Չորեքշաբթի 14 Սեպտեմբեր 2002-ի երեկոյեան ժամը 7.00-ին, ՀԲԸՄ-ի Վեթերաններու վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ բանախօսական երեկոյ մը, նուիրուած՝ Լիբանանի եւ ի մասնաւորին՝ Միջին Արեւելքի քաղաքական կացութեան վերաբերեալ:
Օրուան բանախօսն էր միջազգային քաղաքագիտական հարցերու մասնագէտ, իրաւաբան պրն. Ռուբէն Աւշարեան:
Հակառակ անոր որ միջոցառումը տեղի կ՝ունենար շաբաթամիջին, հետաքրքիր ստուարաթիւ հասարակութիւն մը ներկայ էր բանախօսութեան, որովհետեւ ներկաներու մեծամասնութիւնը նախկին բնակիչներ եղած էին Միջին Արեւելքի երկիրներուն եւ տակաւին ունէին ընտանեկան կան դրացիական կապեր այդ երկիրներու բնակիչներուն հետ:
Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանի Աղաճանեան սրահին մէջ, որուն համար վարչութիւնը խորին շնորհակալութիւն յայտնեց տնօրինութեան:
Բանախօսը անդրադառնալով այդ երկիրներու պատմականին, 1900-ական թուականներէն սկսեալ, նշեց համաշխարհային տագնապ ստեղծող, նորագիւտ «քարիւղի»ն պատճառած վնասները, երկիրներու անյայտ թէ ակնյայտ պատերազմները քարիւղին պատճառով եւ այդ բոլորը՝ քարիւղին տիրանալու տենչին հետեւանքներով:
Աւշարեան նշեց միջինարեւելեան մեծամասն երկիրներու քարիւղի պաշարներու գիւտը, անոնց վերահանումին, խողովակաշարերու միջոցաւ ուղարկման եւ օգտագործման համար տարուած աշխատանքները, այն մրցակցութիւնները որոնք տեղի կ՝ունենային աշխատանքային այդ երեք մարզերու տիրակալութեան համար, որոնք չէին խնայեր ո՛չ ազգ, ո՛չ երկիր, ո՛չ ժողովուրդ: Այդ խնդրոյ առարկայ երկիրներուն միակ նպատակն էր իրենց անհատական շահը ու միակ շահը՝ զայն ապահովելն էր:
Պրն. Աւշարեան պարզեց Սուրիոյ, Լիբանանի, Յորդանանի, Պաղեստինի, Իրաքի, Պարսկաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ պատահած յեղափոխութիւններուն հեռաւոր թէ անմիջական նպատակները, որոնք հակառակ անոր որ քօղարկուած էին մերթ կրօնական, մերթ ցեղային եւ մերթ ազգային շղարշին ներքեւ, սակայն այդ բոլորը՝ կը հետապնդէին «քարիւղի» տիրակալութեան տենչը, առանց նկատի առնելու որեւէ այլ հետեւանք: Իսկ այդ բոլորը՝ «կը պատահէին» կամ կը գործադրուէին արեւմտեան երկիրներու գործակցութեամբ կամ մրցակցութեամբ:
Մինչեւ այսօր, տակաւին կը շարունակուի նոյն պայքարը աւելի շեշտուած առաքելութեամբ, երկիրներու դէմ յանդիման դաւադրական հազար ու մէկ միջոցներով, զիրար ոչնչացնելու կամ տիրապետելու նպատակներով, որոնց օրինակը այսօր կը տեսնենք Սուրիոյ, Ուքրանիոյ, Իրաքի, Աֆղանիստանի եւ այլ երկիրներու մէջ:
Պրն. Աւշարեան աւարտեց բանախօսութիւնը, որուն յաջորդեց հարց պատասխանի առիթ, ուր ներկաները ներկայացուցին զիրենք մտահոգած հարցերը:
ՀԲԸՄ-ի Վեթերաններու վարչութիւնը խորին շնորհակալութիւն կը յայտնէ Վարժարանի տնօրինութեան իրենց հիւրընկալութեան, իրաւաբան պրն. Ռուբէն Աւշարեանին՝ իր շինիչ եւ գիտական բանախօսութեան ներկայացման եւ մասնաւորապէս բոլոր ներկաներուն, որոնցմէ շատերը Լոս Անճելըսի երեկոյեան երթեւեկի տաղտուկը տանելով ներկայ գտնուած էին հանդիսութեան:
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ հիւրասիրութեամբ, ուր ներկաները աւելի մտերմիկ մթնոլորտի մէջ շարունակեցին իրենց զրոյցները, որոնցմէ զրկուած էին անցեալի երկու տարիներու պարտադիր արգելափակումին հետեւանքով: