Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024

Շաբաթաթերթ

Վանքուվըրի ԹՄՄ-ի Տարեկան Հաճելի Դաշտահանդէսը

Վանքուվըր

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Սփիւռքի հայապահպանման գործին մէջ, մեծ դեր կատարած են եւ կը շարունակեն կատարել սփիւռքի մէջ գործող հայկական եկեղեցիները, դպրոցները եւ մշակութային ու հասարակական միութիւնները։

Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը եղած է սփիւռքի մէջ հայուն հայօրէն ապրելու հոգեկան սնունդ հայթայթող պատուաբեր միութիւն մը։

Վերջին երկու – երեք տարիներու աշխարհի մեր բոլոր միութեանց եւ կազմակերպութիւններուն նման, Թէքէեան Մշակ. Միութիւնը դադրած էր ձեռնարկներ կազմակերպելէ։

Վերջերս, Վանքուվըրի հայ գաղութի նահապետ՝ Տիար Ճամիլ Քեվրանեան իր ընտանիքի անդամներուն եւ ծանօթներուն շնորհիւ վերակազմակերպուեցաւ այս Միութիւնը եւ Տիար Ճամիլ Քեվրանեանի առատ նուիրատուութեամբ կազմակերպուեցաւ այդ դաշտահանդէսը։

Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Օգոստոս 28, 2022-ին Վանքուվըրի John Lanson մեծանուն Park-ին մէջ։

Այդ օր մօտ 100 հայրենակիցներ անսահման ուրախութեամբ ներկայ էին այդ դաշտահանդէսին։ Բոլորն ալ նոյն ընտանիքի պատկանող, բայց շատոնց զիրար տեսնելու կարօտը ունէին։

Ձեռնարկը իր օրհնաբեր ներկայութեամբ կը պատուէր Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ սիրուած եւ յարգուած հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տէր Գեղարդ Ս.Ք. Կարապետեանը, որ սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ համաճարակի վնասները մասամբ մեղմացած ըլլալով, գաղութը սկսած էր բնականոն կեանքին դառնալ նման ձեռնարկներ կազմակերպելով։

Թէքէեան Մշակ. Միութեան վարչականները գլխաւորութեամբ Տիկ. Մելինէ Քեվրանեան Գալփաքեանի ոչ մէկ ճիգ խնայած էին, որ ձեռնարկը անթերի ըլլայ եւ ներկաներուն հաճելի օր մը պարգեւեն։

Այդ օր հինգ տեսակ խորոված սպասարկուեցաւ, իրենց բոլոր ախորժաբեր կերակրատեսակներով (փիլաւ, սալատ, հումուս եւայլն)։

Ապա սկսաւ խրախճանքի մասը, ուր երիտասարդներ, փոքրիկներ կամ տարեցներ բոլորն ալ հայկական պարեղանակներու եւ երգերու վրայ երկար ժամեր պարելով, անմոռանալի պահեր ապրեցան։

Վիեննայէն պարոն մը ձեռնադաշնակի (Accordion)ի վրայ կտորներ նուագեց, խորապէս գոհ ձգելով ներկաները, իսկ ծանօթ կիթարիստ Աշոտ Ստեփանեան եւս հայկական գեղեցիկ նուագներով մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց։

Տեղի ունեցաւ նարտիի եւ պլոթի մրցումներ, իսկ փոքրիկներուն ալ զանազան խաղեր կազմակերպուած էին։

Բոլոր ներկաները մեկնեցան սոյն փարքէն, կրկին անգամ տեսնուելու նման անմոռանալի ձեռնարկի մը մէջ։

Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Վանքուվըրի Թէքէեան Մշակութային Միութեան բոլոր վարչականները, բոլորին ըսելով Ձեր վարձքը կատար։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ