Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

Շատ Ջուր Խմելը Օգտակար Է Նիհարնալու Ժամանակ

Սննդաբան Եքաթերինա Յաշճենքօ խօսած է ջուրի օգտագործման օգտակարութեան մասին, երբ կը փորձենք ձերբազատուիլ աւելորդ կշիռքէն։

Մասնագէտին խօսքով՝ առանց ջուր խմելու «ռեժիմ»ի եւ «պալանս»ի պահպանման, իմաստ չունի խօսիլ լաւ ինքնազգացողութեան եւ «աքթիվ» երկարակեցութեան մասին։ Բայց, կը բացայայտուի, որ ջուրի օգնութեամբ կարելի է նաեւ նիհարնալ։

«Ջուրը կ՛աւելցնէ քալորիներու վատնումը։ Բաւարար է խմել 500 մ.լիթր սովորական մաքուր ջուր (մօտաւորապէս երկու գաւաթ), եւ արդէն 10 վայրկեան ետք, «մեթապոլիզմ»ի արագութիւնը կ՛աւելնայ 30 առ հարիւրով, իսկ «էֆեքթ»ը կ՛երկարի մէկ ժամէն ոչ պակաս»,- նշած է փորձագէտը։

Եթէ օրուան ընթացքին, պարզապէս առնուազն երկու լիթր ջուր խմենք, այդ մէկը համազօր է մօտաւորապէս 100 քիլոքալորի վատնելուն։ Առանց ֆիզիքական ծանրաբեռնուածութեան։ Պարզապէս ի հաշիւ ջուրի օգտագործման։

100 քիլոքալորի վատնում կարելի է ստանալ, լողաւազանին մէջ 30 վայրկեանի ընթացքին, հանգիստ լողալով կամ, օրինակ, ոտքով զբօսնելով։

Նիհարնալու պարագային, մասնագէտը յանձնարարած է նախապատւութիւնը տալ պաղ ջուրին, այդ ձեւով քալորիները աւելի կը վատնուին։ Բացատրութիւնը բաւական պարզ է եւ հասկնալի. օրկանիզմը կը վատնէ լրացուցիչ «էներճի» ջուրը «տաքցնելու» համար եւ այդ ձեւով կը վատնէ աւելորդ քալորիները։

Ջուրի օգտագործման մէկ առաւելութիւն եւս. եթէ ծարաւը կը յագեցնենք ջուրով, կը նշանակէ, որ չենք բաւարարեր զայն ուրիշ՝ աւելի քալորի պարունակող խմելիքներով (քաղցր կազաւորուած ըմպելիքով, հիւթով եւ այլն)։ Այսինքն՝ օգտագործուած քալորիներու ընդհանուր քանակը մէկ օրուան մէջ աւելի քիչ կ՛ըլլայ։ Կշիռքը նուազեցնելու համար այս մէկը կարեւոր է։

Բացի ատկէ, ջուրը կրնայ զսպել ախորժակը։ Նկատի ունենանք հետեւեալը. կը փափաքինք ուտել՝ սկիզբը ջուր խմենք, ետքը սեղան նստինք։ Այդպէս մենք, անկասկած, աւելի քիչ կ՛ուտենք։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ