Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

Կապ՝ Սննդարար Ուտելիքներու Անբաւարար Օգտագործման Եւ Երիկամներու Քրոնիք Հիւանդութեան Միջեւ

Տարբեր պտուղներու եւ բանջարեղէնի օգտագործումը սովորական թելադրանք է, սակայն շատ ամերիկացիներ քիչ կ՛օգտագործեն այդ սննդարար ուտելիքները, ըսուած է Journal of Renal Nutrition-ին մէջ հրապարակուած նոր հետազօտութեան մէջ:

Այս մէկը յատկապէս կը վերաբերի երիկամներու քրոնիք հիւանդութիւն ունեցող չափահաս անձերու, որոնք կ՛ուտեն քիչ քանակութեամբ պտուղներ եւ բանջարեղէն, քան այդ հիւանդութիւնը չունեցող նման մարդիկ, յայտնած են Վըրճինիայի համալսարանի բժշկական դպրոցի գիտնականները:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման կեդրոնի տուեալներուն համաձայն՝ մօտաւորապէս 37 միլիոն չափահասներ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ունին երիկամներու քրոնիք հիւանդութիւն: Այդ մէկը տեղի կ՛ունենայ, երբ երիկամները չեն կրնար արդիւնաւէտ ձեւով զտել մարդու արեան թափոնները: Այս վիճակը կրնայ յանգեցնել արեան բարձր ճնշման, սրտի հիւանդութիւններու եւ «սթրոք»ի:

Հետազօտութեան համար գիտնականները վերլուծած են 1988-2018 թուականներուն առողջութեան եւ սնունդի վերաբերեալ ազգային հարցումներու տուեալները:

Հետազօտողները յայտնաբերած են, որ 1988-1994 թուականներուն երիկամներու քրոնիք հիւանդութիւն ունեցողներու 52 առ հարիւրը շատ քիչ քանակութեամբ պտուղներ եւ բանջարեղէն օգտագործած է՝ բաղդատելով այդ հիւանդութիւնը չունեցող մարդոց 48 առ հարիւրին հետ:

2003-2010 թուականներուն, երիկամներու քրոնիք հիւանդութիւն ունեցողներու 46 առ հարիւրը շատ քիչ պտուղներ եւ բանջարեղէն օգտագործած է՝ բաղդատելով մնացեալ 41 առ հարիւրին հետ։

Իսկ 2011-2018 թուականներուն, երիկամներու քրոնիք հիւանդութիւն ունեցողներու 48 առ հարիւրն է, որ շատ քիչ պտուղներ եւ բանջարեղէն օգտագործած է՝ մնացեալ 46 առ հարիւրին հետ բաղդատելով:

Afhil.com

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ