Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

ԽՆԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Ուրախութեամբ իմացանք գաղութիս պատուաբեր երիտասարդներէն՝ Վաչէ Ատանալեանի եւ Վիոլէթ Ասատրեանի ամուսնութեան բերկրալի լուրը, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ Յունիս 17, 2022-ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կնքահայրութեամբ Տէր եւ Տիկ. Լեւոն եւ Վարդուհի Սեւան։

Այս ուրախ առիթով սրտանց կը շնորհաւորենք նորապսակ զոյգը

Տէր եւ Տիկ. Վաչէ եւ Վիոլէթ Ատանալեանները

մաղթելով անոնց երկար եւ երջանիկ օրեր։

Նմանապէս կը շնորհաւորենք մեր կազմակերպութեան բազմաբեղուն եւ թանկագին ղեկավարներէն՝ Տոքթ. եւ Տիկ. Գրիգոր  եւ Մարալ Ատանալեանները եւ անոնց խնամիները Տէր Տիկ. Արարատ եւ Սրբուհի Ասատրեանները, մաղթելով նորոգ միացած զոյգին եւ անոնց կազմած նոր ընտանիքին ամէն բարիք։

ՌԱԿ ԱՄՆ Արեւմտեան Շրջանի Շրջանային Վարչութիւն
«Նոր Օր» երկլեզու շաբաթօրեայ պաշտօնաթերթի Վարչութիւն
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ