Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Բարեգործական Ձեռնարկ Մը

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

«Ինչ մնաց, կեանքէն ինծի ինչ մնաց,

Ինչ որ տուի ուրիշին, տարօրինակ այդ միայն»

Վ.Թ.

Կիրակի, Յուլիս 10, 2022, կ.ե. ժամը 5։00-ին Կլենտէյլի Շիրազ ճաշարանի մէջ, տեղի ունեցաւ Աստուածահաճոյ շատ գեղեցիկ եւ ազնիւ ձեռնարկ մը, ի նպաստ Հայաստանի մէջ գործող «Թիւֆէնկեան Հիմնարկ»ի «Ընտանիքի եւ Համայնքի» ծրագրին։

Ձեռնարկը կը հովանաւորէր ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի եւ Մեքսիքոյի Միացեալ Նահանգներու Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։ Այդ օր Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ս. Էջմիածին կը գտնուէր, Նորին Սրբազնութեան կը ներկայացնէր Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շատ սիրելի հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տէր Սարգիս Ա.Ք. Փեթոյեան։

Նմանապէս այդ օր իր օրհնաբեր ներկայութեամբ սոյն դրամահաւաքը կը պատուէր Արմաւիրի Շրջանի Թեմի բազմաշնորհ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սիոն Արք. Ադամեան։

«Թիւֆէնկեան Հիմնարկ»ի հոգաբարձութեան անդամ՝ Անդրանիկ Գասապեան

Իսկ «Թիւֆէնկեան Հիմնարկ»էն ներկայ էին Մեծամօրի շրջանի մէջ գործող անպաշտպան փոքրիկներու ապաստարաններու նախագահ Տիկ. Քնարիկ Գարանֆիլեան, ինչպէս նաեւ «Թիւֆէնկեան Հիմնարկ»ի կեդրոնական հոգաբարձութեան անդամ՝ Տիար Անդրանիկ Գասապեան։

Այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր հիւրընկալութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ Լոս Անճելըսի մէջ գործող Իրաքահայ Ընտանեկան Միութեան կողմէ։ Այս Միութիւնը 43 տարիէ իվեր կը ծառայէ եւ օգնութեան ձեռք երկարած է Լոս Անճելըսի, Հայրենիքի եւ Սփիւռքի հայութեան ծով կարիքներուն։

«Թիւֆէնկեան Հիմնարկ»ը տարիներէ իվեր մօտ 600-է աւելի անպատսպար փոքրիկներու եւ դժուարութեանց մէջ եղող մայրերու անոնց տուն, սնունդ եւ ամէն տեսակ օժանդակութիւն կը տրամադրէ։

Հանդիսավար՝ Վահէ Սարկաւագ Չարխթեան

Հանդիսավար Վահէ Սարկաւագ Չարխթեանի բացման եւ բարի գալուստի խօսքով մը ներկայացուց օրուայ ձեռնարկին նպատակը, Թիւֆէնկեան եւ Իրաքահայ Ընտանեկան Միութեան բազմաթիւ եւ բազմերես ծառայութիւնները։ Ապա Վահէ Սարկաւագ գրութիւններ եւ նկարներ ցուցադրեց «Թիւֆէնկեան Հիմնարկ»էն։

Այդ նկարներուն մէջ կային «Հիմնարկ»ի ապաստարաններու մէջ ապրող փոքրիկներու նկարներ, որոնք այդ տուներուն մէջ սնունդ, հոգատարութիւն, հագուստներ կը ստանան եւ միայն գիշերները իրենց տուները կ՚երթան քնանալու համար։

«Ընտանիք եւ Համայնք»ի նախագահ՝ Քնարիկ Գարանֆիլեան

Ապա ելոյթ ունեցան «Թիւֆէնկեան Հիմնարկ»ի ծրագիրին նախագահ՝ Տիկ. Քնարիկ Գարանֆիլեան եւ «Թիւֆէնկեան Հիմնարկ»ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Տիար Անդրանիկ Գասապեան եւ Իրաքահայ Ընտանեկան Միութեան նախագահ Տոքթ. Մարալ Անճարկօլեան։ Բոլոր խօսողները նկարագրեցին «Ընտանիք եւ Համայնք» ծրագրին աշխատանքները, յատկապէս 44 օրեայ պատերազմէն ետք, մեծ թիւով փոքրիկներ զրկուած են բաւարար սնունդէ եւ հոգատարութենէն։ Ճիշդ ասոր համար է, որ «Ընտանիք եւ Համայնք» ծրագիր մշակուեցաւ «Թիւֆէնկեան Հիմնարկ»ին կողմէ։

Տոքթ. Մարալ Անճարկօլեան վերջերս Հայաստան եղած օրերուն այցելած է Մեծամօրի մէջ գործող այդ ապաստարանները եւ հոն ապրող փոքրիկներու գծած նկարներէն մօտ 16 հատ բերելով, այդ գիշեր գնուեցան ներկաներուն կողմէ։

Արմաւիրի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սիոն Արք. Ադամեան փակման եւ սրտի խօսքով խորապէս յուզեց եւ խռովեց ներկաներուն հոգիները։

Ազգային եւ հայրենասիրական գեղեցկագոյն մթնոլորտի մէջ ներկայ եղողները  իրենց սիրտերուն հետ նաեւ իրենց գրպանները բացին, դժուարութեան մէջ մեր հայ մանուկներուն օգնութեան համար, գոյացնելով կոկիկ գումար մը։

Սիրելի հայրենակիցներ, բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին նման հայրենասիրական եւ ազգօգուտ ծրագիր իրենց նպաստը բերելով, կրնան իրենց նուէրները ղրկել հետեւեալ անունին եւ հասցէին.

Toufengian Foundation

c/o Mr. Antranig Kasparian

20 Capital Drive

Moonachine, N.J. 07047

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ