Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2024

Շաբաթաթերթ

Հանրային բանավէճ

Կանանց դէմ դիրքորոշումներ, բռնութիւն եւ մարտահրաւէրներ

Կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄ-ի Հայ Կին Միաւորի եւ Հայ Իրաւաբաններու Միութեան, Շաբաթ, 20 Օգոստոս 2022-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ՀԲԸՄ-ի Փասատինայի Կեդրոնի Պոյաճեան սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ հանրային բանավէճ, «Կանանց դէմ դիրքորոշումներ, բռնութիւն եւ մարտահրաւէրներ» ընդհանուր խորագրին տակ: Օրուան բանախօսներն են՝ իրաւաբան Մարիանա Մանուկեան, Ընտանեկան իրավունքներու մասնագէտ, Clark Hill, LLP-ի աւագ խորհրդական եւ հոգեբաններ Նորա Շիթիլեան ու Քնար Քահքէճեան, Հայ-Ամերիկեան Հոգեկան Առողջութեան Միութեան խորհուրդի անդամ:

Վերջերս, վիժումի հարցը կը շարունակէ մնալ խիստ վիճելի։ Անոր հակառակորդները եւ կողմնակիցները ունին իրենց զանազան կարծիքները։ Ընտրութեան կողմնակի՞ց՝ թէ ոչ: Երկու կարծիքներն ալ  յարգելի են։ Հարկ է նկատի առնել ներկայի պայմանները։ Հակառակ անոր, որ ամբողջ աշխարհի օրինագիծերու մէջ առաւելապէս կ՚արտացոլուին այն սկզբունքները, որոնք յղութեան արհեստական ընդհատման վերաբերեալ որոշում կայացնելու իրաւունքը կանանց կը թողուն իբրեւ մարդկային ազատ իրաւունք, Յունիս 24-ին Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն դատարանը քուէարկութեամբ չեղեալ համարեց Roe vs. Wade-ի՝ կնոջ վերարտադրողական առողջութիւնը վերահսկելու իրաւունքը եւ փոխանցեց 50 նահանգներուն այդ օրէնքը ընդունելու կամ մերժելու՝ աննկատ ձգելով կարգ մը բացառութիւններ եւ անհրաժեշտութիւններ, ըլլան անոնք բռնաբարութեան, արիւնապղծութեան, պտղաբերութեան, մօր մը վտանգուած կեանքը եւ այլ դէպքերու համար բացառութիւններ։ 

Այս իրաւունքը սահմանափակելով, բարդութիւններ եւ այլ խնդիրներ կրնան յառաջանալ։ Բոլոր վիժումները սպանութիւն չեն կրնար համարուիլ: Վիժումի ​​կամ յղութեան արհեստական ընդհատման վերաբերեալ որոշումները իրաւացիօրէն կանանց իրաւունքներն են։ Կեանքի այս իրաւունքը կրնայ ոչ հաճելի երեւոյթ դառնալ, սակայն այդ վիճակէն խուսափելու համար, իր քաղաքացիներուն հանդէպ, կառավարութեան պարտականութիւնն է կանանց լուսաբանել, տեղեկացնել վիժումի հետեւանքներուն մասին, յետոյ որոշում կայացնելու իրաւունքը յանձնել անոնց հայեցողութեան։ 

ՀԲԸՄ Հայ Կինը համագործակցելով Հայ Իրաւաբաններու Միութեան հետ, միասին կը նախաձեռնեն այս կարեւոր հանրային քննարկումը, Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն Դատարանի կողմէ որոշումը՝ չեղարկել 1973 թուականի վիժումի իրաւունքը։ Հանրային բանավէճին մէջ պիտի ներկայացուի Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն Դատարանի կողմէ Roe Vs. Wade-ի վճռորոշ որոշումը, որուն միջոցաւ վիժումը ճանչցուեցաւ իբրեւ սահմանադրական իրաւունք։

Պիտի քննարկուին այս որոշումին հետեւանքով, քաղաքացիներուն մէջ ստեղծուած հակազդեցութիւնները, մարդկային կամ անձնական ազատ իրաւունքներու եւ յատկապէս կանանց ինքնորոշման իրաւունքներու շուրջ կարծիքներ։ Բանավէճին ընթացքին պիտի քննարկուին նաեւ Հայաստանի եւ Գալիֆորնիոյ ընտանեկան բռնութեան մասին դէպքեր, օրէնքներ եւ ցուցմունքներ ֆիզիքական եւ հոգեկան բռնութիւններէն պաշտպանուելու նպատակով։

Իրաւաբան Մարինա Մանուկեան պիտի պարզաբանէ Roe ընդդէմ Wade օրէնքի բեկանումը եւ պիտի ակնարկէ ընտանեկան բռնութեան մասին։ Հոգեբան Նորա Շիթիլեան պիտի  ներկայացնէ ընտանեկան բռնութիւնը առնչելով իր հիւանդներու եւ մասնագիտական փորձառութեան դէպքերուն հետ, իսկ հոգեբան Քնար Քահուէճեան, պիտի զեկուցէ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է յարմարիլ կեանքի յաճախակիօրէն փոփոխուող պայմաններուն հետ։

ՍԵՒԱՆ ՊՕՂՈՍ-ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ