Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Ուտելիքի Սահմանափակումներ Անհրաժեշտ Են Քորոնա Ժահրով Հիւանդանալէ Ետք

COVID-19-ը յաղթահարած մարդիկ երկար ժամանակ՝ մօտաւորապէս կէս տարի, կրնան առողջական խնդիրներ ունենալ։ Այդ միջոցին հիւանդներուն կը յանձնարարեն յատուկ սննդականոն, ըսած է բժիշկ-սննդաբան, սնունդի մասին գիրքերու հեղինակ, բժշկական գիտութիւններու թեկնածու Մարինա Քոփիթքօ:

«COVID-19-էն ետք բարդութիւնները կրնան երկարիլ երեքէն վեց ամիս։ Անհատի մը պարագային հիւանդութիւնը կրնայ ընթանալ ծանր ձեւով, կրնան բարդութիւններ յառաջանալ՝ թէ՛ սրտամկանի, թէ՛ ուղեղի աշխուժութեան, թէ՛ յիշողութեան եւ թէ՛ ալ աղիքներու հետ կապուած։ Եւ այդ պարագային կ՛ընտրուի սննդականոն՝ յետքովիտային վիճակները շտկելու համար։ Անոնք, որոնք հիւանդութիւնը համեմատաբար թեթեւ անցուցած են, որեւէ ճշդումի կարիք չունին»,- ըսած է Մարինա Քոփիթքօ։

Սննդաբանը նշած է, որ COVID-19-էն ետք, բարդութիւններու պարագային, սննդաբաժինէն պէտք է հանել տապկուած, ապխտած եւ աղի ամէն բան։ Յանձնարարելի է աւելի ճիշդ, հաւասարակշռուած սնունդ, որ կը ներառէ ուտելիքներու հիմնական խումբերը՝ առանց ծայրայեղութիւններու։ Եթէ կան բժշկական ցուցմունքներ, ցուցակէն կը հանուին կարգ մը մթերքներ, ինչպէս՝ կաթնամթերքները։ Կը յանձարարուի նաեւ վերահսկել շաքարի օգտագործումը, սահմանափակել ալքոլը, ինչպէս նաեւ ամէն տեսակի կազային խմելիքները»,- աւելցուցած է մասնագէտը։

Afhil.com

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ