Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024

Շաբաթաթերթ

«ՆՈՐ ՕՐ»ի 100-ամեակի Առնչութեամբ

Յարգելի հայրենակիցներ, Վարչութիւնս յարմար նկատեց սոյն յայտարարութիւնը կատարել «ՆՈՐ ՕՐ»Ի 100-ամեակի առնչութեամբ եւ տալ լուսաբանութիւն։

2 Հոկտեմբերի համար նախատեսնուած ճաշկերոյթ-հաւաքը տօնակատարութիւն մը չէ, այլ նուիրուած է մեր մէկ դարեայ թերթին պանծացումին եւ գնահատման։ Այս առթիւ մեր նպատակն է նշել ՆՈՐ ՕՐ-ի կարեւորութիւնը առհասարակ հայ մամուլէն ներս։ Անցնող տասնամեակներուն մեր թերթը մնաց միշտ պատնէշի վրայ եւ կատարեց իր հայրենասիրական դերը Ամերիկահայ գաղութէն ներս, յատկապէս Արեւմտեան ափին։

Դժբախտաբար մեր հայրենիքի համար խիստ ճակատագրական օրերուն զուգադիպեցաւ այս ձեռնարկը, որ խրախճանք մը պիտի չըլլայ, այլ հայ թերթի մը յաղթական անցեալի գնահատումը։

Մեր Հայրենիքին եւ Հայրենի ժողովուրդին կը մաղթենք համբերութեամբ դիմագրաւել այս արհաւրալից օրերը եւ մաղթել որ շուտով մութ ամպերը հեռանան մեր երկնակամարին վրայէն։

ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւն
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ