Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայ Քոյրերու Վարժարանի Փոխտնօրէնուհի Ռիթա Պոյաճեան Կը Մասնակցի Համահայկական 10-րդ Կրթական Խորհրդաժողովին

16-21 Օգոստոսին Հայաստանի Աղուերան շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ Համահայկական կրթական 10-րդ խորհրդաժողովը, որ միաւորեց Սփիւռքի հայկական կրթօճախներու ներկայացուցիչները` բարձրաձայնելու կրթական ոլորտին մէջ հայապահպանութեան արդի խնդիրներն ու անոնց լուծման ճանապարհները:

ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը Համահայկական կրթական խորհրդաժողովներ կը կազմակերպէ երկու տարուան պարբերականութեամբ: Միջոցառման կը մասնակցին Սփիւռքի համայնքներուն մէջ ազգային կրթութեան եւ դաստիարակութեան խնդիրներով զբաղող մարմիններու, կազմակերպութիւններու, հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ` ի դէմս թեմական կրթական խորհուրդներու, համայնքներու ներկայացուցիչներու, կրթօճախներու հոգաբարձուներու, տնօրէններու, ուսուցիչներու: Այս տարուան խորհրդաժողովին կը մասնակցէին 21 երկրի կրթական ոլորտի շուրջ 90 ներկայացուցիչներ:

Երկամեայ պարբերականութեամբ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող խորհրդաժողովներուն նպատակն է քննարկել արտերկրի մէջ հայկական կրթօճախներու առկայ հիմնահարցերը, յստակացնել կրթութեան ոլորտին մէջ ՀՀ ԿԳՄՄ նախարարութեան կողմէ իրականացուող ծրագրերը եւ համագործակցութեան յաջորդական քայլերը:

Խորհրդաժողովի մեկնարկին մասնակիցները այցելեցին Բջնիի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, ուր ներկաները հաւաքաբար աղօթք բարձրացուիցն առ Աստուած: Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Հայր Զաքարիա Ծ. Վրդ. Բաղումեան իր խօսքին մէջ յոյսի կարեւորութեան, ան յիշեց մեր հայրենիքին դիմագրաւած դժուարութիւնները, որուն վերջինը՝ 14 Օգոստոսին Երեւանի «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնի պայթումն էր: Ան նշեց, որ որպէս քրիստոնեայ հայը իրաւունք չունի յուսալքուելու եւ ընկճուելու, եւ ներկայ ուսուցիչները դրուատելով լուսարձակի տակ առաւ ապագայ սերունդներուն համար անոնց լուսատու եւ յուսատու ըլլալը:

Աղուերանի մէջ հաւաքուած մասնակցիները ապա առաջին օրը՝ 16 Օգոստոսի երեկոյեան համախմբուեցան ծանօթացման համար, որուն ընթացքին պաշտօնապէս մեկնարկը տրուեցաւ Համահայկական կրթական 10-րդ խորհրդաժողվին: ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան Սփիւռքի բաժնի պետ Կարէն Մնացականեան նախ խնդրեց ներկաներէն մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել յիշատակը «Սուրմալու»ի առեւտուրի կեդրոնի պայթումի զոհերուն: Այնուհետեւ ան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին, որոնք հաւաքուած էին արծարծելու հայեցի կրթութեան եւ դաստիարակութեան առկայ հիմնախնդիրները Սփիւռքի մէջ, եւ քննարկելու համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները, գնահատելու արդէն առկայ եւ իրականացուող ծրագրերի արդիւնաւէտութիւնը: Հայր Զաքարիա Ծ. Վրդ. Բաղումեանը դարձեալ խօսք առնելով ընդգծեց նորահաս սերուդներուն մտաւոր թէ հոգեւոր կրթութեան կարեւորութիւնը, որպէսզի վանենք տգիտութիւնը: Ան վստահեցուց, որ բոլոր ուսուցիչներն ալ համոզումով կը կատարեն իրենց առաքելութիւնը, որպէսզի իրենց ցանած սերմերը տան իրենց բարի պտուղները, հետեւելով մեր գլխաւոր ուսուցիչին՝ Քրիստոսին:

Խորհրդաժողովի բացման իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Անահիտ Յակոբեան, որ ներկայացուց Արցախի Հանրապետութեան կրթական ներկայիս իրավիճակը, յետպատերազմեան խնդիրները:

Խորհրդաժողովին մէջ որպէս աշխատանքի հիմնական ձեւ` սահմանուած են լիագումար նիստեր եւ բաց քննարկումներ: Համախմբուելով ընդհանուր օրակարգի շուրջ` խորհրդաժողովի մասնակիցները կը ծանօթանան Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարբեր տարածաշրջաններու կրթութեան ոլորտին մէջ առկայ իրավիճակին, կ՛ուրուագծեն համագործակցութեան եզրեր եւ կը յստակացնում հետագայ խնդիրներն ու ընելիքները:

Լիագումար նիստերէն մէկուն ընթացքին զեկոյցով հանդէս եկաւ նաեւ Գալիֆորնիոյ Հայ Քոյրերու Վարժարանի փոխտնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեանը՝ «Ամերիկահայ աշակերտներու ուսուցման առանձնայատկութիւնները եւ խնդիրները» թեմայով: Ան մատնացոյց ըրաւ Սփիւռքի հայ մանկավարժներու հիմնախդիրներէն գլխաւորը, որն է հայերէնի ուսուցումը եւ հայկական արժէքները փոխանցելը, զանոնք հրապուրիչ դարձնելով եւ հեռու պահելով «անգործնական» կամ «յետամնաց» պիտակներու վտանգէն, այն ժամանակ երբ հայ գաղութներուն մէջ հայերէնի օգտագործումը եւ ուսուցումը փոխուած է, քանի որ հայ ընտանիքը գաղթականութեան յաջորդող տարիներու ընտանիքը չէ, օտար ու խառն լեզուներու եւ մշակոյթներու ճնշումը շատ զօրաւոր է: Ան նաեւ մատը դրաւ այլ վէրքի մը վրայ, առ այն որ շրջապատին եւ ծնողներուն համար անմիջական հետաքրքրութեան առարկայ չէ հայերէնը, ծնողները իրենց զաւակներուն համար կեանքի մէջ յաջողելու ակնկալութիւն ունին, հետեւաբար, առաջին հերթին կը զոհեն հայերէնը:

Տիկ. Պոյաճեան ըսաւ, որ «կէս դար առաջ հայերէնը կենդանի լեզուի բոլոր յատկանիշները մասամբ պահած էր սփիւռքի մէջ: Այդ յատկանիշները աստիճանաբար նուազեցան, շրջապատի լեզուները սկսան արագօրէն ողողել առօրեան: Հայերէն խօսելու համար հայ խօսակից պէտք է ունենալ, դրացի, գործակից, ընկեր: Այսինքն հայերէնը` որպէս կենդանի եւ մշակութային լեզու պահելու համար զայն գործածող բնակչութիւն պէտք է: Մերձաւոր Արեւելքի մէջ այս «առաւելութիւնը» տակաւին որոշ չափով կը պահպանուի, սակայն Միացեալ Նահանգներու մէջ, հակառակ որ հայ համայնքը սակաւաթիւ չէ, առօրեայ ու խօսակցական լեզուն շատ յաճախ հայերէնը չէ, դժբախտաբար»: Ան Սփիւռքի մէջ հայերէնի ուսուցման հիմնախնդիրներէն մին համարեց նաեւ, որ ներկայիս Սփիւռքի մէջ հայերէն դասաւանդող ուսուցիչներուն մեծամասնութիւնը մասնագիտական ձեւով պատրաստուած չէ իր ասպարէզին համար, իսկ նոր համալսարանականներու համար հայագիտութիւնը կարծես դարձած է անհրապոյր եւ անբաղձալի մասնագիտութիւն մը: Ան նաեւ անհրաժեշտ համարեց օգտագործել այնպիսի գիրքեր, որոնք դիւրամատչելի ըլլան ամերիկահայ աշակերտին լեզուամտածողութեան եւ հայերէնի իմացութեան մակարդակին: Այլապէս, նշեց Տիկ. Պոյաճեան, անոր բան մը սորվեցնելու փոխարէն, անոր մօտ պիտի ստեղծենք վանողական տրամադրութիւն եւ պիտի ձախողինք հայերէնը սորվեցնելու, սիրցնելու եւ զայն իր կիրառման լեզուն դարձնելու մեր առաքելութեան մէջ:

«Պէտք է ընդունիլ, որ գոյատեւելու համար ե՛ւ հայերէնը, ե՛ւ հայկական արժէքները կենսական են, անոնք միայն յատուկ առիթներու վերապահուած «զարդարանքներ» չեն: Որպէս ազգ գոյատեւելու համար համազգային ռազմավարութեան կարիքը կայ: Հայը հայ մնալու, հայ ապրելու եւ արարելու համար պէտք է ՃԱ-ՆԱ-ՉՈ-ՂՈՒ-ԹԻՒՆ: Այսինքն, ճանչնալ ինքնութիւնը, լեզուն, մշակոյթը, մէկ խօսքով՝ մեր ազգային արժէքները», ըսաւ Հայ Քոյրերու Վարժարանի փոխտնօրէնուհին՝ յաւելելով, որ զարկ պէտք է տալ երկու լեզու սորվելու գաղափարին: «Իրենք զիրենք «գործնապաշտ» համարող մարդիկ հայերէնը պէտք չէ համարեն երկրորդական եւ անօգուտ լեզու: Մանուկը հեշտութեամբ եւ արագօրէն բազմալեզու կրնայ ըլլալ: Հայ ծնողները պէտք է հաւատան եւ վստահ ըլլան, որ հայերէն սորվիլը եւ խօսիլը արգելք չէ անգլերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն կամ այլ «հացի լեզու» սորվելու: Հայերէնի ուսուցումը երկրորդ կամ երրորդ լեզուի շրջանակէն դուրս պէտք է բերել եւ որդեգրել ԵՐԿԼԵԶՈՒ ուսուցման մանկավարժական մեթոտ: Հայ ընտանիքի մը զաւակը եթէ կրնայ անգլերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն կամ այլ լեզուներ սորվիլ, ոչ մէկ պատճառ կայ, որ ան հայերէնն ալ չսորվի: Արգելքը այլ լեզուին/լեզուներուն մեր` ծնողներու եւ յաճախ նաեւ դպրոցներու կողմէ տրուած կարեւորութիւնն է: Ե՛ւ ծնողները, ե՛ւ դպրոցը համահաւասար դեր ունին մայրենի լեզուին արժէք տալու, անոր դերը առաջնային դասելու եւ զայն չնսեմացնելու, համաշխարհային օտար լեզուներու տիրապետելու առաւելութիւնները ընդգծելով: Սփիւռքի մէջ դժբախտաբար տարածուած է այն նուաստացուցիչ խօսքը, որ հայերէնը փոր չի կշտացներ: Դպրոցին տէրերը, վարողները, ընդհանրապէս հայ ներազգային կեանքը առաջնորդողները ինչքանո՞վ պատրաստ են զիջումներու երթալու ընդդէմ «փոր չկշտացնող» հայերէնի կարծրատիպի անտեսման: Մեր առաքելութիւնն է այս կարծրատիպը հիմնովին վերացնել», ըսաւ Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան պատրաստակամութիւն յայտնելով այս թեման արծարծելու, անոր լուծման միջոցները քննարկելու, խորհուրդներ ստանալու մեր գործընկերներէն, այսպիսի նպատակներ քննող կրթական խորհրդաժողովներուն ընթացքին:

Հնգօրեայ խորհրդաժողովին ընթացքին ներկայացուեցան հայկական տարբեր համայնքներու մէջ կրթական հայոց լեզուի, հայոց պատմութեան ու մշակոյթի ուսուցման եւ փոխանցման իրավիճակը, արծարծուեցան գաղափարներ ու միտքեր, հրատարակչատուներ եւ կրթական առցանց հարթակներու տէրեր ներկայացուցին իրենց գիրքերը եւ կրթական ծրագիրները:

Խորհրդաժողովի աւարտին մասնակից ուսուցիչները, կրթական ոլորտի ներկայացուցիչները ողջունեց ԿԳՄՄ նախարարի տեղակալ Արթուր Մարտիրոսեանը: Ան բարձր գնահատեց վերջիններուս ջանքն ու նուիրումը` միտուած Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան գործին. «Այս խորհրդաժողովը այն հարթակն է, որ հնարաւորութիւն կու տայ բարձրաձայնելու Սփիւռքի մէջ կրթական ոլորտի կազմակերպման եւ իրականացման խնդիրներու մասին, կանխորոշելու ԿԳՄՄ նախարարութեան հետ համագործակցութեան ուղիները: Շարունակեցէ՛ք Սփիւռքի մէջ հայ մանուկները կրթելու ձեր նուիրեալ գործը` որպէս մեր ինքնութեան պահպանման մարտիկներ», ըսաւ փոխնախարարը:

Նշենք, որ առաջին անգամ Համահայկական կրթական խորհրդաժողովը տեղի ունեցած է 2004 թուականին:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ