Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

Անյայտ Ծագում Ունեցող Թոքաբորբոքում Արժանթինի Մէջ

Երեք անձ մահացած է Արժանթինի մէջ՝ անյայտ ծագում ունեցող թոքաբորբոքումէ մը, հաղորդած է Medical Xpress-ը՝ վկայակոչելով տեղւոյն առողջապահական մարմիններուն:

Թուքումանի հիւսիսարեւմտեան նահանգին մէջ 9 մարդ վարակուած է առեղծուածային շնչառական հիւանդութեամբ, այդ շարքին՝ ութ բուժաշխատող, որոնցմէ երեքը մահացած են, լրագրողներուն յայտնած է Թուքումանի առողջապահութեան նախարար Լուիս Մետինա Ռուիս:

Իշխանութիւնները քննութիւններ կը կատարեն. անոնք բացառած են COVID-ի եւ «կրիփ»ի A եւ B տեսակները:

Նմուշները ուղարկուած են Պուէնոս Այրըսի Մալպրանի հիմնարկ:

Երրորդ զոհը 70-ամեայ հիւանդ մըն էր, որ ընդունուած էր նոյն դարմանատունը, ուր անձնակազմը վարակուած էր գործողութենէն առաջ։

Մետինա յայտնած է, որ կինը կրնայ ըլլալ «զերոյական հիւանդը, բայց այդ մէկը տակաւին կ՛ուսումնասիրուի»:
Ան նաեւ ըսած է, որ հիւանդները կը տառապէին «ծանր շնչառական հիւանդութեամբ՝ երկկողմանի թոքաբորբոքումով, որ շատ նման է COVID-ին»:

Մասնագէտները նաեւ ստուգած են ջուրը եւ օդափոխիչները՝ պարզելու համար, որ արդեօ՞ք ատոնք թունաւորում կը յառաջացնէին։ Առաջին վեց հիւանդներուն պարագային, ախտանշանները սկսած էին Օգոստոս 18-էն 22ի միջեւ: Վերջին երեք պարագաներէն երկուքը կը բուժուին հիւանդանոցին մէջ, միւսը՝ տնային պայմաններու մէջ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ