալկաթա քաղաքի Սուրբ Նազարէթ եկեղեցւոյ հովիւ, իսկ 2005ին ստանձնած է Հայկական մարդասիրական ակադեմիոյ կառավարիչի պարտականութիւն՝ Հնդկաստանի հայկական բոլոր եկեղեցիներու հովուութեան կողքին: Այդ շրջանին հիմնովին վերանորոգած է դպրոցական համալիրը եւ երկու եկեղեցիներ Պէնկալի մէջ, Հնդկաստան: Ան այս պաշտօնին վրայ մնացած է մինչեւ Մայիս 2009, ապա վերադարձած է ԱՄՆի Արեւելեան թեմ, ուր նշանակուած է Փենսիլվենիա նահանգի Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպ եկեղեցւոյ հովիւ եւ հոն ծառայած է մինչեւ Իրաքի Հայոց թեմի առաջնորդ ընտրուիլը ու Պաղտատ փոխադրուիլը՝ Յուլիս 2022թ.։

 Տ․ Օշական Կիւլկիւլեան, 18 Յունիս 2022ին,Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն ժամանեց Պաղտատ՝

ընկերակցութեամբ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Պրն․ Մելքոն Մելքոնեանի եւ Պասրայի Թաղական խորհուրդի ատենապետ Պր․ Խաժակ Վարդանեանի, եւ դիմաւորուեցաւ ազգային պատասխանատու անձնաւորութիւններու կողմէ։ Հայր սուրբը իր անդրանիկ Սուրբ եւ անմահ պատարագը մատուցեց Պաղտատի աթոռանիստ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, 24 Յունիս 2022ին, հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մը մասնակցութեամբ, ուր ներկայ էին նաեւ Պետական ներկայացուցիչներ, Իրաքի մէջ Հայաստանի դեսպանատան գործակատար Պրն. Ալեք Ղարիպեան, եւ քոյր համայնքներու եկեղեցականներ:

 Կը շնորհաւորենք Հայր սուրբին ընտրութիւնը եւ սրտանց կ՛աղօթենք, որ Ամենակալ Տէր Աստուած իրեն պարգեւէ անսպառ ուժ ու կարողութիւն, առողջութիւն եւ յարատեւ յաջողութիւն իր նոր առաքելութեան մէջ։

Այս առիթով, նաեւ կը շնորհաւորենք Իրաքի հայ գաղութը, որ միշտ եղած է հայկական ամենափայլուն գաղութներէն մին՝ իր եկեղեցասէր եւ ազգասէր զաւակներով, եւ վստահ ենք, որ ան իր նորընտիր՝ նուիրեալ ու եզակի հոգեւոր պարգեւներով օժտուած, երկարամեայ բազում փորձառութիւններու հեռանկարով հարստացած խանդավառ առաջնորդ, Հոգեշնորհ Տ․ Օշական վարդապետ Կիւլկիւլեանի հովուական խնամքին ներքոյ պիտի շարունակէ ապրիլ ազգային-հոգեւոր արժէքներով, պիտի մնայ հաւատարիմ իր ինքնութեան եւ պիտի նուաճէ նոր բարձունքներ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ