Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Օտար Բարքեր

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Կարեկցութեան Եզակի Օրինակ մը . . .

Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Օրէկըն նահանգի Փրինվիլ քաղաքէն։ Այդ քաղաքի բնակիչներէն մի ոմն՝ Էրիք Էյքըրս անունով, գիշերները կ՛աշխատի Պէնտ քաղաքին մէջ, որ իր բնակարանէն 33 մղոն (53 քմ) հեռու է։

Կը պատահի որ Էրիքին ինքնաշարժը կ՛աւրուի եւ որպէսզի գործէն ետ չմնայ, ան ստիպուած քալելով կ՛երթայ գործի։ Կրնա՞ք երեւակայել որ օրական պէտք է 6 1/2 ժամ քալէ, որպէսզի գործատեղին հասնի եւ այդքան ալ պէտք է քալէ վերադարձին՝ որպէսզի գործի տեղէն տուն հասնի . . . Սա ուրիշ բան չէ եթէ ոչ՝ չարչարանք, չէ՞ք խորհիր!

Էրիքի այս ոդիսականը ձեւով մը նիւթ կը դառնայ Կեդրոնական Օրէկընի Օրաթերթին եւ յանկարծ օգնութեան առաջարկները կը ողողեն վերոյիշեալ թերթը։

Այդ առաջարկներէն ամենէն գործնականը կու գայ Գրիս Արսընոյէն եւ իր Տիկինէն։ Անոնք ունէին 25 տարուան Հանտա ինքնաշարժ մը որ չէին գործածէր։ Ուստի Տէր եւ Տիկին կը որոշեն այդ ինքնաշարժը տալ Էրիքին (տես նկարը), որպէսզի քալելու փոխարէն՝ ան ինքնաշարժով երթայ գործի։

Գալով Գրիսին՝ ան իր եւ իր Տիկնոջ կարեկցութիւնը արդարացնելով, դիտել կու տայ թէ » Յատկապէս այս դժուար օրերուն, մենք պէտք է օգնենք մեր դրացիներուն։» Իսկ Էրիք շնորհակալութիւն յայտնելով՝ հետեւեալ կերպով կ՛արտայայտուի, «Հանրութեան ազնուութիւնն ու առատաձեռնութիւնը իսկապէս գնահատելի է եւ ես խորապէս զգացուած եմ անոր համար։»

Եզրակացութիւն՝ ուրեմն կարեկցութիւնը տակաւին գործօն է հեռաւոր այս ափերուն վրայ, ուր դժբախտաբար կը տիրէ եսասիրութիւնն ու փառամոլութիւնը . . .   

Փասատինայի Մեր Փոքրիկ Հայաստանը . . .

Մօտաւորապէս տասը թոշակառուներ՝ Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներէն գաղթած, ամէն օր կը հաւաքուին Փասատինայի կեդրոնական սրճարաններէն մէկուն մը մէջ եւ գաւաթ մը սուրճի շուրջ կը խորհրդածեն օրուան հրատապ հարցերուն շուրջ։

Անոնք կը ջանան քաղաքական վերլուծումներ կատարել, սակայն տեղ մը չեն հասնիր։ Անոնց արծարծած նիւթերն են Ամերիկայի սղաճը, Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայերուն ապրած տագնապալի օրերը եւ Հայաստանի քաղաքական իրավիճակը, որ կը փոխուի օր ըստ օրէ։

Մեր մէջը կան Սուրիահայեր, Լիբանանահայեր, Եգիպտահայ մը եւ Պարսկահայ մը։ Շատ հետաքրքրական են Պարսկահային շահեկան դիտարկումները, որոնք յաճախ նիւթ կը դառնան սուր վիճաբանութեանց։ Ան կը պնդէ թէ չկայ Սուրիահայ, Լիբանանահայ կամ Եգիպտահայ, այլ կան հայեր՝ որոնք ծնած են Սուրիա, Լիբանան եւ կամ Եգիպտոս։ Մէկ խօսքով՝ մենք բոլորս ալ հայեր ենք, ծնած զանազան երկիրներու մէջ . . .

Մեր Պարսկաստան ծնած հայուն մէկ ուրիշ դիտողութիւնն ալ կը կեդրոնանայ Փասատինայի երկու Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցիներուն վրայ։ Ան դիտել կու տայ թէ չկայ «Մեր» եկեղեցին, կամ «Ձեր» եկեղեցին, ակնարկելով Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ՝ որ Էջմիածնական է եւ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ՝ որ Անթիլիասական է։ Ան կը նշէ թէ կայ մէկ հայ եկեղեցի միայն եւ վերջ։

Գալով Ամերիկայի քաղաքականութեան, կան Նախագահ Պայտընի թեր եւ դէմ կեցուածքներ, որոնք դժբախտաբար անդրդուելի կը մնան։ Սակայն բոլորն ալ համաձայն են որ ան միակ Նախագահը հանդիսացաւ որ կրցաւ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ի գին Էրտողանի թշնամութիւնը շահելու!

Ինչո՞ւ «Փասատինայի Մեր Փոքրիկ Հայաստանը» անուանեցի գրութիւնս, որովհետեւ յիշեցի Ամերիկահայ մեծ գրող Ուիլեամ Սարոյանը՝ որ արդարօրէն ըսած է,

«Կոտորեցէք այս ցեղը, եթէ կրնաք։ Ըսենք թէ դարձեալ աշխարհը պատերազմի մէջ է։ Կործանեցէք Հայաստանը. փորձեցէ՛ք, տեսէք կրնա՞ք։ Իրենց տուներէն հանելով           անապատ ղրկեցէ՛ք այս ցեղին զաւակները. զրկեցէ՛ք զանոնք հացէ ու ջուրէ։ Այրեցէ՛ք անոնց տուներն ու եկեղեցիները։ Պիտի տեսնէք որ անոնք դարձեալ պիտի ապրին, դարձեալ պիտի խնդան։ Ու երբ քսան տարի ետք՝ անոնցմէ երկու հոգի իրար հանդիպին գարեջրատան մը մէջ, պիտի խնդան ու խօսին իրենց լեզուովը։»

Իսկ մենք՝ տասի չափ թոշակառուներս, գարեջրատան փոխարէն՝ կը հանդիպինք ամերիկեան սրճարանի մը մէջ եւ կը խօսինք հայերէն . . . Պատիւս՝ արժանաւորաց!

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ